Եսթերի գիրք
2
Եսթեր թագուհի կ’ըլլայ
1Այս բաներէն ետքը, երբ Ասուերոս թագաւորին բարկութիւնը իջաւ,Վաշթին ու անոր ըրածը ու անոր դէմ եղած վճիռը յիշեց: 2Եւ թագաւորին ծառայութիւն ընող սպասաւորները ըսին, Թագաւորին համար գեղեցիկ կոյս աղջիկներ փնտռեն. 3Ու թագաւորը իր թագաւորութեանը բոլոր գաւառներուն մէջ վերակացուներ դնէ, որպէս զի ամէն գեղեցիկ կոյս աղջիկը ընտրեն, ու Շուշան մայրաքաղաքը, կանանց տունը, թագաւորին ներքինիին, կիներու պահապան եղող Հեգէի, ձեռքին տակ ժողվեն, ու անոնց մաքրութեանը համար պէտք եղած բաները տրուին: 4Եւ թագաւորին աչքին հաճոյ երևցած աղջիկը Վաշթիի տեղ թագուհի ըլլայ: Ու այս խօսքը թագաւորին առջև հաճելի եղաւ, ու այնպէս ըրաւ: 5Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր, ու Բենիամինեան Կիսի որդւոյն Սեմէիի որդւոյն Յայիրի որդին էր: 6Ասիկա Երուսաղէմէ գերի տարուած էր այն գերիներուն հետ որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գերի տարած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ տարուեցան: 7Եւ անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը սնուցանէր, վասն զի անիկա հայր ու մայր չունէր. ու այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր, և անոր հօրը ու մօրը մեռնելէն ետքը` Մուրթքէ զանիկա իբրև աղջիկ առեր էր իրեն: 8Ու երբ թագաւորին հրամանը ու հրովարտակը լսուեցաւ, և Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հեգէի ձեռքին տակ շատ աղջիկներ ժողվուեցան, Եսթեր ալ թագաւորին պալատը, կիներու պահապան եղող Հեգէի պահպանութեանը, յանձնուեցաւ: 9Եւ աղջիկը անոր հաճելի եղաւ ու անոր առջև շնորհք գտաւ, և շուտով անոր մաքրութեան համար պէտք եղած բաները ու անոր ռոճիկը, ու թագաւորին պալատէն անոր տրուելու համար պատրաստուած եօթը աղախինները տուաւ անոր, և զանիկա իր աղախիններուն հետ կանանց տանը ամէնէն աղէկ տեղը փոխադրեց: 10Եսթեր իր ազգը ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր որ չյայտնէ: 11Եւ Մուրթքէ ամէն օր կանանց տանը գաւիթին առջև կը պտըտէր, որպէս զի Եսթերի առողջութիւնը ու անոր ինչ ըլլալիքը իմանայ: 12Ու երբ ամէն մէկ աղջկան կարգը կու գար Ասուերոս թագաւորին քով երթալու` կանանց սովորութեանը պէս տասուերկու ամիսը լմննալէն ետքը, (որովհետև անոնց մաքրութեան օրերը այս կերպով, այսինքն վեց ամիս զմուռսի իւղով, ու վեց ամիս անուշահոտ խունկերով, ու կիներու մաքրութեանը վերաբերեալ բաներովը կը լմննար,) 13Այն ատեն աղջիկը թագաւորին քով այսպէս կու գար. անիկա ինչ որ ուզէր` անոր կը տրուէր, որպէս զի իրեն հետ կանանց տունէն թագաւորին պալատը երթայ: 14Անիկա իրիկունը կ’երթար, ու առաւօտուն կանանց միւս տունը, հարճերուն պահապանը եղող թագաւորին ներքինիին Սաասգազի ձեռքին տակ կը դառնար. անիկա մէյմըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն` եթէ թագաւորը անոր հաւնէր, ու անիկա անունով կանչուէր: 15Եւ թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէի հօրեղբօրը Աբիքէլի աղջկանը Եսթերի գալով, (զոր Մուրթքէ իրեն աղջիկ ըրեր էր,) անիկա կիներու պահապանը եղող թագաւորին Հեգէ ներքինիին ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց. ու Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջև շնորհք գտաւ. 16Ու Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով անոր թագաւորական պալատը առնուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն Թէբէթ ամսուն մէջ, անոր թագաւորութեանը եօթներորդ տարին: 17Եւ թագաւորը Եսթերը ամէն կիներէն աւելի սիրեց, ու անիկա անոր առջև ամէն աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ. և թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ, ու զանիկա Վաշթիի տեղ թագուհի ըրաւ: 18Եւ թագաւորը իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն մեծ կոչունք ըրաւ, այսինքն Եսթերի կոչունք. ու գաւառներուն հանգստութիւն շնորհեց, և թագաւորի վայելուչ պարգևներ տուաւ:
Մուրթքէ թագաւորին կեանքը կը փրկէ
19Ու երբ երկրորդ անգամ աղջիկներ ժողվեցին, Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր: 20Եսթեր իր ծնունդը ու իր ազգը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր. վասն զի Եսթեր Մուրթքէի ըսածը կ’ընէր` անոր քով մեծցած ատենին պէս: 21Այն օրերը երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, դրան պահապաններէն Բիդթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, սրդողելով, Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել խորհեցան: 22Եւ Մուրթքէ այս բանը իմանալով` Եսթեր թագուհիին յայտնեց. ու Եսթեր Մուրթքէի անունովը թագաւորին պատմեց: 23Եւ այս բանը քննուելով ճշմարիտ գտնուեցաւ. ու անոնց երկուքն ալ ծառի վրայ կախուեցան. ու թագաւորին առջև ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուեցաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981