Ելից

10

Մարախներ

1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Մտիր Փարաւոնի. վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց մէջ. 2Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդւոյդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացւոց մէջ, և իմ նշաններս զորոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 3Եւ ու մտան Փարաւոնի, ու ըսին անոր, Եբրայեցւոց Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Մինչև ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ իմ ժողովուրդս որպէս զի զիս պաշտեն: 4Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ. 5Ու երկրի երեսը պիտի ծածկեն, և մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը. ու կարկուտէն ազատուած ձեզի մնացածը պիտի ուտեն, և արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն. 6Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները և ամէն Եգիպտացւոց տուները պիտի լեցուին. զոր ոչ քու հայրերդ, ոչ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչև այսօր: Եւ դարձաւ ու Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ: 7Եւ Փարաւոնի ծառաները ըսին անոր, Մինչև ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ մարդիկը որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ աւրուեցաւ: 8Եւ Մովսէսը ու Ահարոնը Փարաւոնի դարձուցին. և անիկա ըսաւ անոնց, Գացէք պաշտեցէք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց որո՞նք են գացողները: 9Եւ Մովսէս ըսաւ, Մեր մանուկերովը ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովը ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովը ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը: 10Եւ ըսաւ անոնց, Տէրը այնպէս ձեզի հետ ըլլայ, ինչպէս ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ. զգուշացեք, քանզի չարիք կան ձեր առջև: 11Ոչ այդպէս, հիմա դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք: Եւ Փարաւոնի առջեւէն վռնտուեցան: 12Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներուն համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն, և երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն: 13Եւ Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ. ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրին վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ. և երբ առտու եղաւ, արեւելեան հովը մարախները բերաւ: 14Եւ մարախները Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ ելան, ու Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան. խիստ սաստիկ էին. անոնցմէ առաջ այնպիսի մարախ չեղաւ, անոնցմէ ետքն ալ այնպէս պիտի չըլլայ: 15Եւ բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին, ու երկիրը մթնցաւ, ու երկրին բոլոր խոտը և կարկուտէն մնացած ծառերուն ամէն պտուղները կերան. ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ և արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց: 16Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսը ու Ահարոնը, և ըսաւ, Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի. 17Եւ հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէք իմ յանցանքս, ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէք, որ իմ վրայէս միայն այս մահը վերցնէ: 18Եւ անիկա Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ, ու Տէրոջը աղաչեց: 19Եւ Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք. Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց: 20Բայց Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց:

Շոշափելի խավար

21Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ձեռքդ դէպ ի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը ըլլայ: 22Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպ ի երկինք երկնցուց, ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր. 23Մէկզմէկ չէին տեսներ, և երեք օր մէ՛կը իր տեղէն չելաւ. բայց Իսրայէլի բոլոր որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին: 24Եւ Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ, Գացէք, պաշտեցէք Եհովան. միայն ձեր հօտերը ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան: 25Եւ Մովսէս ըսաւ, Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակեզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք: 26Եւ մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտիմք առնել. ու մենք մինչև որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՛վ պիտի պաշտենք Տէրը: 27Եւ Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, որ չուզեց արձակել զանոնք: 28Եւ Փարաւոն ըսաւ անոր, Քովէս գնա. զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ, մէյմըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս: 29Եւ Մովսէս ըսաւ, Աղէկ ըսիր, մէյմըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981