Եսթերի գիրք
8
Հրովարտակը կը խափանուի
1Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրէից թշնամիին Համանի տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց. ու Մուրթքէ թագաւորին առջև եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր: 2Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, զոր Համանէ հաներ էր, ու զանիկա Մուրթքէի տուաւ, ու Եսթեր Համանի տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն: 3Ու Եսթեր նորէն թագաւորին առջև խօսեցաւ, ու անոր ոտքերը ինկաւ, և լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանի չարութիւնը ու Հրէից դէմ անոր հնարած հնարքը խափանէ: 4Եւ թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերի երկնցուց. ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջև կայնեցաւ, 5Ու ըսաւ, Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երևնայ, ու ես քու առջևդ շնորհք գտայ, ու եթէ այս բանը թագաւորին առջև ուղիղ կ’երևնայ, ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթայի որդւոյն Համանի հնարքը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին: 6Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել: 7Եւ Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէի ըսաւ, Ահա Համանի տունը Եսթերի պարգևեցի. ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին` Հրէից վրայ ձեռք երկնցնելուն համար: 8Եւ դուք Հրէից համար ձեզի հաճոյ երևցածը թագաւորին անունովը գրեցէք, ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չխափանուիր: 9Եւ այն ատեն երրորդ ամսուն, այսինքն Սիվան ամսուն, քսանուիրեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան, ու Հրեաներուն, ու Հնդկաստանէ մինչև Եթէովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն և կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը, ու ամէն ազգին իր լեզուովը, ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ` Մուրթքէի բոլոր հրամայածին պէս: 10Եւ Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց, և ձիերու, նժոյգներու, ու մատակ ձիերու քուռակ ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց, 11Որոնցմով թագաւորը ամէն քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ ժողվուին, ու իրենց կեանքը պաշտպանեն, և իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքները ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն, և անոնց ունեցածը յափշտակեն: 12Մէկ օրուան մէջ` Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, երկոտասաներորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, երեքտասաներորդ օրը: 13Հրովարտակին պատուէրը այս էր` որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի, ու ամէն ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան: 14Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան, ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով` արտորացին ճամբայ ելլելու. ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հրատարակուեցաւ: 15Եւ Մուրթքէ ելաւ թագաւորին առջևէն` կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով և ոսկիէ մեծ թագով, ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով. և Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ: 16Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան: 17Եւ ամէն գաւառներուն մէջ ու ամէն քաղաքներու մէջ` ուր թագաւորին հրամանը ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան, և կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին, ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981