Եսթերի գիրք
9
Հրեաները իրենց թշնամիները կը ջարդեն
1Ու երկոտասաներորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, երեքտասաներորդ օրը թագաւորին խօսքին ու հրամանին կատարուելու ժամանակը հասնելով` այն օրը որ Հրէից թշնամիները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, ներհակը պատահեցաւ. վասն զի Հրեաները իրենց թշնամիներուն վրայ տիրեցին: 2Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ ժողվուեցան, որպէս զի իրենց չարիք ուզողներուն վրայ ձեռք երկնցնեն. ու ամենևին մէկը չկրցաւ անոնց դէմ կենալ, վասն զի անոնց վախը ամէն ժողովուրդներուն վրայ ինկեր էր: 3Եւ գաւառներուն բոլոր իշխանները ու նախարարները և կուսակալները ու թագաւորին գործակալները Հրեաներուն ձեռնտու էին. վասն զի անոնց վրայ Մուրթքէի վախը ինկեր էր: 4Քանզի Մուրթքէ թագաւորին պալատին մէջ մեծ էր, ու անոր համբաւը բոլոր գաւառները տարածուեր էր. վասն զի Մուրթքէ երթալով կը մեծնար: 5Եւ Հրեաները իրենց բոլոր թշնամիները սրով մեռցուցին, ու խիստ մեծ կոտորած ըրին, ու զիրենք ատողներուն իրենց ուզածին պէս ըրին: 6Եւ Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցնելով կորսնցուցին. 7Նաև Փարսանդաթան, Դաղփոնը, Ասփաթան, 8Փորաթան, Ադալիան, Արիդաթան, 9Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեղաթան, 10Հրէից թշնամիին, Ամադաթայի որդւոյն Համանի, տասը տղաքները, մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին: 11Այն օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն հաշիւը թագաւորին առջև եկաւ: 12Եւ թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ, Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ, ու Համանի տասը տղաքը մեռցնելով կորսնցուցին. թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՛ր ըրած պիտի ըլլան. հիմա ի՞նչ է խնդիրքդ. պիտի տրուի քեզի. ալ ի՞նչ աղաչանք ունիս. պիտի կատարուի: 13Ու Եսթեր ըսաւ, Եթէ թագաւորը կը հաճի, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն հրաման տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համեմատ ընեն, ու Համանի տասը տղաքը փայտի վրայ կախուին: 14Եւ թագաւորը ըսաւ որ այնպէս ըլլայ. ու Շուշանի մէջ հրամանը հրատարակուեցաւ, ու Համանի տասը տղաքը կախուեցան: 15Եւ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուն չորեքտասաներորդ օրն ալ ժողվուեցան, ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին: 16Եւ թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաները ժողվուեցան, ու իրենց կեանքը պաշտպանեցին, և իրենց թշնամիներէն հանգստացան, ու զիրենք ատողներէն եօթանասունըհինգ հազար մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին: 17Ասիկա Ադար ամսուն երեքտասաներորդ օրը եղաւ, և անոր չորեքտասաներորդ օրը հանգստացան, ու զանիկա կոչունքի և ուրախութեան օր ըրին: 18Իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այն ամսուն երեքտասաներորդ օրը ու չորեքտասաներորդ օրը ժողվուեցան. ու անոր տասնըհինգերորդ օրը հանգըստացան, և զանիկա կոչունքի և ուրախութեան օր ըրին: 19Այս պատճառաւ գեղացի Հրեաները, անպարիսպ գիւղաքաղաքներու մէջ բնակողները, Ադար ամսուն չորեքտասաներորդ օրը ուրախութեան, կոչունքի ու տօնախմբութեան օր կ’ընեն, ու այն օրը ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ կը ղրկէ: 20Եւ Մուրթքէ այս բաները գրեց, ու Ասուերոս թագաւորին ամէն գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց: 21Պատուիրելով անոնց` որ ամէն տարի Ադար ամսուն չորեքտասաներորդ օրը ու անոր հնգետասաներորդ օրը տօն կատարեն, 22(Այն օրերուն համեմատ որ Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան, և այն ամսուն համեմատ որ անոնց տրտմութիւնը ուրախութեան` ու անոնց սուգը բարի օրուան դարձաւ,) զանոնք կոչունքի և ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ, ու աղքատներուն պարգևներ ղրկեն: 23Եւ Հրեաները խօսք տուին որ իրենց սկսածին պէս` ու Մուրթքէի իրենց գրածին պէս ընեն: 24Վասն զի բոլոր Հրեաներուն թշնամին Ագագացի Ամադաթայի որդին Համան Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ, ու զանոնք բնաջինջ ընելու և կորսնցնելու համար Փուր, այսինքն վիճակ, ձգեց: 25Բայց երբ Եսթեր թագաւորին առջև գնաց, թագաւորը հրովարտակով հրամայեց` որ Հրէից դէմ Համանի ըրած չար հնարքը անոր գլուխը դառնայ, և զանիկա ու անոր տղաքը փայտի վրայ կախեն: 26Ասոր համար այս օրերը Փուր անունէն Փուրիմ ըսուեցան. և այս պատճառաւ այս թուղթին խօսքերուն համար, ու անոնց տեսած ու անոնց պատահած բաներուն համար, 27Հրեաները որոշեցին, ու իրենց և իրենց սերունդին ու բոլոր իրենց հետ միացողներուն կանոն դրին, որ ամէն տարի այն երկու օրը, իրենց գրուածին ու ատենին համեմատ, անպատճառ տօն պահեն. 28Եւ այս օրերը ամէն դարերու մէջ, ամէն ազգատոհմի մէջ, ամէն գաւառի մէջ ու ամէն քաղաքի մէջ յիշուին ու պահուին. և այս Փուրիմի օրերը Հրէից մէջէն պակաս չըլլան, ու անոնց յիշատակը իրենց սերունդէն չվերնայ:
Փուրիմին տօնը
29Եւ Աբիքէլի աղջիկը Եսթեր թագուհին ու Հրեայ Մուրթքէ Փուրիմը հաստատելու համար այս երկրորդ նամակը կատարեալ իշխանութեամբ գրեցին. 30Եւ Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն` խաղաղութեան ու հաւատարմութեան խօսքերով թուղթեր ղրկեցին, 31Որ այս Փուրիմի օրերը իրենց որոշ ժամանակին մէջ հաստատեն, ինչպէս Մուրթքէ Հրեան ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին, ու ինչպէս Հրեաները իրենց համար ու իրենց սերունդին համար ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ բաները հաստատեցին: 32Այսպէս Եսթերի հրամանը այս Փուրիմին պահպանութիւնը հաստատեց, ու գիրքի մէջ գրուեցաւ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981