Ելից
33
Աստուած կը հրամայէ Իսրայէլին թողուլ Սինա լեռը
1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Ելիր ասկէ դուն ու ժողովուրդն ալ զոր Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր, ու գնա այն երկիրը որու համար երդում ըրի Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի՝ ըսելով, Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն: 2Եւ քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ, ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ: 3Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. վասն զի ձեզի հետ* պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ: 4Ու երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ. և մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ. 5Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսի, Ըսէ Իսրայէլի որդիներուն, Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ: 6Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լեռան քով: 7Եւ Մովսէս առաւ խորանը, ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեց զայն, և անոր անունը Ժողովքի խորան դրաւ. և ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած ժողովքի խորանը կ’ելլէր: 8Ու երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէ, ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր, ու Մովսէսի ետեւէն կը նայէր, մինչև անիկա խորանը մտնէր: 9Եւ Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր, ու խորանին դուռը կը կայնէր, և Տէրը Մովսէսի հետ կը խօսէր: 10Եւ բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնի. ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէ, և ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր: 11Եւ Տէրը կը խօսէր Մովսէսի հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի. ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար. բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար:
Տէրը կը խոստանայ իր ժողովուրդին հետ ըլլալ
12Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը, Նայէ դուն կ’ըսես ինծի, Հանէ այս ժողովուրդը. ու դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՛վ ինծի հետ պիտի ղրկես. ու ըսիր, Քեզ անունովդ կը ճանչնամ, ու նաև իմ առջեւս շնորհք գտար: 13Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ. ու միտքդ բեր* որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է: 14Եւ անիկա ըսաւ, Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ: 15Եւ Մովսէս ըսաւ անոր, Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի հաներ: 16Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք. չէ՞ որ քու մեզի հետ երթալովդ. այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք: 17Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Այս բանն ալ պիտի ընեմ զոր դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար, ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ: 18Եւ անիկա ըսաւ, Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի: 19Եւ Տէրը ըսաւ, Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցնեմ, ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ, և որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ, ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ: 20Ու ըսաւ, Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չկրնար զիս տեսնել ու ապրիլ: 21Եւ Տէրը ըսաւ, Ահա քովս տեղ մը կայ, ու ժայռին վրայ կայնէ. 22Եւ ըլլայ որ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ, քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ, ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչև ես անցնիմ. 23Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ, ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981