Ելից

14

Կարմիր ծովէն անցքը

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Խօսէ Իսրայէլի որդիներուն՝ որ դառնան ու Փիաիրօթի առջեւ, Մագդողի ու ծովուն մէջտեղ, բանակ դնեն. Բէեղսեփոնի առջև՝ անոր դիմաց ծովուն քով բանակ դրէք: 3Եւ Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ թէ Երկրին մէջ մոլորած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց: 4Եւ Փարաւոնի սիրտը պիտի կարծրացնեմ, ու անոնց ետեւէն պիտի իյնայ. ու ես Փարաւոնի վրայ և անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, ու Եգիպտացիք պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: Եւ անոնք այնպէս ըրին: 5Եւ պատմուեցաւ Եգիպտոսի թագաւորին թէ ժողովուրդը փախաւ, և Փարաւոնի ու անոր ծառաներուն սիրտը ժողովուրդին դէմ դարձաւ, ու ըսին, Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը՝ որ Իսրայէլը մեզի ծառայութիւն ընելէն թող տուինք: 6Եւ իր կառքը պատրաստեց, ու իր ժողովուրդը իրեն հետ առաւ: 7Եւ վեց հարիւր ընտիր կառքեր ու Եգիպտոսի բոլոր կառքերը՝ և անոնց ամէն մէկուն վրայ ոստիկաններ առաւ: 8Եւ Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց, ու անիկա Իսրայէլի որդիներուն ետեւէն ինկաւ. և Իսրայէլի որդիները բարձր ձեռքով ելան: 9Բայց Եգիպտացիք անոնց ետևէն ինկան. Փարաւոնի ամէն ձիերը ու կառքերը և անոր ձիաւորները ու զօրքերը, և հասան անոնց՝ որ բանակած էին ծովուն մօտ Փիաիրօթի քով, Բէեղսեփոնի առջև: 10Եւ երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին, և ահա Եգիպտացիք իրենց ետեւէն կու գային, ու խիստ վախցան. և Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը: 11Եւ ըսին Մովսէսի, Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ որ մեզ Եգիպտոսէ հանեցիր: 12Այս չէ՞ր այն խօսքը զոր քեզի զրուցեցինք Եգիպտոսի մէջ՝ ըսելով, Թող տուր մեզ՝ որ Եգիպտացւոց ծառայութիւն ընենք. քանզի աւելի աղէկ է մեզի Եգիպտացւոց ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ: 13Եւ ըսաւ ժողովուրդին, Մի վախնաք, կայնեցէք, ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը զոր այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները մէյմըն ալ պիտի չտեսնէք յաւիտեան: 14Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի, ու դուք լուռ կեցէք: 15Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. ըսէ Իսրայէլի որդիներուն որ չուեն. 16Եւ դուն գաւազանդ վերցուր, ու ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, ու ճեղքէ զայն. և Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով երթան: 17Եւ ես ահա Եգիպտացւոց սիրտը պիտի կարծրացնեմ, ու անոնց ետևէն պիտի երթան. և ես Փարաւոնի ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կուռքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ: 18Եւ երբ ես Փարաւոնի ու անոր կառքերուն և անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, Եգիպտացիք պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 19Եւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, ելաւ ու անոնց ետեւը գնաց. և ամպի սիւնը ելաւ անոնց առջեւէն ու անոնց ետին կայնեցաւ. 20Եւ Եգիպտացւոց բանակին ու Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ ու Եգիպտացւոց ու խաւար եղաւ, բայց Իսրայելացւոց գիշերը լոյս կու տար, և բոլոր գիշերը իրարու չմօտեցան: 21Եւ Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, ու Տէրը սաստիկ արեւելեան հովով դարձուց ծովը, բոլոր գիշերը, և ծովը ցամաք ըրաւ, ու ջուրերը ճեղքուեցան: 22Եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով քալեցին. ու ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան: 23Եւ Եգիպտացիք անոնց ետեւէն ինկան, ու Փարաւոնի բոլոր ձիերը, կառքերը ու ձիաւորները անոնց ետեւէն ծովուն մէջտէղը գացին: 24Եւ եղաւ որ առաւօտեան պահուն Տէրը Եգիպտացւոց բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն, ու Եգիպտացւոց բանակը խռովութեան մէջ ձգեց. 25Եւ անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային, այնպէս որ Եգիպտացիք ըսին, Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար Եգիպտացւոց հետ կը պատերազմի: 26Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացւոց վրայ, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան: 27Եւ Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, և առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ, ու Եգիպտացիք անոր դիմացէն փախան. և Տէրը թօթափեց Եգիպտացիները ծովուն մէջ: 28Եւ ջուրերը դարձան ու ծածկեցին Փարաւոնի կառքերը ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտան. ու անոնցմէ մէկն ալ չմնաց: 29Բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով կ’երթային, և ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն անոնց պարիսպ էին: 30Եւ Տէրը այն օրը Եգիպտացւոց ձեռքէն ազատեց Իսրայէլը. ու մեռած տեսաւ Եգիպտացիները ծովուն եզերքը: 31Եւ Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ գործը զոր Տէրը ըրաւ Եգիպտացւոց վրայ. ու ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն, ու հաւատաց Տէրոջը և անոր ծառային Մովսէսի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981