Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

21

Աստուծոյ սուրը

1Եւ Տէրոջը խօքսը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ դէպ ի շիտկէ, ու սուրբ տեղերուն խօսէ, ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ, 3Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ, և արդարը ու ամբարիշտը քեզմէ պիտի կտրեմ: 4Որովհետև արդարը ու ամբարիշտը քեզմէ պիտի կտրեմ, անոր համար հարաւէն մինչև հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն պիտի քաշուի: 5Եւ ամէն մարմին պիտի գիտնայ՝ թէ ես Տէրս իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ. անիկա մէյմըն ալ ետ պիտի չդառնայ: 6Ու դուն, որդի մարդոյ, հեծէ. մէջքը կոտրածի պէս դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջև հեծէ: 7Ու երբ քեզի ըսեն թէ Ինչո՞ւ կը հեծես, այն ատեն ըսես, Գուժին համար, վասն զի կու գայ. և ամէն սիրտ պիտի հալի, և ամէն ձեռք պիտի թուլնայ, ու ամէն պիտի մարի, և ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 8Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 9Որդի մարդոյ, մարգարէացիր ու ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ըսէ որ Սուրը, սուրը սրուեցաւ ու նաև սրբուեցաւ: 10Մեծ կոտորած ընելու համար սրուեցաւ, փայլելու համար սրբուեցաւ. հիմա մենք ուրախանա՞նք. իմ որդւոյս գաւազանը ամէն փայտը կ’անարգէ: 11Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի. այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ: 12Աղաղակէ ու ողբա, որդի մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ, պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառավ վախեր պիտի ըլլան. անոր համար քու ազդրիդ զարկ: 13Վասն զի փորձը եղաւ. ու ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ այն անարգող գաւազանը. ա՛լ չըլլայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 14Եւ դուն, որդի մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ, ու ձեռքերդ իրարու զարկ. և սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ պիտի կրկնուի. մեծամեծաց վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ անոնց բոլորտիքը պաշարեց*: 15Սիրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի. աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ: 16Ինքզինքդ ժողվէ. քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է, զարկ: 17Ու ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ, և իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես Տէրս խօսեցայ։

Բաբելոնի թագաւորին սուրը

18Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 19Որդի մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ. անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն. ու տեղ մը ընտրէ, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ: 20Ճամբայ պատրաստէ, որպէս զի Ամմոնի որդւոց Ռաբբային վրայ և Յուդայի մէջ եղող պարսպաւոր Երուսաղէմին վրայ սուր գայ: 21Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ. անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լերդին նայեցաւ: 22Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեն ու մարտկոց շինեն: 23Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջև սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնց երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին: 24Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան, ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երևցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք: 25Եւ դուն, ով պիղծ ու ամբարիշտ Իսրայէլի, որուն օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ ժամանակին վախճանը, 26Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Խոյրը վերցուր ու թագը հանէ. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացուր ու բարձրը ցածցուր: 27Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ. ու ալ պիտի չըլլայ, մինչև գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է, ու անոր պիտի տամ:

Սուր մը և Ամմոնացիները

28Եւ դուն, որդի մարդոյ, մարգարէացիր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. ու ըսես, Սուրը, սուրը քաշուած է, ու մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլումովը հատցնէ*: 29Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, և սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի քեզ սպաննուելու ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է, անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը. 30Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ. քեզ քու ստեղծման տեղդ ու քու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ. 31Եւ քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ. ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն, ձեռքը պիտի տամ: 32Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես Տէրս խօսեցայ:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)