Ելից
18
Յոթոր Մովսէսին կ’այցելէ
1Եւ Մովսէսի աները, Մադիամու քուրմը Յոթոր, լսեց այն ամէնը զոր Աստուած ըրաւ Մովսէսի ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին, և թէ Տէրը Եգիպտոսէ հանեց Իսրայէլը, 2Եւ Մովսէսի աները Յոթոր առաւ Մովսէսի կինը Սեպփօրան, զանիկա ետ ղրկելէն ետքը. 3Եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր. վասն զի ինք ըսեր էր, Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ. 4Եւ միւսին անունը Եղիազար էր, վասն զի ըսեր էր , Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, ու զիս Փարաւոնի սուրէն ազատեց: 5Եւ Մովսէսի աները Յոթոր անոր որդիներովը ու անոր կնոջմովը եկաւ Մովսէսի դէպ ի անապատը՝ ուր անիկա բանակ դրեր էր Աստուծոյ լեռանը քով. 6Եւ իմացուց Մովսէսի՝ ըսելով, Ես, քու աներդ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաև քու կինդ իր երկու որդիները իրեն հետ ունենալով: 7Եւ Մովսէս իր աները դիմաւորելու ելաւ, և անոր խոնարհութիւն ըրաւ, ու համբուրեց զանիկա. և իրարու ողջութիւն հարցուցին ու վրանը մտան: 8Եւ Մովսէս իր աներոջ պատմեց այն ամէնը՝ զոր Տէրը ըրաւ Փարաւոնի ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլի համար, և ճամբուն մէջ բոլոր իրենց քաշած աշխատութիւնը, ու Տէրոջը զանոնք ազատելը: 9Եւ Յոթոր ուրախացաւ բոլոր բարութիւններուն համար՝ զորոնք Տէրը ըրաւ Իսրայէլի, փրկելով զանոնք Եգիպտացւոց ձեռքէն: 10Եւ Յոթոր ըսաւ, Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացւոց ձեռքէն ու Փարաւոնի ձեռքէն. վասն զի ազատեց ժողովուրդը Եգիպտացւոց ձեռքին տակէն: 11Հիմա գիտեմ որ Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է. քանզի ինչ բանի մէջ որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր երեւցաւ : 12Եւ Մովսէսի աները Յոթոր ողջակէզ ու զոհեր բերաւ Աստուծոյ. և Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը Մովսէսի աներոջ հետ Աստուծոյ առջև հաց ուտելու եկան:
Դատաւորներուն անուանումը
13Եւ եղաւ որ հետեւեալ օրը Մովսէս ժողովուրդը դատելու նստաւ, ու ժողովուրդը առաւօտէն մինչև իրիկուն Մովսէսի քով կայնեցաւ: 14Եւ Մովսէսի աները երբ տեսաւ ինչ որ կ’ընէր Մովսէս ժողովուրդին, ըսաւ, Ի՞նչ է այս բանը՝ զոր դուն կ’ընես ժողովուրդին. ինչո՞ւ դուն մինակ կը նստիս, ու բոլոր ժողովուրդը առաւօտէն մինչև իրիկուն քու քովդ կը կայնի: 15Եւ Մովսէս ըսաւ իր աներոջ, Քանզի ժողովուրդը կու գայ ինծի՝ Աստուծմէ դատաստան հարցնելու: 16Երբ անոնք բան մը ունենան՝ ինծի կու գան, և ես անոնց մէջտեղ դատաստան կ’ընեմ, ու Աստուծոյ կանոնները և օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ: 17Եւ Մովսէսի աները ըսաւ անոր, Քու ըրածդ աղէկ բան չէ: 18Իրաւցընէ դուն պիտի մաշիս, դուն ալ ու քեզի հետ եղած այս ժողովուրդն ալ. վասն զի այս բանը քեզի շատ ծանր է. դուն միայն չես կրնար ընել ասիկա: 19Հիմա մտիկ ըրէ իմ խօսքս. ես քեզի խրատ տամ, ու Աստուած քեզի հետ պիտի ըլլայ: Ժողովուրդին համար Աստուծոյ առջև դուն գնա, որպէս զի դատերը դուն ներկայացնես Աստուծոյ. 20Եւ անոնց սորվեցուր կանոնները ու օրէնքները, և գիտցուր անոնց իրենց քալելու ճամբան ու իրենց ընելու գործը: 21Ուստի դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ, ու ասոնք հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ. 22Ու ամէն ատեն թող անոնք դատեն ժողովուրդը. և ամէն մեծ բանը քեզի ներկայացնեն, ու ամէն պզտիկ բանը անոնք դատեն. այսպէս քեզի օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն: 23Եթէ այս բանը ընես, ու Աստուած ալ քեզի այսպէս պատուիրէ, այն ատեն կարող կ’ըլլաս դիմանալու, և բոլոր այս ժողովուրդն ալ խաղաղութեամբ իրենց տեղը կ’երթան: 24Եւ Մովսէս իր աներոջ խօսքը մտիկ ըրաւ, ու անոր ամէն ըսածը ըրաւ: 25Եւ Մովսէս բոլոր Իսրայէլէ կարող մարդիկ ընտրեց, ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ կարգեց: 26Եւ ամէն ատեն անոնք կը դատէին ժողովուրդը. դժուարին բանը Մովսէսի կը ներայացնէին, ու ամէն պզտիկ բանը իրենք կը դատէին: 27Եւ Մովսէս իր աները ճամբայ հանեց, ու անիկա իր երկիրը գնաց: