Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

17

Արծիւին և որթատունկին առակը

1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, Իսրայէլի տանը հանելուկ պատմէ ու խօսէ, 3Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Մեծ արծիւ մը, մեծ թևերով, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով լեցուն՝ Լիբանան եկաւ, ու եղևինին ամենաբարձր ճիւղը առաւ. 4Անոր ընձիւղներուն ծայրը փրցուց, և զանիկա վաճառականի երկիրը տարաւ, ու զանիկա վաճառականներու քաղաքը դրաւ։ 5Եւ այն երկրին հունտէն առաւ, ու զանիկա բարեբեր արտի մէջ դրաւ, զանիկա շատ ջուրերու քով տարաւ, ուռիի պէս դրաւ. 6(Եւ անիկա բուսաւ, ու տարածուած՝ կարճահասակ որթ մը եղաւ.) այնպէս որ անոր ոստերը իրեն նային, ու արմատները իրեն տակ ըլլան, և անիկա որթ ըլլալով՝ ոստեր բուսցուց ու ընձիւղներ արձակեց։ 7Եւ ուրիշ մեծաթև ու բազմափետուր մեծ արծիւ մըն ալ կար. և ահա այս որթը իր արմատները դէպ ի այն ծռեց, ու իր ոստերը դէպ ի այն երկնցուց, որպէս զի իր տնկուած ածուներովը զինք ոռոգէ։ 8Անիկա բարեբեր արտի մէջ շատ ջուրերու քով տնկուեցաւ, որպէս զի ոստեր արձակէ և բերէ ու ազնիւ որթ ըլլայ։ 9Ըսէ որ Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Արդեօք անիկա պիտի յաջողի՞. միթէ այն առաջուան արծիւը անոր արմատները պիտի չխլէ՞, ու անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որպէս զի չորնայ։ Անոր ամէն բուսած տերևները պիտի չորնան. և առանց մեծ բազուկի ու շատ ժողովուրդի զանիկա արմատէն պիտի խլէ։ 10Եւ ահա տնկուեցաւ, միթէ պիտի յաջողի՞. չէ՞ որ արևելեան հովը անոր դպածին պէս բոլորովին պիտի չորնայ. անիկա իր բուսած ածուներուն վրայ պիտի չորնայ։

Առակը կը բացատրուի

11Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 12Հիմա ապստամբներու տանը ըսէ, Ասոնց ինչ ըլլալը չէ՞ք գիտեր. ըսէ որ Ահա Բաբելոնի թագաւորը եկաւ, և անոր թագաւորը ու իշխանները առաւ, ու զանոնք իր քով Բաբելոն տարաւ։ 13Եւ թագաւորին սերունդէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ ըրաւ, ու անոր ընել տուաւ. նաև երկրին զօրաւորները առաւ. 14Որպէս զի թագաւորութիւնը ցած ըլլայ, ու չկրնայ զինք բարձրացնել. և իր ուխտը պահելով անոր վրայ հաստատ կենայ։ 15Բայց անիկա անկէ ապստամբեցաւ, ու դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի իրեն ձիեր ու շատ զօրքեր տան. միթէ անիկա յաջողութիւն պիտի գտնէ՞. այս բաները ընողը պիտի ազատի՞, կամ թէ ուխտը աւրելով պիտի ազատի՞։ 16Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ անիկա անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, ու անոր ուխտը աւրեր էր, անոր քով Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։ 17Եւ Փարաւոն մեծ զորքով ու շատ բազմութիւնով պատերազմի մէջ անոր համար բան մը պիտի չընէ. երբ պատնէշներ կանգնուին ու մարտկոցներ շինուին շատ հոգիներ կոտրելու համար։ 18Վասն զի անիկա երդումը անարգեց և ուխտը աւրեց, և ահա անիկա իր ձեռքը տալէն ետքը՝ այս ամէն բաները ընելուն համար պիտի չազատի։ 19Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ես կենդանի եմ, որ անշուշտ անոր գլուխը պիտի դարձնեմ իմ երդումս զոր անիկա անարգեց, ու իմ ուխտս զոր աւրեց: 20Եւ անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ, ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի, և զանիկա Բաբելոն պիտի տանիմ, ու հոն անոր հետ դատ պիտի վարեմ, անոր ինծի դէմ ըրած յանցանքին համար։ 21Ու անոր բոլոր փախստականները և անոր բոլոր զօրքերը սրով պիտի իյնան, ու անոր մնացորդները ամէն հովերու պիտի ցրուին. ու պիտի գիտնաք թէ ես Տէրս խօսեցայ։

Աստուծոյ յոյսի խոստումը

22Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ես ալ բարձր եղևինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ, ու պիտի տնկեմ. ես անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ, ու բարձր ու վերացած լեռան մը վրայ պիտի տնկեմ: 23Զանիկա Իսրայէլի բարձր լեռանը վրայ պիտի տնկեմ. և անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ, ու ազնիւ եղևին պիտի ըլլայ. և անոր տակ ամէն տեսակ թև ունեցող բոլոր թռչունները պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։ 24Եւ դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան՝ թէ ես Տէրս բարձր ծառը ցածցուցի, ու ցած ծառը բարձրացուցի, կանանչ ծառը չորցուցի, ու չոր ծառը կանանչցուցի. ես Տէրս խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981