Ելից
36
1Այն ատեն Բեսելիէլ ու Ոողիաբ և ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտօնին ամէն կերպ գործերը ընել գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին:
Ժողովուրդը շատ ընծաներ կը բերէ
2Եւ Մովսէս կանչեց Բեսելիէլը ու Ոողիաբը ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որուն սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնը՝ որուն սիրտը կը փափաքէր բանելու համար գործի մօտենալու։ 3Եւ անոնք առին Մովսէսէ բոլոր ընծաները, զորոնք Իսրայէլի որդիները բերին սըրբարանին պաշտօնին գործը անոնցմով ընելու համար։ Ու անոնք տակաւին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ կը բերէին անոր։ 4Եւ սրբարանին ամէն գործը բանող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր ըրած գործէն եկան. 5Եւ խօսեցան Մովսէսի՝ ըսելով, ժողովուրդը աւելի կը բերէ քան որչափ պէտք էր Տէրոջը շինել պատուիրած բաներուն գործին համար: 6Եւ Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ՝ ըսելով, Ալ ոչ մարդ, ոչ ալ կին գործ մը գործեն սրբարանին ընծային համար։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։ 7Եւ այն նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւական էին իրենց, ու աւելի ալ։
Տէրոջը ներկայութեան վրանին շինութիւնը (Ելից 26:1-37)
8Եւ խորանին գործը բանողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէն ու կապուտակէն և ծիրանեգոյնէն ու կրկնակի կարմիրէն տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետի գործ՝ քերովբէներով շինեցին։ 9Մէկ վարագուրին երկայնութիւնը քսանըութ կանգուն, ու մէկ վարագուրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր. ամէն վարագոյրներուն չափը մէկ էր։ 10Եւ հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, ու միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։ 11Եւ կցուածքին ծայրի մէկ վարագուրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագուրին եզերքն ալ այնպէս ըրաւ։ 12Մէկ վարագուրին վրայ յիսուն օղակ շինեց, և միւս կցուածքին վրայ եղած վարագուրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց. օղակները դիմացէ դիմաց էին։ 13Եւ յիսուն հատ կարթաձև ոսկի ճարմանդներ շինեց. ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց, այնպէս որ խորանը մէկ եղաւ: 14Եւ խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց.զանոնք տասնըմէկ վարագոյր շինեց։ 15Մէկ վարագուրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն, ու մէկ վարագուրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագուրին չափը մէկ էր։ 16Եւ հինգ վարագոյրները զատ, ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։ 17Եւ կցուածքին ծայրի վարագուրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ, ու միւս կցուածքին ծայրի վարագուրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ։ 18Եւ յիսուն հատ կարթաձև պղինձ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու մէկ ըլլայ։ 19Եւ վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։ 20Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակնէր շինեց: 21Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն, և մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կես կանգուն էր։ 22Ամէն մէկ տախտակ իրարու համեմատ երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր. խորանին բոլոր տախտակներուն այսպէս ըրաւ։ 23Եւ խորանին տախտակները այսպէս շինեց. դէպ ի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց ։ 24Եւ քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ, ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցնելու համար երկու խարիսխ շինեց։ 25Եւ խորանին միւս կողմին համար դէպ ի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։ 26Ու անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ, ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ, շինեց ։ 27Եւ խորանին ետեւի կողմին համար դէպ ի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց. 28Եւ խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։ 29Եւ անոնք վարէն կը միանային, ու վերէն ալ մէկ օղակով մէկտեղ կը միանային. երկուքին ալ երկու անկիւններուն այսպէս ըրաւ։ 30Այսպէս ութ տախտակ էին. ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց խարիսխ էին, ամէն մէկ տախտակին տակ երկերկու խարիսխ ըլլալով։ 31Եւ Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար հինգ, 32Ու խորանին միւս քովի տախտակներուն համար հինգ նիգ, և խորանին դէպ ի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։ 33Եւ մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչև միւս ծայրը անցնի։ 34Եւ տախտակները ոսկիով պատեց. ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար. նիգերն ալ ոսկիով պատեց։ 35Եւ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը, վարպետի գործ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։ 36Եւ Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր, ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին. և անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։ 37Եւ խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ և կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինեց. 38Եւ անոր հինգ սիւները ու անոնց ճանկերը շինեց . և անոնց խոյակները ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց. և անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։