Ելից

25

Ընծաներ սուրբ խորանին (Ելից 3:4-9)

1Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 2Զրուցէ Իսրայէլի որդիներուն՝ որ ինծի ընծայ բերեն. ամէն յօժար կամքով տուող մարդէն պիտի առնէք իմ ընծաս. 3Եւ ձեր անոնցմէ առնելու ընծան այս է. և արծաթ ու պղինձ. 4Եւ կապուտակ ու ծիրանեգոյն և կրկնակի կարմիր ու բարակ քթան և այծի մազ, 5Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր և Սատիմի փայտեր, 6Լոյսի համար իւղ, օծման իւղի համար ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ, 7Եղնգնաքարեր ու եփուտին ու լանջապանակին վրայ գամուելու քարեր: 8Եւ ինծի մը շինեն՝ որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ: 9Խորանին օրինակը և անոր բոլոր կարասիքին օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս պիտի շինէք:

Տապանակ ուխտին (Ելից 37:1-9)

10Եւ Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեն. անոր երկայնութիւնը երկու կանգուն ու կէս, և անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս, և անոր բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ: 11Եւ զանիկա զուտ ոսկիով պատես, ներսէն ու դուրսէն պատես զայն. և անոր վրայ բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինես: 12Եւ անոր համար չորս ոսկի օղակ ձուլես, ու անոր չորս անկիւնները դնես զանոնք , որպէս զի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ու միսւ կողմը երկու օղակ ըլլայ: 13Եւ Սատիմի փայտէ ձողեր շինես, ու զանոնք ոսկիով պատես: 14Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցնես, որպէս զի տապանակը անոնցմով վերցուի: 15Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ մնան. անկէ չհանուին: 16Եւ տապանակին մէջ դնես վկայութիւնը՝ զոր քեզի պիտի տամ: 17Եւ զուտ ոսկիէ քաւութիւն մը շինես, անոր երկայնութիւնը երկու կանգուն ու կէս, և անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ: 18Եւ ոսկիէ երկու քերովբէներ շինես քավութիւնին երկու ծայրին վրայ. կռածոյ շինես զանոնք. 19Եւ մէկ քերովբէն մէկ ծայրէն ու միւս քերովբէն միւս ծայրէն շինես: 20Եւ քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն. և անոնց երեսները իրարու պիտի նային . քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան: 21Եւ քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես. և քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դնես: 22Եւ հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ. ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի պատուիրելու բաներուս վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ:

Աստուծոյ մատուցուած հացին սեղանը (Ելից 37:10-16)

23Եւ Սատիմի փայտէ մը շինես. անոր երկայնութիւնը երկու կանգուն, և անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն, ու անոր բարձրութիւնը մէկ կագնուն ու կէս պիտի ըլլայ: 24Եւ զանիկա զուտ ոսկիով պատես. ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինես: 25Ու անոր չորս մատնաչափ սպառուած մը շինես. ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինես: 26Եւ անոր չորս ոսկի օղակ շինես. ու անոր չորս անկիւնը չորս ոտքին քով դնես օղակները: 27Օղակները սպառուածին քով պիտի ըլլան, որպէս զի սեղանը վերցնելու համար՝ ձողերուն տեղեր ըլլան: 28Եւ ձողերը Սատիմի փայտէ շինես, ու զանոնք ոսկիով պատես. և սեղանը անոնցմով պիտի վերցուի: 29Եւ անոր սկուտեղները ու անոր խնկամանները և բաժակները ու գաւաթները շինես, որպէս զի անոնցմով թափելու նուէր մատուցուի. զանոնք զուտ ոսկիէ շինես: 30Եւ սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը դնես միշտ իմ առջևս:

Աշտանակը (Ելից 37:17-24)

31Եւ զուտ ոսկիէ մը շինես. կռածոյ պիտի շինուի աշտանակը, ու անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ ըլլան: 32Եւ անոր քովերէն վեց ճիւղեր ելլեն . աշտանակին մէկ քովէն երեք ճիւղ, և աշտանակին միւս քովէն երեք ճիւղ ելլէն. 33Մէկ ճիւղին վրայ նշաձև երեք սկահակ ըլլայ՝ գնդակով ու ծաղիկով, և միւս ճիւղին վրայ նշաձև երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով. աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս պիտի ըլլան: 34Եւ աշտանակին վրայ չորս նշաձև սկահակ պիտի ըլլայ իրենց գնդակներովը ու ծաղիկներովը: 35Եւ աշտանակէն ելած վեց ճիւղերուն՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ, ու երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ, և երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ պիտի ըլլայ: 36Անոնց գնդակները ու ճիւղերը իրմէ պիտի ըլլան. ամէնը մէկ կտորէ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ պիտի ըլլան: 37Եւ անոր եօթը ճրագները շինես. ու անոր ճրագները վառուած ատեն լոյսը առջեւէ տան: 38Եւ անոր ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ պիտի ըլլան: 39Անիկա բոլոր այս գործիքներով տաղանդ մը զուտ ոսկիէ պիտի շինուի: 40Եւ նայէ որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես զանոնք:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981