Ելից
27
Խորանը (Ելից 38:1-7)
1Եւ զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինես, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն. սեղանը քառակուսի ըլլայ, և անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն ըլլայ: 2Եւ անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինես. անոր եղջիւրները իրմէ ըլլան. ու զանիկա պղնձով պատես: 3Եւ անոր մոխիրը ժողվելու համար անոր թաղարները ու անոր թիակները և անոր կոնքերը ու անոր մսահանները ու անոր կրակի ամանները շինես. անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինես: 4Եւ անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինես պղնձէ, ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինես անոր չորս անկիւններուն վրայ: 5Եւ զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դնես ներքեւէն, որ ցանցը գրեթէ սեղանին մէջտեղը ըլլայ: 6Եւ սեղանին համար ձողեր շինես. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլան, ու զանոնք պղնձով պատես: 7Եւ անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին, ու ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար: 8Զանիկա տախտակներէ մէջը դատարկ պիտի շինես. լեռը քեզի ցուցուածին պէս՝ այնպէս պիտի շինեն զանիկա :
Տէրոջը ներկայութեան վրանին վարագոյրը (Ելից 38:9-20)
9Եւ խորանին սրահը շինես. հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալով՝ մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն պիտի ըլլայ: 10Եւ անոր քսան սիւները ու անոնց քսան խարիսխները պղնձէ, և սիւներուն ճանկերը և անոնց կապերը արծաթէ պիտի ըլլան: 11Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պիտի ըլլան. ու անոր քսան սիւները և անոնց քսան խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ պիտի ըլլան: 12Եւ արեւմտեան կողմին համար սրահին լայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն պիտի ըլլան. անոնց սիւները տասը ու անոնց խարիսխները տասը պիտի ըլլան: 13Եւ սրահին արեւելեան կողմին համար՝ անոր լայնութիւնը արեւելեան կողմէն յիսուն կանգուն պիտի ըլլայ: 14Եւ դրանը մէկ քովին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պիտի ըլլան. անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք: 15Եւ միւս քովին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պիտի ըլլան. անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք: 16Եւ սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգունի նկարագործ վարագոյր մը պիտի շինես. անոնց սիւները չորս ու անոնց խարիսխները չորս պիտի ըլլան: 17Սրահին բոլորտիքը եղած բոլոր սիւները արծաթ կապերով, ու անոնց ճանկերը արծաթէ, և անոնց խարիսխները պղնձէ պիտի ըլլան: 18Սրահին երկայնութիւնը հարիւր կանգուն, ու լայնութիւնը ամէն տեղ յիսուն, և բարձրութիւնը հինգ կանգուն. վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պիտի ըլլան, ու անոնց խարիսխները պղնձէ պիտի ըլլան: 19Խորանին բոլոր գործիքները իր ամէն պաշտօնին համար՝ և անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պիտի ըլլան:
Հոգածութիւն լոյսի (Ղեւտ.24:1-4)
20Եւ դուն պատուիրես Իսրայէլի որդիներուն՝ որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որ կանթեղները միշտ վառին: 21Ահարոն ու անոր որդիները ժողովքի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագուրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչև առտու Տէրոջը առջև զայն վառելու կարգադրեն. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց ազգերուն մէջ Իսրայէլի որդւոցը կողմանէ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981