Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

11

Երուսաղէմ կը դատապարտուի

1Եւ Հոգին զիս վերցուց, ու Տէրոջը տանը դէպ ի արևելք նայող արևելեան դուռը բերաւ. և ահա դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար, ու անոնց մէջ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան, տեսայ: 2Եւ անիկա ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, Ասոնք են այն մարդիկը որ անօրէնութիւն կը մտածեն, Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին մէջ, 3Ու կ’ըսեն, Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք. Այս քաղաքը կաթսայ է, ու մենք միս ենք: 4Ուստի մարգարէացիր անոնց վրայ, Մարգարէացիր, որդի մարդոյ: 5Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս ինկաւ Ու ինծի ըսաւ, Ըսէ որ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Դուք այսպէս ըսիք, ով Իսրայէլի տունը, Բայց ես ձեր միտքէն անցածը գիտեմ: 6Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիք, Ու անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք: 7Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ձեր սպաննուածները զորոնք անոր մէջ դրիք, Անոնք միսն են, ու անիկա կաթսան է. Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ: 8Դուք սուրէն վախցաք, Ու ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա: 9Ու ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ, Եւ ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Ու ձեր մէջ դատաստաններ ի գործ պիտի դնեմ: 10Դուք սրով պիտի իյնաք, Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ, Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 11Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ, Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք. Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ, 12Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը. Վասն զի իմ օրէնքներովս չքալեցիք, Ու իմ իրաւունքներս ի գործ չդրիք, Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք: 13Ու եղաւ որ իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիա մեռաւ. այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի, Ոհ, Տէր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս: 14Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 15Որդի մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնը այն մարդիկն են՝ որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին, Տէրոջը քովէն հեռացէք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է:

Աստուծոյ խոստումը աքսորականներուն

16Անոր համար ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Թէպէտև զանոնք ազգերուն մէջ հեռացուցի, Ու զանոնք երկիրներուն մէջ ցրուեցի, Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ Քիչ մը ատէն անոնց պիտի ըլլամ: 17Անոր համար ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմ, Եւ ձեզ պիտի ժողվեմ այն երկիրներէն՝ Ուր դուք ցրուած էք. Ու ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը: 18Եւ հոն պիտի մտնեն, Ու անոր բոլոր գարշութիւնները Ու բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն: 19Եւ անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, Ու անոնց ներսիդին նոր պիտի դնեմ. Եւ անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ, Ու անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ. 20Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն, Ու իմ իրաւունքներս պահեն ու զանոնք ի գործ դնեն. Եւ անոնք ինծի ըլլան, Ես ալ անոնց ըլլամ: 21Բայց անոնց՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններուն Ու պղծութիւններուն ետևէն կ’երթայ, Անոնց ճամբան իրենց գլուխը պիտի բերեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա:

Աստուծոյ փառքը կը հեռանայ Երուսաղէմէն

22Ու քերովբէները իրենց թևերը վերցուցին, ու անիւները անոնց քով էին, և Իսրայէլի Ատուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր: 23Ու Տէրոջը փառքը քաղաքին մէջտեղին վրայէն ելաւ, և քաղաքին արևելեան կողմը եղող լեռանը վրայ կայնեցաւ: 24Ու Հոգին զիս վերցուց ու Քաղդէացւոց երկիրը եղող գերիներուն քով բերաւ, և ասիկա եղաւ Աստուծոյ Հոգւովը տեսիլքի մէջ. ու այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս ելաւ: 25Ու ես գերիներուն խօսեցայ Տէրոջը բոլոր խօսքերը զորոնք ինծի յայտներ էր:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)