Եսթերի գիրք
6
Թագաւորը Մուրթքէն կը պատուէ
1Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ, ու հրամայեց որ դիպուածները պատմող յիշատակաց գիրքը բերեն. ու թագաւորին առջև կարդացուեցաւ: 2Ու գրուած գտնուեցաւ որ Մուրթքէ` դրանը պահպանութիւն ընող` թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիզթանի ու Թարէսի, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին: 3Եւ թագաւորը ըսաւ, Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէի. ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին, Անոր բան մը չեղաւ: 4Եւ թագաւորը ըսաւ, Գաւիթը ո՞վ կայ. (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ զոր ինք անոր համար պատրաստեր էր.) 5Եւ թագաւորին պատանիները անոր ըսին, Ահա Համան գաւիթը կը սպասէ. ու թագաւորը ըսաւ, Թող ներս գայ: 6Ու երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ, Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որու թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ: Եւ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ, Թագաւորը ինծմէ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ: 7Ու Համան ըսաւ թագաւորին, Այն մարդուն համար` որու թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ, 8Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստը, ու թագաւորին հեծած ձին, ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը բերեն. 9Եւ զգեստը ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը տրուի. ու հագցնեն այն մարդուն` որու թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ. ու ձիուն վրայ հեծցընեն և քաղաքին փողոցին մէջէն անցնէն, ու առջևէն կանչեն ու ըսէն, Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որու թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ: 10Այն ատեն թագաւորը Համանի ըսաւ, Շուտով ըսածիդ պէս զգեստը ու ձին առ, ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէի այնպէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ: 11Եւ Համան զգեստը ու ձին առաւ, ու զգեստը Մուրթքէի հագցնելով` զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց, և քաղաքին փողոցէն անցուց, ու առջևէն կը կանչէր, Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որու թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ: 12Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած` շուտով իր տունը քաշուեցաւ: 13Եւ Համան իր կնոջ Զերէսի ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլուխը եկած էր. և անոր իմաստունները ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին, Եթէ Մուրթքէ (որուն առջև դուն իյնալու սկսար) Հրէից ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջև անշուշտ պիտի իյնաս, 14Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերի պատրաստած կոչունքին տանին:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981