Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

1

Եզեկիէլի առաջին տեսիլքը

1Ու եղաւ որ երեսներորդ տարին չորրորդ ամիսը, ամսուն հինգին երբ ես գերիներուն մէջ Քոբար գետին քով էի, երկինքը բացուեցաւ, ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ: 2Ամսուն հինգերորդ օրը, այսինքն Յովաքին թագաւորին գերութեանը հինգերորդ տարին, Քաղդէացւոց երկրին մէջ, 3Քոբար գետին քով, Բուզիի որդւոյն Եզեկիէլ քահանային յայտնապէս Տէրոջը խօսքը եղաւ, և հոն անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ: 4Ու տեսայ որ ահա հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար, ու մէջտեղէն, կրակին մէջէն, ոսկեպղինձի նմանութիւն մը կ ’երևնար: 5Եւ անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար, ու անոնց երևոյթը այս էր. անոնք մարդու կերպարանք ունէին: 6Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր, ու անոնց ամէն մէկը չորս թև ունէր: 7Եւ անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին ու անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր, ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին: 8Եւ անոնց չորս կողմերը անոնց թևերուն տակ մարդու ձեռքեր կային, ու չորսն ալ երեսներ ու թևեր ունէին: 9Անոնց թևերը իրարու կցուած էին. անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար, ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար: 10Եւ անոնց երեսներուն ձևը այսպէս էր. չորսն ալ մարդու երես ունէին, ու աջ կողմէն առիւծի երես. նաև չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, ու չորսն ալ արծիւի երես ունէին: 11Ու անոնց երեսները այսպէս էին և անոնց թևերը վերէն կը տարածուէին, երկուքը իրարու կցուած էին, ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին: 12Եւ ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար. ու ոգին ուր որ երթալու ըլլար՝ անոնք հոն կ’երթային, գացած ատեննին չէին դառնար: 13Եւ կենդանիներուն կերպարանքը, անոնց երևոյթը, կրակի վառած կայծերու պէս՝ ջահերու երեւութին պէս էր, որ կենդանիներուն մէջտեղը կը պտըտէր. ու այն կրակը լուսափայլ էր, ու կրակէն փայլակներ կ’ելլէին: 14Եւ կենդանիները փայլակի երևութին պէս կը վազէին ու կը դառնային: 15Ու կենդանիներուն նայեցայ, և ահա գետնի վրայ, կենդանիներուն ամէն մէկուն քով չորս երեսով անիւ մը կար: 16Անիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ոսկեքարի կը նմանէին, և չորսին ձևը մէկ էր. ու անոնց երևոյթը ու շինուածքը այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար: 17Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային. գացած ատեննին իրենց աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար: 18Եւ անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին, և չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին: 19Ու երբ կենդանիները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային. ու երբ կենդանիները երկրի երեսէն կը վերանային, անիւներն ալ կը վերանային: 20Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը, կ’երթային. անիւներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կը վերանային, քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար: 21Երբ անոնք կ’երթային, ասոնք ալ կ’երթային, ու երբ անոնք կը կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին. ու երբ անոնք երկրի երեսէն կը վերանային, անիւները անոնց հետ կը վերանային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար: 22Եւ կենդանիներուն գլխուն վրայ՝ երկինքի հաստատութեանը նմանութիւնը վերէն անոնց գլուխներուն վրայ տարածուած էր լուսափայլ ակնվանիի նման: 23Եւ այն հաստատութեանը տակ՝ անոնց թևերը իրարու կը շիտկուէին. ամէն մէկը մէկ կոÕմէն իր մարմինը ծածկող երկու թև ունէր, և ամէն մէկը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թև ունէր: 24Ու երբ կ’երթային, անոնց թևերուն ձայնը լսեցի շատ ջուրերու ձայնին պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, աղմուկի ձայնի ու բանակի ձայնի պէս. երբ կը կայնէին, իրենց թևերը կ’իջեցնէին: 25Ու երբ անոնք կը կայնէին ու թևերնին կ’իջեցնէին, անոնց գլխուն վրայ եղող հաստատութենէն ձայն մը կ’ելլէր: 26Եւ անոնց գլխուն վրայ եղող հաստատութենէն վեր, շափիւղայ քարի երևութով աթոռի նմանութիւն մը կար, ու այն աթոռի նմանութեանը վրայ մարդու կերպարանքով նմանութիւն մը կար վերէն: 27Եւ անոր երիկամունքին երևութէն վեր ոսկեպղինձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ ու երիկամունքին երևույթէն վար կրակի նմանութեան պէս տեսայ․ ու պայծառու-թեամբ շրջապատուած էր: 28Ինչպէս է անձրևի օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երևոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երևոյթը: Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երևոյթն էր. ու երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ, ու խօսողի մը ձայնը լսեցի:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981