Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

26

Մարգարէութիւն Տիւրոսին դէմ

1Ու եղաւ որ մետասաներորդ տարին, ամսուն առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, որովհետև Տիւրոս Երուսաղէմի վրայով ըսաւ, Վա՜շ, ժողովուրդներուն դռները կոտրեցան, անոր ամէն բանը ինծի փոխադրուեցաւ, անոր դառնալովը ես պիտի լեցուիմ. 3Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Տիւրոս, ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի յարուցանեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը յարուցանէ. 4Եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւրեն, ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն, ու ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ, և զանիկա չոր ապառաժի պիտի դարձնեմ: 5Անիկա ծովուն մէջ ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, ու անիկա ազգերուն աւար պիտի ըլլայ: 6Եւ անոր աղջիկները որոնք դաշտի մէջ են, սրով պիտի սպաննուին, և մարդիկ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 7Վասն զի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես հիւսիսէն Տիւրոսի վրայ պիտի բերեմ թագաւորաց թագաւորը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, բազմութիւնով ու շատ ժողովուրդով: 8Անիկա քու աղջիկներդ դաշտի մէջ սրով պիտի մեռցնէ, և քեզի դէմ մարտկոց պիտի շինէ, ու քեզի դէմ հողաբլուր պիտի կանգնէ, ու քեզի դէմ վահան պիտի վերցնէ. 9Եւ քու պարիսպներուդ դէմ իր պատերազմական մեքենաները պիտի դնէ, ու իր տապարներովը քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ: 10Անոր ձիերուն բազմութենէն անոնց փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն ու անիւներուն և կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի սասանին, երբ ինք քու դռներէդ մտնէ՝ պարիսպը փլած քաղաքի մէջ մտնողներուն պէս: 11Քու ամէն փողոցներդ իր ձիերուն սմբակներովը պիտի կոխէ, քու ժողովուրդդ սրով պիտի սպաննէ, և քու ամուր բերդերդ գետնի հետ հաւասար պիտի ըլլան: 12Ու քու հարստութիւնդ պիտի թալլեն, ու ապրանքներդ աւար պիտի առնեն. և քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն, ու գեղեցիկ տուներդ պիտի քակեն. և քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն: 13Եւ քու երգերուդ աղաղակը պիտի դադրեցնեմ, ու քու քնարներուդ ձայնը մէյմըն ալ պիտի չլսուի: 14Եւ քեզ չոր ապառաժի պիտի դարձնեմ, ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, մէյմըն ալ պիտի չշինուիս. վասն զի ես Տէրս խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 15Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ Տիւրոսի. Միթէ քու կործանումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չսասանի՞ն. երբ քու մէջդ կոտորած ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեն: 16Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց աթոռներուն վրայէն պիտի իջնեն, և իրենց պատմուճանները պիտի հանեն, ու իրենց նկարագործ հանդերձները պիտի մերկանան, սոսկում պիտի հագնին, գետնի վրայ պիտի նստին, և ամէն վայրկեան պիտի սարսափին, ու քու վրայովդ պիտի ապշին. 17Եւ քու վրայովդ ողբ ընելով՝ քեզի պիտի ըսեն, Ի՞նչպէս կործանեցար, ով ծովաբնակ անուանի , որ ծովուն մէջ զօրաւոր էիր, դուն ու քու բնակիչներդ, որ ահարկու էիք ծովեզերքին բոլոր բնակիչներուն: 18Հիմա քու կործանումիդ օրը կղզիները պիտի դողան, ու ծովու մէջ եղող կղզիները քու բնաջինջ ըլլալուդ վրայով պիտի ապշին: 19Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Երբ քեզ աւերակ քաղաք մը ընեմ այն քաղաքներուն պէս՝ որոնք բնակիչ չունին, և քու վրադ անդունդը հանեմ, ու շատ ջուրերը քեզ ծածկեն, 20Եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին ժողովուրդին իջեցնեմ, ու քեզ գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը, յաւիտենական աւերակներուն մէջ նստեցնեմ, այնպէս որ մէյմըն ալ չբնակուիս, այն ատեն ես կենդանեաց երկրին մէջ պիտի դնեմ: 21Քեզ ամէնուն սոսկում պիտի ընեմ, ու պիտի ոչնչանաս. ու երբ փնտռուիս, ա՛լ յաւիտեան պիտի չգտնուիս, կ’ըսէ Տէր Եհովա:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981