Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
12
Մարգարէն իբր գաղթական
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ, և լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր, վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են։ 3Ու դուն, որդի մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ, ու անոնց աչքերուն առջև ցորեկով չուէ, և անոնց աչքէրուն առջև քու եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը չուէ, թերևսուշադրութիւն ընեն, թէև անոնք* ապստամբներու տուն են։ 4Եւ անոնց աչքերուն առջև քու կարասիներդ ցորեկով հանես, չուելու կարասիներու պէս, բայց դուն անոնց աչքերուն առջև իրիկունը ելլես, գերութեան գացողներու պէս։ 5Անոնց աչքերուն առջև պատը ծակես ու անկէ հանես: 6Անոնց աչքերուն առջև զանոնք ուսիդ վրայ վերցնես, ու մթնցած ատեն հանես, երեսդ ծածկէ որպէս զի երկիրը չտեսնես, վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի։ 7Եւ այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ, իմ կարասիներս՝ չուելու կարասիններու պէս ցորեկով հանեցի, ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի, ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջև ուսիս վրայ վերցուցի։ 8Եւ առտուանց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 9Որդի մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ Այդ ի՞նչ կ’ընես։ 10Անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ: Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին, ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։ 11Ըսէ, Ես ձեզի համար նշան եմ. Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ. Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։ 12Եւ անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ, Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ. Պատը պիտի ծակեն որպէս զի անկէ հանեն. Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։ 13Եւ անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ, Ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի, Եւ զանիկա Բաբելոն, Քաղդէացւոց երկիրը, պիտի տանիմ, Ու անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ, Թէև հոն պիտի մեռնի։ 14Եւ անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները Ու անոր բոլոր գունդերը Ամէն հովերու պիտի ցրուեմ, Եւ անոնց ետևէն սուր պիտի քաշեմ։ 15Ու երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ, Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ, Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 16Եւ անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն Քիչ մարդ մնացորդ պիտի թողում, Որպէս զի իրենց բոլոր պղծութիւնները պատմեն Այն ազգերուն մէջ ուր պիտի մտնեն, Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
Դողացող մարգարէին նշանը
17Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 18Որդի մարդոյ, քու հացդ դողալով ուտես, Ու ջուրդ տագնապով և անձկութեամբ խմես. 19Ու երկրին ժողովուրդին ըսես, Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուղասէմի բնակիչներուն վրայով Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ասոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն, Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որպէս զի իրենց երկիրը *բոլորովին ամայի մնայ Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառաւ։ 20Եւ մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին, Ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
Ժողովրդական առակ մը և անժողովրդական պատգամ մը
21Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 22Որդի մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը Զոր դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք, Ու կ’ըսէք, Օրերը կ’երկննան, Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ։ 23Անոր համար անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Այս առակը պիտի խափանեմ, Եւ այս առակը մէյմըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չզրուցեն. Բայց անոնց ըսէ, Օրերը մօտեցան, Նաև ամէն տեսիլքին կատարումը։ 24Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ մէյմըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։ 25Քանզիես Տէրս կը խօսիմ*, Ու խօսած խօսքս ի գործ պիտի դրուի, Ալ պիտի չուշանայ. Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ով ապստամբներու տուն, Խօսք պիտի խօսիմ ու պիտի կատարեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 26Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 27Որդի մարդոյ, Ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսէն թէ Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է, Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ: 28Անոր համար անոնց ըսէ, Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովա. Այսուհետև բնաւ մէկ խօսքս պիտի չուշանայ, Հապա իմ խօսած խօսքս պիտի կատարուի, Կ’ըսէ Տէր Եհովա։