Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
14
Աստուած կռապաշտութիւնը կը դատապարտէ
1Ու Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան, ու իմ առջևս նստան։ 2Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 3Որդի մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սիրտերուն մէջ կանգնեցին, ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջև դրին. միթէ բնաւ անոնց պատասխան պիտի տա՞մ*։ 4Ուստի անոնց հետ խօսէ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնէ, ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջև դնէ, ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համեմատ պատասխան պիտի տամ. 5Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սիրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնց ամէնը իրենց կուռքերով ինծմէ օտարացան։ 6Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Դարձէք, ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք, և ձեր ամէն պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք։ 7Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինծմէ զատուի, և իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնէ, ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջև դնէ, և մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինծմէ պատասխան պիտի տամ անոր: 8Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ, և զանիկա նշան ու առակ պիտի ընեմ, ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 9Եւ եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի. ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ, և իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։ 10Ու անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն. բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը մէկ պիտի ըլլայ. 11Որպէս զի Իսրայէլի տունը մէյմըն ալ ինծմէ չխոտորի, ու մէյմըն ալ իրենց բոլոր յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ, կ’ըսէ Տէր Եհովա։
Նոյ, Դանիէլ, Յոբ
12Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 13Որդի մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ, ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ, ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ և անոր վրայ սով ղրկեմ, ու մարդը և անասունը անկէ կտրեմ. 14Ու եթէ այս երեք մարդը, Նոյ, Դանիէլ ու Յոբ, անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 15Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն, ու ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառաւ անկէ անցնող չըլլայ. 16Եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ իրենց տղաքները ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին, ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։ 17Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ, և ըսեմ թէ, Ով սուր, երկրին մէջէն անցիր. ու անկէ մարդը ու անասունը կտրեմ. 18Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ իրենց տղաքները ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել, բայց միայն իրենք պիտի ազատին։ 19Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ, ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդը ու անասունը անկէ կտրեմ. 20Եւ Նոյ, Դանիէլ, ու Յոբ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ իրենց մէ՛կ տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն։ 21Սակայն Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ: Ո՜րչափ աւելի՝ երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս, սուրը, սովը, չար գազանները ու ժանտախտը, Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդը ու անասունը անկէ կտրելու համար։ 22Բայց ահա հոն ազատուած մնացորդ մը պիտի ըլլայ, այսինքն տղաքներու ու աղջիկներու՝ որոնք պիտի ելլեն. ահա անոնք ձեզի պիտի ելլեն. և անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք, ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս վրայով, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս վրայով, պիտի մխիթարուիք։ 23Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն. և պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովա։