Եսթերի գիրք
1
Վաշթի թագուհին թագաւորը կը գրգռէ
1Ու եղաւ որ Ասուերոսի օրերը, (այսինքն այն Ասուերոսի, որ Հնդկաստանէ մինչև Եթէովպիա հարիւր քսանըեօթը գաւառի վրայ թագաւորութիւն կ՚ընէր,) 2Այն օրերը երբ Ասուերոս թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ իր թագաւորութեան աթոռին վրայ կը նստէր, 3Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն կոչունք ըրաւ. և Պարսից ու Մարաց մեծերը, նախարարները ու գաւառաց իշխանները անոր առջև էին: 4Այն ատեն շատ օրեր, այսինքն հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնը ու իր մեծութեան պատուական շքեղութիւնը ցուցուց: 5Ու երբ այն օրերը լմնցան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդին, մեծէն մինչև պզտիկին, թագաւորական պալատին պարտէզին գաւիթին մէջ եօթը օր կոչունք ըրաւ: 6Ճերմակ բեհեզէ, կերպասէ ու կապուտակէ վարագոյրներ բարակ քթանէ և ծիրանեգոյնէ չուաններով ու արծաթէ օղակներով, մարմարիոն սիւներէ վար կախուած էին, և պորփիւրէ, ճերմակ մարմարիոնէ, աղաբաստրէ ու սև մարմարիոնէ յատակի վրայ ոսկիէ ու արծաթէ նստարաններ շարուած էին: 7Եւ խմելիքները ոսկիէ ամաններով ու տեսակ տեսակ ամաններով կու տային, ու թագաւորական գինին առատ էր, ինչպէս թագաւորին կը վայլէր*: 8Ու խմելիքը կանոնաւոր էր, բռնադատող չկար. վասն զի թագաւորը այսպէս հրամայեր էր իր տանը բոլոր վերակացուներուն, որ ամէն մէկուն ուզածին պէս ընեն: 9Եւ Վաշթի թագուհին ալ Ասուերոս թագաւորին պալատին մէջ կիներուն կոչունք ըրաւ: 10Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացեր էր, իր առջև ծառայութիւն ընող եօթը ներքինիներուն, Մէհումանի, Բիզթայի, Արբոնայի, Բիգթայի, Աբագթայի, Զեթարի ու Քարքասի ըսաւ, 11Որ Վաշթի թագուհին իր արքայական թագովը թագաւորին առջև բերեն, որպէս զի ժողովուրդները ու իշխանները անոր գեղեցկութիւնը տեսնեն. վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր: 12Բայց Վաշթի թագուհին ներքինիներուն ձեռքով եղած թագաւորին հրամանին համեմատ երթալ չուզեց, ու թագաւորը խիստ սրդողեցաւ ու իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ: 13Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ, (վասն զի թագաւորը ամէն օրէնք ու իրաւունք գիտցողներուն այսպէս խորհուրդ կը հարցնէր. 14Եւ Պարսից ու Մարաց եօթը իշխանները, Կարսենա, Սեթար, Ադմաթա, Թարսիս, Մերէս, Մարսենա ու Մեմուքան, որոնք անոր մօտ էին, ու թագաւորին երեսը կը տեսնէին, թագաւորութեան առաջին խորհրդականներն էին.) 15Օրէնքին համեմատ ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին. որովհետև Ասուերոս թագաւորին` ներքինիներուն ձեռքով ղրկած հրամանը չկատարեց: 16Այն ատեն Մեմուքան` թագաւորին ու իշխաններուն առջև ըսաւ, Վաշթի թագուհին ոչ միայն թագաւորին դէմ, հապա բոլոր իշխաններուն դէմ, ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ յանցանք ըրաւ. 17Վասն զի թագուհիին ըրածը բոլոր կիներուն մէջ տարածուելով, անոնք իրենց այրերը պիտի անարգեն, ըսելով թէ Ասուերոս թագաւորը հրամայեց որ Վաշթի թագուհին իր առջև բերեն, բայց անիկա չեկաւ: 18Եւ այսօր թագուհիին ըրածը լսող Պարսից ու Մարաց տիկինները թագաւորին բոլոր իշխաններուն այսպէս պիտի խօսին. ու խիստ շատ անարգանք ու հակառակութիւն պիտի ըլլայ: 19i>Արդ եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երևնայ, իր կողմանէ հրովարտակ տարածուի, և Պարսից ու Մարաց օրէնքներուն մէջ գրուի` որպէս զի ետ չդառնայ, որ Վաշթի մէյմըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջև չգայ, ու թագաւորը անոր տիկնութիւնը անկէ աղէկ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ: 20Ու երբ թագաւորին ըրած հրամանը լսուի իր բոլոր թագաւորութեան մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները, մեծէն մինչև պզտիկը իրենց այրերը պիտի պատուեն: 21Եւ այս խօսքը թագաւորին ու իշխաններուն հաճոյ երևցաւ, ու թագաւորը Մեմուքանի ըսածին պէս ըրաւ: 22Եւ թագաւորին բոլոր գաւառներուն, ամէն մէկ գաւառին իր գրովը, ու ամէն մէկ ժողովուրդին իր լեզուովը նամակներ ղրկեց, որ ամէն մարդ իր տանը մէջ տէր ըլլայ, ու իր ժողովուրդին լեզուովը խօսի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981