Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

22

Երուսաղէմի ոճիրները

1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Ու դուն, որդի մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքին պիտի ընե՞ս, դատաստան պիտի ընե՞ս. ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր, 3Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ով , որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ, և քու անձդ պղծելու համար քեզի դէմ կուռքեր կը շինես, 4Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար, ու շինած կուռքերովդ պղծուեցար, և քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ հասար. անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք, ու ամէն երկիրներու ծաղր ըլլալու տուի: 5Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ ծաղր պիտի ընեն, ով վատահամբաւ աղմկալից քաղաք: 6Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են: 7Քու մէջդ հայրը ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որբին ու որբևարիին զրկանք ըրին: 8Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր, և իմ շաբաթներս պղծեցիր: 9Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ եղան արիւն թափելու համար, ու քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, և քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին: 10Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ դաշտանի պատճառաւ եղող կինը բռնադատեցին: 11Նաև մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, ու մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, և քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը, բռնադատեց: 12Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոսիք առիր, և բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ, ու զիս մոռցար, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 13Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի: 14Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում պիտի ընեմ. ես Տէրս խօսեցայ ու պիտի կատարեմ: 15Եւ քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ, ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ, և քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի հատցնեմ: 16Ու դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգաց աչքերուն առջև, ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը:

Աստուծոյ զտող փուռը

17Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 18Որդի մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնը հալոցի մէջ՝ պղինձի, անագի, երկաթի ու կապարի պես՝ արծաթի կղկղանք եղան: 19Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև ամէնդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի ժողվեմ: 20Ինչպէս արծաթը ու պղինձը ու երկաթը և կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը ժողվեն, ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ձեզ իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի ժողվեմ, և պիտի թողում ու պիտի հալեցնեմ: 21Եւ ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակով պիտի փչեմ, և դուք անոր մէջ պիտի հալիք: 22Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք, ու պիտի գիտնաք որ ես Տէրս իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ:

Իսրայէլի ղեկավարներուն մեղքը

23Եվ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 24Որդի մարդոյ, անոր ըսէ, Դուն այնպիսի մըն ես, որ ոչ մաքրուած է, ոչ ալ բարկութեան օրը անձրևով թրջուած: 25Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւն կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն. անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին, ու անոր մէջ անոր որբևարիները շատցուցին: 26Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին, ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին. սուրբը պիղծէն չորոշեցին, և անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին, և իրենց աչքերը իմ շաբաթներէս ծածկեցին, ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ: 27Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս՝ արիւն թափելու ու կորսնցնելու ետևէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ բան վաստկին: 28Եւ անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով՝ ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին, ու ըսին, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, թէև Տէրը խօսած չէր: 29Երկրին ժողովուրդը մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին, և աղքատը ու տնանկը բռնադատեցին, ու օտարականին անիրաւութեամբ զրկանք ըրին: 30Եւ անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ, ու խրամատին մէջ իմ առջևս կայնի երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւրեմ. բայց չգտայ: 31Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի, կ’ըսէ Տէր Եհովա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981