Ելից
13
Անդրանիկներու նուիրում
1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Սրբէ ինծի ամէն անդրանիկը, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդէն ալ անասունէն ալ. ան իմս է:
Բաղարջակերաց տօնը
3Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին, Յիշեցէք այս օրը որ Եգիպտոսէ, ծառայութեան տունէն, ելաք, վասն զի Տէրը ձեզ ասկէ զօրաւոր ձեռքով հանեց. և խմորեալ հաց պիտի չուտուի: 4Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուն մէջ: 5Եւ ըլլայ որ երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացւոց ու Քետացւոց և Ամօրհացւոց ու Խեւացւոց ու Յեբուսացւոց երկիրը, զոր քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ, այն երկիրը որ կաթ ու մեղր կը բղխէ, այս ամսուն մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը: 6Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես, և եօթներորդ օրը տօն ըլլայ Տէրոջը: 7Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի. ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի. ոչ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ: 8Եւ այն օրը քու որդւոյդ պիտի պատմես՝ ըսելով, Այս անոր համար է զոր Տէրը ըրաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէ ելայ: 9Եւ ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ, ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը քեզ զօրաւոր ձեռքով հանեց Եգիպտոսէ: 10Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես:
Անդրանիկը
11Եւ ըլլայ որ երբ Տէրը քեզ Քանանացւոց երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ: 12Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես. և քու ունեցած անասունիդ ամէն առջինեկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան: 13Եւ իշուն ամէն առջինեկը ոչխարով մը փրկես. և եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես, ու քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկը պիտի փրկես: 14Եւ ըլլայ որ երբ քու որդիդ օր մը* քեզի հարցնէ՝ ըսելով, Ի՞նչ է այս. անոր պիտի ըսես թէ Տէրը մեզ Եգիպտոսէ, ծառայութեան տունէն, զօրաւոր ձեռքով հանեց. 15Եւ եղաւ որ երբ Փարաւոն խստացաւ ու մեզ արձակել չուզեց , Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն առջինեկը, մարդու առջինեկէն մինչև անասունի առջինեկը, մեռցուց. անոր համար ես ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընէմ, ու իմ որդիներուս ամէն առջինեկը կը փրկեմ: 16Եւ ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար, ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատնոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէ զօրաւոր ձեռքով հանեց:
Ամպի սիւնը և կրակի սիւնը
17Եւ եղաւ որ երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացւոց երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէև այն ճամբան մօտ էր. քանզի Աստուած ըսաւ, Չըլլայ որ ժողովուրդը զղջայ երբ պատերազմը տեսնէ, ու Եգիպտոս դառնայ: 18Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտըտցուց. ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան: 19Եւ Մովսէս Յովսէփի ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով, Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, ու իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք: 20Եւ Սոկքովթէ չուեցին, ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին: 21Եւ Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար, ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան: 22Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981