Ելից
21
1Եւ անոնց առջև դնելու դատաստաններդ ասոնք են. 2Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ, և եօթներորդ տարին ձրի ազատ պիտի ելլէ։ 3Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պիտի ելլէ։ 4Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ, ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինը ու անոր տղաքը տէրոջը պիտի ըլլան, ու ինք մինակ պիտի ելլէ։ 5Իսկ եթէ ծառան յայտնի ըսելու ըլլայ թէ Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր որ ելլեմ և ազատ ըլլամ , 6Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա, և դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ. ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ, և անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր: 7Եւ եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ: 8Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տէրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու կարող չըլլայ, վասն զի խաբէութիւն ըրաւ անոր: 9Եւ եթէ զանիկա իր որդւոյն նշանած է, աղջկանց օրէնքին համեմատ պիտի ընէ անոր: 10Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը ու մերձավորութիւնը պիտի չկտրէ: 11Եւ եթէ անոր այս երեք բանը չընէ, այն ատեն անիկա առանց ստակի ձրի պիտի երթայ:
Օրէնքներ վայրենի գործերու մասին
12Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի: 13Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի: 14Բայց եթէ մէկը իր դրացիին ոխ ունենայ, և զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի: 15Եւ իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի: 16Եւ մարդ գողցողը, թէ՛ զանիկա ծախած ըլլայ, և թէ՛ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի: 17Եւ իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի: 18Եւ եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն, ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ, ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի, 19Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր կորսնցուցած ժամանակին արժեքը * հատուցանէ, ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա : 20Եւ եթէ մէկը գաւազանով իր ծառան կամ իր աղախինը զարնէ, ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի: 21Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրեժ չառնուի, քանզի անիկա իր ստակն է: 22Եւ եթէ մարդիկ կռուին, ու յղի կնոջ մը զարնելով՝ անոր տղան անցնել տան, և ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով: 23Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, 24Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, 25Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած: 26Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքը զարնէ ու կուրցնէ, զանիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պիտի արձակէ: 27Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, զանիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պիտի արձակէ:
Սեփականատիրոջ պատասխանատուութիւնը
28Եւ եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդ մը կամ կին մը զարնէ մեռցնէ, եզը անշուշտ պիտի քարկոծուի, ու անոր միսը պիտի չուտուի. բայց եզին տէրը անպարտ ըլլայ: 29Հապա եթէ եզը երէկուընէ կամ միւս օրուընէ զարնող է, և անոր տէրոջն ալ զրուցուած է, ու զանիկա պահած չէ, եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պիտի քարկուծուի, ու անոր տէրն ալ պիտի մեռցուի: 30Եթէ փրկանք մը ձգուի անոր վրայ, անիկա իր անձին ազատութեանը համար՝ ինչ որ իր վրայ ձգուի պիտի վճարէ: 31Թէ՛ տղայ մը և թէ՛ աղջիկ մը զարնելու ըլլայ եզը , այս դատաստանին պէս ըլլայ անոր: 32Եթէ եզը ծառայ մը կամ աղախին մը զարնէ, անոնց տէրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, ու եզը պիտի քարկոծուի: 33Եւ եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ մէկը փոս մը փորէ ու չծածկէ, և հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ, 34Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ, ու անոնց տէրոջը ստակ պիտի տայ, և մեռածը իրը պիտի ըլլայ: 35Եւ եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզը զարնէ մեռցընէ, ողջ եզը պիտի ծախեն, ու անոր ստակը բաժնեն, և մեռածն ալ բաժնեն: 36Իսկ եթէ եզին երէկուընէ կամ միւս օրուընէ զարնող ըլլալը գիտցուած ըլլալով, անոր տէրը զանիկա պահած չէ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի հատուցանէ, ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ: