Ելից

30

Խունկ ծխելու սեղանը (Ելից 37:25-28)

1Եւ ծխելու մը շինես. Սատիմի փայտէ շինես զանիկա. 2Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը, ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ, և անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն. անոր եղջիւրները իրմէ պիտի ըլլան: 3Եւ անոր վրայ ու անոր քովերը շուրջանակի՝ և անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատես. ու շուրջանակի մը շինես անոր: 4Եւ երկու ոսկի օղակներ շինես անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինես, որպէս զի անոնցմով վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան: 5Եւ ձողերը Սատիմի փայտէ շինես, ու զանոնք ոսկիով պատես: 6Եւ զանիկա դնես վկայութեանը վրայի քաւութիւնին առջև՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագուրին առջև, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ: 7Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ. ամէն առտու ճրագները շիտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ: 8Եւ Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջև մշտնջենաւոր խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ: 9Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ոչ ալ անոր վրայ նուէր թափէք: 10Եւ Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքի պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ. ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը:

Տէրոջը ներկայութեան վրանին տուրքը

11Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 12Երբ Իսրայէլի որդիներուն գումարը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատէն անոնց ամէն մէկը իր հոգւոյն փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես: 13Անոնք զայս պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի՝ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ . մէկ սիկղը քսան կերատ է. Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ: 14Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի, կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ: 15Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տան, կէս սիկղէն ոչ հարուստը աւելի՝ ու ոչ աղքատը պակաս պիտի տայ: 16Եւ Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը առնես, ու ժողովքի խորանին պաշտօնին տաս, որպէս զի Տէրոջը առջև յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար:

Պղնձէ աւազանը

17Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 18Նաև պղնձէ աւազան մը շինես լուացման համար, ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ. և ժողովքի խորանին ու սեղանին մէջտեղ դնես զայն, ու անոր մէջ լեցնես: 19Եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը պիտի լուան անկէ: 20Երբ անոնք ժողովքի խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտօն կատարելու և կրակով Տէրոջը մատուցանելու համար, ջրով լուացուին, որպէս զի չմեռնին. 21Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին. և ասիկա իրենց յաւիտենական պիտի ըլլայ, թե՛ իրեն և թե՛ իր սերունդին իրենց ազգերուն մէջ:

Օծման իւղը

22Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով, 23Առ քեզի պատուական համեմներ, զուտ հինգ հարիւր սիկղ , և անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ, անուշահոտ կինամոն, ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խունկեղէգն, 24Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, ու մէկ հիմէն ձեթ. 25Եւ սուրբ օծման իւղ շինես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած. անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ: 26Եւ անով օծես ժողովքի խորանը, ու վկայութեան տապանակը, 27Եւ սեղանը ու անոր ամէն անօթները, և աշտանակը ու անոր գործիքները, և խունկին սեղանը, 28Եւ ողջակէզին սեղանը իր ամէն գործիքներուն հետ մէկտեղ, և աւազանը ու անոր խարիսխը: 29Եւ սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան. ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ: 30Եւ Ահարոնը ու անոր որդիները օծես, ու սուրբ ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն: 31Եւ Իսրայէլի որդիներուն զրուցես՝ ըսելով, Ասիկա ինծի սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ: 32Մարդու մարմինի վրայ պիտի չթափուի այն, և անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինեք. այս սուրբ է, ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ: 33Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի:

Խունկը

34Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Առ քեզի անուշահոտ համեմներ, այսինքն ստաշխն ու եղունգն և քաղբան, այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով. ամէնը հաւասար կշռով պիտի ըլլան. 35Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրար խառնուած* բաղադրութիւն մը՝ խունկ շինես մաքուր ու սուրբ: 36Եւ անկէ քիչ մը ծեծես շատ բարակ, ու ժողովքի խորանին մէջ վկայութեանը առջև դնես, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ. անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ: 37Եւ այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութեանը համեմատ դուք ձեզի համար չշինեք. այն քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար: 38Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)