Ելից

15

Մովսէսին երգը

1Այն ատէն ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը, և խօսեցան ըսելով, Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց: 2Տէրն է իմ զօրութիւնս ու իմ գովութիւնս, Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. Անիկա է իմ Աստուածս, ու պիտի փառաւորեմ զանիկա. Իմ հօրս Աստուածն է, ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա: 3Տէրը հզօր պատերազմող է. Անոր անունը ԵՀՈՎԱ է: 4Փարաւոնի կառքերը ու անոր զօրքերը ծովը նետեց. Եւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան: 5Անդունդները ծածկեցին զանոնք. Քարի պէս խորունկը իջան: 6Քու աջ ձեռքդ, ով Տէր, փառաւորեալ է զօրութեամբ. Քու աջ ձեռքդ, ով Տէր, խորտակեց թշնամին: 7Եւ քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր, Քու բարկութիւնդ ղրկեցիր. որ զանոնք յարդի պէս կերաւ: 8Եւ քու շունչիդ փչելովը ջուրերը ժողվուեցան. Հեղեղները դէզի պէս կայնեցան. Ծովուն մէջտեղը անդունդները պաղեցան: 9Թշնամին ըսաւ, Պիտի հալածեմ, պիտի հասնիմ, Աւարը պիտի բաժնեմ. Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ. Իմ սուրս պիտի քաշեմ, Իմ ձեռքս զանոնք պիտի աւրէ: 10Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց. Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան: 11Ով Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ: Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, Հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման: 12Քու աջ ձեռքդ երկնցուցիր, զանոնք կլլեց: 13Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին զոր դուն փրկեցիր. Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ: 14Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սարսափին. Փղշտացւոց երկրին բնակիչները ցաւ պիտի բռնէ: 15Այն ատեն Եդովմի իշխանները պիտի տագնապին. Մովաբի զօրաւորները պիտի դողան. Քանանու բոլոր բնակիչները պիտի հալին: 16Անոնց վրայ վախ ու դող պիտի իյնայ. Քու բազուկիդ մեծութենէն քար պիտի կտրին, Մինչև անցնի քու ժողովուրդդ, ով Տէր, Մինչև անցնի այս ժողովուրդը զոր դուն ստացար: 17Պիտի բերես զանոնք, ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք, Ով Տէր, այն տեղը՝ զոր քու բնակութեանդ համար շինեցիր. Ով Տէր, այն սրբարանին մէջ՝ զոր քու ձեռքերդ շինեցին: 18Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից: 19Քանզի Փարաւոնի ձիերը իր կառքերովը ու ձիաւորներովը ծովը մտան, և Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով գացին:

Մարիամին երգը

20Եւ Ահարոնի քոյրը Մարիամ մարգարէուհին թմբուկը իր ձեռքը առաւ. ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետևէն ելան: 21Եւ Մարիամ պատասխան տուաւ անոնց, Երգեցէք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց:

Դառն ջուր

22Եւ Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը, ու Սուրի անապատը ելան. և երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, ու չգտան: 23Ու երբ Մեռա եկան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը *Մեռա կոչուեցաւ: 24Եւ ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսի դէմ՝ ըսելով, Ի՞նչ խմենք: 25Եւ անիկա Տէրոջը աղաղակեց, ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, զոր ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան: Հոն անոնց ու դրաւ, և հոն փորձեց զանոնք, 26Եւ ըսաւ, Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես, ու ինչ որ անոր առջև շիտակ է՝ ընես, և անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես, ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, զորոնք Եգիպտացւոց վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը՝ որ քեզ կը բժշկեմ: 27Եւ եկան Եղիմ, ու հոն տասուերկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային. և հոն ջուրերուն քով բանակ դրին:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981