Ելից
22
Հատուցման օրէնքներ
1Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ, ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ, ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ: 2Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի, ու զարնուի մեռնի, անոր համար արիւն չթափուի: 3Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի. անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ: 4Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, թէ՛ եզ ըլլայ, թէ՛ էշ և թէ՛ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ: 5Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը վնաս տայ*, թող տալով իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածելու, իր արտին ամէնէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամէնէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ: 6Եթէ կրակ ցաթկէ ու ցանկին փուշերուն փակչի, և դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժեքը լման պիտի հատուցանէ: 7Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար, և այն մարդուն տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, անիկա կրկինը պիտի հատուցանէ. 8Եթէ գողը չգտնուի, տանուտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, իր ձեռքը իր դրացիին ստացուածքին չդպցնելը ստուգելու համար: 9Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, թէ՛ եզի, թէ՛ իշու, թէ՛ ոչխարի և թէ՛ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ զոր մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջև տարուի, ու դատաւորները որո՛ւ վրայ վճռելու ըլլան, անիկա իր դրացիին կրկինը պիտի հատուցանէ: 10Եթէ մէկը իր դրացիին էշ մը կամ եզ մը կամ ոչխար մը կամ ինչեւիցէ անասուն մը պահելու համար տայ, ու անիկա մեռնի կամ վնասուի կամ թշնամին առնէ տանի* ու տեսնող մը չըլլայ, 11Այն ատէն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար. ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը , և ինք պիտի չհատուցանէ: 12Եւ եթէ իրաւցընէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տէրոջը պիտի հատուցանէ: 13Եթէ գազանէ պատառուած է, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար . ու պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ: 14Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ, ու անիկա վնասուելու կամ մեռնելու ըլլայ, անոր տէրը իրեն հետ չըլլալով, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ. 15Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ. եթէ վարձքով առնուած էր, վարձքին տեղ սեպուի:
Բարոյական և կրօնական օրէնքներ
16Եւ եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ, ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պիտի ընէ: 17Եթէ անոր հայրը ամենեւին չուզէ անոր տալ, անիկա կոյսերուն օժիտին չափ ստակ պիտի տայ: 18Կախարդ կինը չապրեցնես: 19Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պիտի մեռցուի: 20Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պիտի կորսուի: 21Եւ օտարականը մի չարչարեր, ու զանիկա մի նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք: 22Որբեւարին ու որբը բնաւ մի չարչարէք: 23Եթէ զանոնք չարչարէք ինչեւիցէ կերպով մը, ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը. 24Եւ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի, ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ. և ձեր կիները որբեւարի՝ ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան: 25Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի ըլլար անոր, ու անոր վրայ վաշխ մի դներ: 26Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձնես. 27Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմինին հանդերձն է այն. ինչո՞վ պիտի պառկի. և պիտի ըլլայ որ երբ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ: 28Դատաւորները մի հայհոյեր, և քու ժողովուրդիդ իշխանը մի անիծեր: 29Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթներուդ երախայրիները մի ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պիտի տաս: 30Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ այսպէս պիտի ընես. եօթը օր մօրը հետ պիտի ըլլայ. ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս: 31Եւ դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք. և դաշտին մէջ գազաններէն պատառուածին միսը պիտի չուտէք. շուներուն պիտի նետէք զայն: