Եսթերի գիրք

3

Համան հրեաները ջնջել կը ծրագրէ

1Եւ այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց, ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ: 2Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկըրպագութիւն կ’ընէին Համանի. վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըրաւ: 3Եւ թագաւորին դուռը եղող` թագաւորին ծառաները Մուրթքէի ըսին, Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես: 4Ու անոնք ամէն օր անոր կը զրուցէին. ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանի իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ Մուրթքէի բանը ո՛ւր պիտի կայանայ*. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց զրուցեր էր: 5Ու երբ Համան տեսաւ որ Մուրթքէ իրեն ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըներ, Համան խիստ բարկացաւ: 6Ու միայն Մուրթքէի ձեռք զարնելը անոր աչքին ցած բան մը երևցաւ. և որովհետև Մուրթքէի ազգը անոր իմացուցեր էին, Համան Մուրթքէի ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ: 7Առաջին ամսուն, այսինքն Նիսան ամսուն, մէջ Ասուերոս թագաւորին երկոտասաներորդ տարին մինչև երկոտասաներորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամսէ ամիս Համանի առջև Փուր, այսինքն վիճակ, ձգեցին: 8Եւ Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ, Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ` ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ. ու անոնց օրէնքները ամէն ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, ու թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չվայլեր որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ: 9Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երևնայ, հրաման տրուի* որ զանոնք կորսնցնեն, ու ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ: 10Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց, ու զանիկա Հրէից թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդւոյն Համանի, տուաւ: 11Եւ թագաւորը Համանի ըսաւ, Այն արծաթը քեզի կու տամ, ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երևցածը ընես անոնց: 12Եւ առաջին ամսուն երեքտասաներորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան, ու թագաւորին նախարարներուն, ու ամէն գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն, և ամէն գաւառին ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը, ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանի բոլոր հրամայածին պէս գրուեցաւ. Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ, ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ: 13Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին ամէն գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որ մէկ օրուան մէջ, երկոտասաներորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, երեքտասաներորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչև ծերերը, նաև տղաքները ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն. և անոնց ունեցածը իբրև աւար յափշտակեն: 14Ու հրովարտակին պատուէրը այս էր` որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի, ու ամէն ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին: 15Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով` ճամբայ ելան, ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ. և թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981