Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
13
Գուշակութիւն սուտ մարգարէներու դէմ
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացիր, Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. 3Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, Որոնք իրենց հոգիին ետևէն կ’երթան, Ու բան մը տեսած չեն։ 4Քու մարգարէներդ, ով Իսրայէլ, Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։ 5Խրամատութեան տեղերը չելաք, Ու Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կայնելու համար Իսրայէլի տունը պարսպով չզատեցիք։ 6Անոնք ունայն տեսիլք և սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն, Եւ կ’ըսեն թէ Տէրը ըսաւ, Թէև Տէրը զանոնք ղրկած չէ. Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։ 7Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք, Եւ սուտ գուշակութիւններ չխօսեցա՞ք, Ու չըսի՞ք թէ Տէրը խօսեցաւ, Երբ ես խօսած չէի։ 8Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ձեր խօսքին ունայն Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝ Ահա ես ձեզի դէմ եմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա. 9Եւ իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ. Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան, Ու Իսրայէլի տանը գիրքին մէջ պիտի չգրուին, Եւ Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովա։ 10Որովհետև անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն, Եւ Խաղաղութիւն է՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ, Ու անիկա պատ կը շինէ, Եւ անոնք կիրով կը ծեփեն զանիկա։ 11Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ որ Անիկա պիտի փլչի. Յորդահոս անձրև պիտի ըլլայ, Եւ դուք, ով կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք. Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։ 12Եւ ահա երբ պատը փլչի, Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ Ո՞ւր է այն ծեփը զոր դուք ծեփեցիք։ 13Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով պիտի հանեմ, Եւ իմ բարկութիւնովս յորդահոս անձրև, Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի ըլլան, Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։ 14Ու կիրով ծեփած պատերնիդ պիտի փլցնեմ, Եւ զանիկա գետնին հետ հաւասար պիտի ընեմ. Ու անոր հիմը պիտի երևնայ, և անիկա պիտի իյնայ, Ու դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք. Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 15Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի կատարեմ, Ու ձեզի պիտի ըսեմ, Ան ալ ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան, 16Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները՝ Որոնք Երուսաղէմի վրայ մարգարէութիւն կ’ընեն, Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնեն, Քանի որ խաղաղութիւն չկայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա։
Գուշակութիւն սուտ գուշակութիւններու դէմ
17Եւ դուն, որդի մարդոյ, երեսդ շիտկէ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն, ու անոնց վրայ մարգարէացիր, 18Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թևերու տակ բարձ կը կարեն, և ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն լաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան. միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնե՞ք։ 19Եւ ափեր լեցուն գարիի համար ու հացի պատառներու համար իմ ժողովուրդիս առջև զիս պիտի անարգէ՞ք, որպէս զի ստութեան ականջ դնող ժողովուրդիս ստութիւն զրուցելով՝ չմեռնելու հոգիները մեռցնեք, ու չապրելու հոգիները ապրեցնէք։ 20Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք թռչուններու պէս*,և զանոնք ձեր թևերէն պիտի պատռեմ, ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, այսինքն այն հոգիները զորոնք դուք կ’որսաք թռչուններու պէս: 21Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ, ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ, ու մէյմըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան. ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 22Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր ստութիւններովը տրտմեցուցիք, զոր ես չէի տրտմեցուցած. ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի իր չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։ 23Անոր համար մէյմըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք. և գուշակութիւն պիտի չընէք. ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ. և պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։