Ելից

9

Անասուններուն մահը

1Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Փարաւոնի մտիր, ու խօսէ անոր, Եբրայեցւոց Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Արձակէ իմ ժողովուրդս՝ որպէս զի զիս պաշտեն. 2Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես, ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք, 3Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով, ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն վրայ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ: 4Եւ Տէրը Իսրայէլի հօտերուն ու Եգիպտոսի հօտերուն մէջտեղ պիտի զատէ, և Իսրայէլի որդիներուն մէ՛կ անասունը պիտի չմեռնի: 5Եւ Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով, Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ: 6Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ, ու Եգիպտացւոց բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէ՛կը չմեռաւ: 7Եւ Փարաւոն մարդ ղրկեց, ու ահա Իսրայէլի հօտերէն մէ՛կն ալ մեռած չէր. և Փարաւոնի սիրտը խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց:

Ուռեցքները

8Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի ու Ահարոնի, Առէք ձեզի ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր, և դէպ ի երկինք ցանէ զայն՝ Փարաւոնի առջև: 9Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան: 10Եւ հնոցի մոխիրը առին, ու Փարաւոնի առջև կայնեցան. և Մովսէս դէպ ի երկինք ցանեց զայն, ու մարդոց և անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան: 11Եւ մոգերը ուռեցքներուն պատճառաւ չկրցան կայնիլ Մովսէսի առջև. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ, ու բոլոր Եգիպտացւոց վրայ ալ եղան: 12Եւ Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը. ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ըսեր էր:

Կարկուտ

13Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Առտուանց կանուխ ելիր, ու Փարաւոնի առջև կայնէ, ու անոր ըսէ, Եբրայեցւոց Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. 14Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու վրադ, և քու ծառաներուդ ու քու ժողովորդիդ վրայ. որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ: 15Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ, ու երկրէ պիտի կորսուիս: 16Եւ ասոր համար քեզ վերցուցի՝ որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ, ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի: 17Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք: 18Ահա ես վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա: 19Եւ հիմա մարդ ղրկէ ու ժողվէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները ժողվուած չըլլայ, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ, ու պիտի մեռնին: 20Փարաւոնի ծառաներէն ով որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ ժողվեց: 21Եւ ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց: 22Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսի, Քու ձեռքդ դէպ ի երկինք երկնցուր, ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ, և Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ. 23Եւ Մովսէս իր գաւազանը դէպ ի երկինք երկնցուց. ու Տէրը որոտում և կարկուտ ղրկեց, ու երկրին վրայ կրակ կը վազէր. ու Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայ կարկուտ տեղաց: 24Եւ կարկուտ՝ ու կարկուտին մէջտեղը խառնուած կրակ եկաւ. այնպէս սաստիկ էր որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ՝ ազգ ըլլալէն հետէ անոր պէս եղած չէր: 25Եւ կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչև անասուն զարկաւ. և կարկուտը դաշտին բոլոր խոտը զարկաւ, ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց: 26Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին , կարկուտ չեղաւ: 27Եւ Փարաւոն մարդ ղրկեց, ու կանչեց Մովսէսը ու Ահարոնը և ըսաւ անոնց, Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովա արդար է, և ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք: 28Աղաչեցէք Տէրոջը՝ որ Աստուծոյ որոտումները ու կարկուտը դադարին. ու ձեզ պիտի արձակեմ, և ալ պիտի չկենաք: 29Եւ Մովսէս ըսաւ անոր, Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ, ու որոտումները պիտի դադարին, և ալ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ Տէրոջն է: 30Բայց ես գիտեմ որ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար: 31Եւ քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր, ու քթանը սերմի գացած: 32Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին: 33Եվ Մովսէս Փարաւոնի քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ, ու իր ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց. և որոտումները ու կարկուտը դադարեցան, ու երկրին վրայ անձրև չկաթեցաւ: 34Եւ Փարաւոն երբ անձրևին ու կարկուտին և որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց, ու սիրտը խստացուց ինք ու իր ծառաները: 35Այսպէս Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ. ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ձեռքով ըսեր էր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)