Ելից
11
Անդրանիկներու մահը
1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Փարաւոնի վրայ ու Եգիպտոսի վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ ետև ձեզ ասկէ պիտի արձակէ. և երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ բոլորովին դուրս պիտի ընէ: 2Հիմա խօսէ ժողովուրդին ականջներուն, ու ամէն մարդ իր դրացիէն, և ամէն կին իր դրացիէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր խնդրէ: 3Եւ Տէրը շնորհք տուաւ ժողովուրդին Եգիպտացւոց առջև. Մովսէս ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնի ծառաներուն առջև ու ժողովուրդին առջև խիստ մեծ մարդ մըն էր: 4Եւ Մովսէս ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ես կէսգիշերին Եգիպտոսի մէջտեղը պիտի ելլեմ. 5Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն առջինեկը պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնի առջինեկէն մինչև աղացքին ետեւը եղող աղախինին առջինեկը և բոլոր անասուններուն առջինեկը: 6Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ոչ եղած է, ոչ ալ նորէն պիտի ըլլայ: 7Եւ Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչև անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացւոց ու Իսրայէլի մէջտեղ տարբերութիւն կը դնէ: 8Եւ այս բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի իջնեն, ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով, Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք. ու անկէ ետքը պիտի ելլեմ: Եւ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ: 9Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէս զի իմ հրաշքներս շատցնեմ Եգիպտոսի երկրին մէջ: 10Եւ Մովսէս ու Ահարոն այս ամէն հրաշքները Փարաւոնի առջև ըրին. և Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, ու Իսրայէլի որդիները իր երկրէն չարձակեց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981