Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

16

Անհաւատարիմ Երուսաղէմը

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, Երուսաղեմի իր պղծութիւնները գիտցուր. 3Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ Երուսաղէմի. Քու սկիզբդ ու ծնունդդ Քանանացւոց երկրէն էր, Քու հայրդ Ամօրհացի՝ ու մայրդ Քետացի էր։ 4Եւ քու ծնունդդ այսպէս էր. Քու ծնած օրդ պորտդ չկտրուեցաւ, Ու մաքրուելու համար ջրով չլուացուեցար, Եւ աղով չաղուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։ 5Աչք մը քեզի չխնայեց, որ քեզի ողորմի, Ու այս բաներուն մէկը քեզի ընէ. Բայց ծննդեան օրդ Քու անձիդ գարշութիւնովը դաշտի երեսին վրայ նետուեցար. 6Ու ես քու քովէդ անցայ, Եւ քեզ արիւնիդ մէջ կոխուած տեսայ. Ու երբ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի Ապրէ ըսի. Այո, երբ արիւնիդ մեջ էիր, քեզի Ապրէ ըսի։ 7Քեզ դաշտի բոյսերուն պէս բիւրաւոր ըրի, Եւ շատցար ու մեծցար, Եւ կատարեալ գեղեցկութեան հասար. Ստինքներդ գոյացան ու մազերդ աճեցան. Բայց դուն մերկ ու անծածկոյթ էիր։ 8Եւ քու քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ, Եւ ահա քու ժամանակդ սիրոյ ժամանակ էր, Ու ես իմ քղանցքս քու վրադ տարածեցի. Եւ քու մերկութիւնդ ծածկեցի. Ու քեզի ընելով՝ Քեզի հետ ուխտ ըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովա, Ու դուն իմս եղար։ 9Եւ քեզ ջրով լուացի, Ու քու վրայէդ քու արիւնդ աղէկ մաքրեցի, Ու քեզ իւղով օծեցի. 10Եւ քեզի նկարագործ հանդերձ հագցուցի, Ու քեզի թէհաշի մորթէ շինուած մուճակներ հագցուցի, Եւ քու մէջքդ բեհեզէ կապեցի, Ու քեզ մետաքսներով ծածկեցի. 11Եւ քեզ զարդերով զարդարեցի, Ու ձեռքերուդ վրայ ապարանջաններ դրի, Ու պարանոցիդ վրայ մանեակ դրի, 12Եւ քու քիթդ օղակ, Ու ականջներդ գինտեր, Ու գլուխդ պարծանքի դրի։ 13Եւ դուն ոսկիով ու արծաթով զարդարուեցար, Ու քու հանդերձներդ բեհեզ, մետաքս ու նկարագործ եղան. Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար, Եւ խիստ շատ գեղեցկացար, Ու թագաւորութեան հասար։ 14Եւ քու գեղեցկութեանդ համար քու անունդ ազգերուն մէջ տարածուեցաւ, Վասն զի անիկա կատարեալ եղաւ այն վայելչութեանը պատճառաւ՝ Զոր քու վրադ դրի, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 15Բայց դուն քու անուանդ պատճառաւ, Քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով շնութիւն ըրիր, Եւ քու պոռնկութիւնդ ամէն անցնողին առջև թափեցիր. անորը կ’ըլլար։ 16Ու քու հանդերձներէդ առիր, Եւ քեզի գոյնզգոյն զարդերով բարձր տեղեր շինեցիր, Ու անոնց վրայ շնութիւն ըրիր. Անոնց նմանը չեղաւ, ոչ ալ պիտի ըլլայ։ 17Եւ իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէս Քու պարծանքիդ զարդերը առիր, Ու քեզի արուական պատկերներ շինեցիր Եւ անոնցմով պոռնկեցար։ 18Ու քու նկարագործ հանդերձներդ առնելով՝ Զանոնք ծածկեցիր, Ու իմ իւղս ու խունկս անոնց առջև դրիր. 19Ու քեզի տուած հացս, Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալ Անոնց առջև դրիր անոյշ հոտի համար. Ու ասիկա եղաւ, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 20Եւ ինծի համար ծնած տղաքներդ ու աղջիկներդ առիր, Ու զանոնք կերակուրի համար ըրիր անոնց, 21Այս քու պոռնկութիւնդ քի՞չ բան է, Որ իմ տղաքներս մորթեցիր, Ու զանոնք անոնց տուիր՝ կրակէ անցնելով։ 22Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջ Քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Երբ մերկ ու անծածկոյթ Եւ քու արեանդ մէջ կոխուած էիր։

Երուսաղէմի կեանքը՝ որպէս պոռնկութիւն

23Ու եղաւ որ բոլոր չարութիւններէդ ետքը, (Վա՜յ, վա՜յ քեզի, կ’ըսէ Տէր Եհովա,) 24Դուն քեզի բոզանոց ալ շինեցիր, Ու քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր։ 25Ամէն ճամբու գլուխ քու բարձր տեղերդ շինեցիր, Ու քու գեղեցկութիւնդ զզուելի ըրիր, Եւ ամէն անցնողին քու ոտքերդ բացիր, Ու քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։ 26Եւ քու մեծանդամ սահմանակիցներուդ, Եգիպտոսի որդիներուն, հետ պոռնկութիւն ըրիր, Ու զիս սրդողցնելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։ 27Եւ ահա իմ ձեռքս քու վրադ երկնցուցի, Ու քու ռոճիկդ պակսեցուցի, Ու քեզ քու թշնամիներուդ, Փղշտացւոց աղջիկներուն, կամքին յանձնեցի, Որոնք քու անհամեստ վարմունքէդ կ’ամչնան։ 28Եւ չկշտանալով՝ Ասորեստանի որդիներուն հետ պոռնկութիւն ըրիր, Եւ թէպէտ անոնց հետ պոռնկութիւն ըրիր, սակայն չկշտացար։ 29Ու Քանանացւոց երկրէն մինչև Քաղդէացւոց երկիրը Քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր, Բայց ասով ալ չկշտացար։ 30Քու սիրտդ որչա՜փ տկար է, կ’ըսէ Տէր Եհովա, Որ այս ամէն բաները ըրիր, Անամօթ պոռնիկ կնոջ մը գործը։ 31Ամէն ճամբու գլուխ քու բոզանոցներդ շինեցիր, Եւ քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր, Ու վարձքը անարգելով՝ պոռնիկ կնոջ պէս չեղար, 32Հապա այն շնութիւն ընող կնոջ պէս եղար, Որ իր էրկանը տեղ օտարներ կ’առնէ։ 33Ամէն բոզերուն վարձք կու տան, Բայց դուն ամէն հոմանիներուդ քու վարձքերդ կու տաս. Այո, կաշառք կու տաս անոնց, որպէս զի ամէն կողմէն քեզի գան՝ Քեզի հետ պոռնկութիւն ընելու համար։ 34Եւ քու պոռնկութիւններուդ մէջ՝ կիներուն եղածին ներհակը կ’ըլլայ քեզի, Վասն զի պոռնկութեան համար քու ետևէդ եկող մարդ չկայ. Ու քու վարձք տալովդ և ուրիշէն վարձք չառնելովդ՝ Դուն ուրիշներուն ներհակը եղար։

Աստուծոյ դատաստանը Երուսաղէմի մասին

35Ասոր համար, ով պոռնիկ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ, 36Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Որովհետև քու պղինձդ տարածուեցաւ, Եւ քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ Քու հոմանիներուդ ու ամէն գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ, Եւ անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ, 37Անոր համար ահա ես պիտի ժողվեմ քու բոլոր հոմանիներդ, Որոնց դուն հաճոյ եղար, Եւ ամէն անոնք որ սիրեցիր, ու ամէն անոնք որ ատեցիր. Եւ զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի ժողվեմ, Ու քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ, Եւ անոնք քու բոլոր մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։ 38Ու քեզ պիտի դատեմ Շնութիւն ընող և արիւն թափող կիներուն դատաստանովը, Ու քեզի բարկութեամբ ու նախանձով արեան վճիռ պիտի տամ. 39Եւ քեզ անոնց ձեռքը պիտի տամ, Ու քու բոզանոցդ պիտի փլցնեն, Ու քու բարձր տեղերդ պիտի աւրեն. Եւ քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն, Ու քու պարծանքիդ զարդերը պիտի առնեն, Եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն. 40Ու քու վրադ ժողովք մը ոտք պիտի հանեն, Եւ քեզ քարերով պիտի քարկոծեն, Ու իրենց սուրերովը քեզ պիտի խոցոտեն, 41Եւ քու տուներդ կրակով պիտի այրեն, Ու շատ կիներու առջև քու վրադ դատաստաններ ի գործ պիտի դնեն. Եւ քեզ պոռնկութիւն ընելէ պիտի դադրեցնեմ, Ու մէյմըն ալ պարգև պիտի չտաս։ 42Այսպէս պիտի դադրեցնեմ իմ բարկութիւնս որ քեզի դէմ է. Ու իմ նախանձս քեզմէ պիտի վերնայ, Ու պիտի հանդարտիմ ու ա՛լ պիտի չբարկանամ։ 43Որովհետև դուն քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Հապա այս ամէն բաներով զիս սրդողցուցիր, Անոր համար ահա ես ալ քու ճամբադ քու գլուխդ պիտի բերեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա, Ու դուն քու բոլոր պղծութիւններուդ վրայ Այս եղեռնագործութիւնը պիտի չընես։

Ինչպէս մայրը՝ նոյնպէս աղջիկը

44Ահա ամէն խօսողը Քու վրադ առակ պիտի խօսի՝ ըսելով, Ինչպէս է մայրը, աղջիկն ալ այնպէս է։ 45Դուն քու մօրդ աղջիկն ես, Որ իր այրէն ու տղաքներէն զզուեցաւ. Եւ քու քոյրերուդ քոյրն ես, Որոնք իրենց այրերէն ու տղաքներէն զզուեցան. Ձեր մայրը Քետացի, ու ձեր հայրը Ամօրհացի է։ 46Ու քու մեծ քոյրդ է, Որ իր աղջիկներովը քու ձախ կողմդ կը բնակի. Եւ քեզմէ պզտիկ քոյրդ Սոդոմ է, Որ իր աղջիկներովը քու աջ կողմդ կը բնակի։ 47Ու դուն անոնց ճամբաներուն մէջ չքալեցիր, Եւ անոնց պղծութիւններուն պէս չըրիր. Հապա որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու չնչին էր, Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։ 48Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, Որ քու քոյրդ Սոդոմ, ինք ու իր աղջիկները, այնպէս չըրին, Ինչպէս դուն ու քու աղջիկներդ ըրիք։ 49Ահա քու քրոջդ Սոդոմի անօրէնութիւնը այս էր. Անիկա իր աղջիկներովը Հպարտութիւն, հացի կուշտութիւն ու անհոգ հանգստութիւն ունեցաւ, Եւ աղքատին ու տնանկին ձեռքը չուժովցուց։ 50Ու հպարտացան և իմ առջևս պղծութիւն ըրին. Ու զանոնք տեսածիս պէս վերցուցի։ 51Եւ Սամարիա քու մեղքերուդ կէսին չափ չգործեց. Ու դուն քու պղծութիւններդ անոնցմէ աւելի շատցուցիր, Եւ քու ըրած բոլոր պղծութիւններովդ Քու քոյրերդ արդարացուցիր։ 52Ու դուն որ քու քոյրերդ դատապարտեցիր, Քու անարգանքդ կրէ քու մեղքերուդ համար, Որ դուն անոնցմէ աւելի պղծութիւն ըրիր. Անոնք քեզմէ արդար են. Իսկ դուն քոյրերդ արդարացնելուդ համար Ամչցիր ու քու անարգանքդ կրէ։

Սոդոմ և Սամարիա պիտի վերականգնին

53Ու ես պիտի դարձնեմ անոնց գերութիւնը, Սոդոմի ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը, Եւ Սամարիայի ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը. Անոնց մէջ քու գերութիւնդ ալ ետ պիտի դարձնեմ, 54Որպէս զի քու անարգանքդ կրես Ու ամէն ըրածէդ ամչնաս Անոնց մխիթարութիւն ըլլալուդ համար։ 55Եւ քու քոյրերդ Սոդոմ ու անոր աղջիկները, Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան, Եւ Սամարիա ու անոր աղջիկներն ալ Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան, Ու դուն և քու աղջիկներդ ալ Ձեր առաջուան վիճակին պիտի դառնաք։ 56Վանս զի քու հպարտութեանդ օրը Քու քոյրդ Սոդոմ քու բերնէդ չլսուեցաւ, 57Քանի որ դեռ քու չարութիւնդ յայտնուած չէր, Ինչպէս հիմա յայտնուեցաւ՝ երբ Ասորւոց աղջիկներուն առջև, Ու անոնց բոլորտիքը եղող բոլոր Փղըշտացւոց աղջիկներուն առջև ամօթով եղար, Որոնք ամէն կողմէ քեզ նախատեցին։ 58Քու եղեռնագործութիւնդ և քու պըղծութիւններդ Դուն կրեցիր, կ’ըսէ Տէրը։

Ուխտ մը, որ յաւիտենական է

59Վասն զի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Քու ըրածիդ համեմատ պիտի ընեմ քեզի, Որ երդումը անարգեցիր և ուխտը աւրեցիր։ 60Բայց ես քու մանկութեանդ օրերը քեզի հետ ըրած ուխտս պիտի յիշեմ, Ու քեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի հաստատեմ. 61Եւ դուն քու ճամբաներդ պիտի յիշես, Ու պիտի ամչնաս՝ երբ ընդունիս քեզմէ մեծ և քեզմէ պզտիկ քոյրերդ, Ու երբ զանոնք քեզի աղջիկներու տեղ տամ, Բայց ոչ թէ քու ուխտովդ. 62Հապա ես քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, Եւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը. 63Որպէս զի յիշես ու ամչնաս, Եւ ամչնալուդ պատճառաւ մէյմըն ալ բերանդ չբանաս, Եւ քու ըրած բոլոր գործերուդ համար Քեզի քաւութիւն ընեմ, կըսէ Տէր Եհովա։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)