Ելից
26
Աստուծոյ ներկայութեան վրանը
1Եւ խորանը շինես տասը վարագոյրներով՝ մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ և ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ. վարպետի գործ շինես զանոնք քերովբէներով: 2Մէկ վարագուրին երկայնութիւնը քսանըութ կանգուն և մէկ վարագուրին լայնութիւնը չորս կանգուն պիտի ըլլայ. բոլոր վարագոյրներուն չափը մէկ ըլլայ: 3Հինգ վարագոյրները իրարու պիտի կցուին, և միւս հինգ վարագոյրները իրարու պիտի կցուին: 4Եւ կցուածքին ծայրի մէկ վարագուրին եզերքին վրայ կապուտակեայ օղակներ շինես. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ այնպէս ընես: 5Մէկ վարագուրին վրայ յիսուն օղակ շինես, և միւս կցուածքին վրայ եղած վարագուրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինես. օղակները դիմացէ դիմաց պիտի ըլլան: 6Եւ յիսուն կարթաձև ոսկի ճարմանդներ շինես. ու վարագոյրները ճարմանդներով կոճկես, և մէկ խորան պիտի ըլլայ: 7Եւ խորանին վրայ ծածկոց ըլլալու համար այծի մազէ վարագոյրներ շինես. տասնըմէկ վարագոյրներ ընես զանոնք: 8Մէկ վարագուրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն, և մէկ վարագուրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլայ. տասնըմէկ վարագոյրներուն չափը մէկ ըլլայ: 9Եւ հինգ վարագոյրները զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցես. և վեցերորդ վարագոյրը խորանին առջեւի կողմէն երկպատիկ ընես: 10Եւ կցուածքին ծայրը եղած մէկ վարագուրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ, ու միւս կցուածքին ծայրը եղած վարագուրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինես: 11Եւ պղնձէ յիսուն կարթաձև ճարմանդներ շինես, ու ճարմանդները օղակներուն անցնես, և վրանը կոճկես ու մէկ ըլլայ: 12Եւ վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագուրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւէն կախուած պիտի մնայ: 13Եւ վրանին վարագոյրներուն երկայնութենէն մէկ կանգուն մէկ կողմէն, ու մէկ կանգուն միւս կողմէն աւելցածը խորանին քովերը կախուած մնայ՝ զանիկա մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար: 14Եւ վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէն ծածկոց մը, ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէն ծածկոց մը շինես: 15Եւ խորանին տախտակները Սատիմի փայտէ շինես որ կանգնած մնան: 16Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն, և մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կես կանգուն պիտի ըլլայ: 17Ամէն մէկ տախտակը երկերկու ագուցիկ ծայրեր պիտի ունենայ իրարու համեմատ. խորանին բոլոր տախտակներուն այսպէս ընես: 18Եւ խորանին տախտակները շինես. դէպ ի հարաւ՝ հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէս : 19Եւ քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ շինես. մէկ տախտակին տակ իր երկու ագուցիկ ծայրը անցընելու և համար երկու խարիսխ, և միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ պիտի ըլլայ: 20Եւ խորանին միւս կողմին համար հիւսիսային կողմը քսան տախտակ, 21Եւ անոնց քառասուն արծաթ խարիսխները. մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ, ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինես : 22Եւ խորանին ետեւի կողմին համար արեւմտեան կողմը վեց տախտակ շինես: 23Եւ խորանին անկիւններուն համար ետեւի կողմը երկու տախտակ շինես: 24Եւ վարէն պիտի կցուին, ու վերէն մէկ օղակով կցուած մէկ պիտի ըլլան. երկուքն ալ այսպէս պիտի ըլլան. անոնք երկու անկիւններուն համար պիտի ըլլան. 25Եւ այսպէս ՝ ասոնք ութ տախտակ պիտի ըլլան. ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնվեց խարիսխ պիտի ըլլան. մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ ըլլայ: 26Եւ Սատիմի փայտէ նիգեր շինես. խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար հինգ նիգ , 27Եւ խորանին միւս քովի տախտակներուն համար հինգ նիգ, ու դէպ ի արեւմուտք խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ պիտի ըլլայ. 28Եւ մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղածը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը պիտի անցնի: 29Եւ տախտակները ոսկիով պատես, ու անոնց օղակները, այսինքն նիգերուն տեղերը, ոսկիէ շինես. և նիգերը ոսկիով պատես: 30Եւ խորանը կանգնես իր ձեւին համեմատ, ինչպէս լեռանը վրայ քեզի ցուցուեցաւ: 31Եւ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ վարագոյր մը շինես. անիկա վարպետի գործ քերովբէներով պիտի շինուի: 32Եւ զանիկա Սատիմի փայտէ չորս ոսկիապատ սիւներու վրայ դնես. անոնց ճանկերը ոսկի պիտի ըլլան, ու չորս արծաթ խարիսխներու վրայ պիտի ըլլան: 33Եւ վարագոյրը ճարմանդներէն վար կախես, ու հոն վարագուրին ներսի կողմը վկայութեան տապանակը բերես. և վարագոյրը ձեզի պիտի բաժնէ սրբութիւնին ու սրբութեանց սրբութիւնին մէջտեղ: 34Եւ քաւութիւնը վկայութեան տապանակին վրայ՝ սրբութեանց սրբութիւնին մէջ դնես: 35Եւ վարագուրին դուրսիդին սեղանը, ու սեղանին դիմաց խորանին հարաւային կողմը աշտանակը դնես ու սեղանը հիւսիսային կողմը դնես: 36Եւ վրանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինես: 37Եւ դրան վարագուրի համար Սատիմի փայտէ հինգ սիւն շինես, ու զանոնք ոսկիով պատես. և անոնց ճանկերը ոսկիէ ըլլան. ու անոնց համար պղնձէ հինգ խարիսխ ձուլես: