Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
27
Թաղման երգ մը Տիւրոսին համար
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Դուն, որդի մարդոյ, Տիւրոսի վրայ ողբ ըրէ. 3Եւ Տիւրոսի ըսէ, Ով ծովուն մուտքերը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ով Տիւրոս, դուն ըսիր թէ Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ: 4Քու սահմաններդ ծովուն մէջտեղն են. քեզ շինողները քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին: 5Անոնք քու ամէն նաւու տախտակներդ Սանիրի մայրէն շինեցին. Լիբանանէ եղևիններ առին, որպէս զի քեզի կայմեր շինեն: 6Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու նստարաններդ Կիտացւոց կղզիներէն եկած տօսախէ շինեցին փÁղոսկրով պատած: 7Քու բացած առագաստդ Եգիպտոսի նկարագործ բեհեզն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն կապուտակ ու ծիրանեգոյն կերպասն էր: 8Սիդոնի ու Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստուններդ, ով Տիւրոս, անոնք քու նաւավարներդ էին: 9Գեբաղի ծերերը ու անոր իմաստունները քու մէջդ էին՝ քու ծածկուած նաւերդ նորոգելու համար. ծովուն բոլոր նաւերը ու անոնց նաւաստիները քու առուտուրդ ընելու համար քու մէջդ էին: 10Քու զօրքերուդ մէջ պատերազմական մարդիկդ Պարսք, Ղուդացիք ու Փուդացիք էին. քու մէջդ վահան ու սաղաւարտ կախող անոնք էին, ու անոնք քեզ փառաւորեցին: 11Արուադացիք քու զօրքիդ հետ՝ շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ, ու Դամադացիք քու աշտարակներուդ մէջ էին. անոնք իրենց վահանները շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ կը կախէին, անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին: 12Ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին. անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ արծաթի, երկաթի, անագի ու կապարի առուտուր կ’ընէին: 13Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին. անոնք քեզի հետ մարդոց հոգիներու ու պղնձէ ամաններու առուտուր կ’ընէին: 14Թորգոմայի տունէն քու վաճառանոցներդ կը բերէին ձիեր ու ձիաւորներ և ջորիներ: 15Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ կղզիներու վաճառականութիւնը քու ձեռքդ էր. անոնք քեզի հետ փղոսկրի ժանիքներով ու ոպնիազով փոխանակութիւն կ’ընէին: 16Ձեռագործներուդ շատութեանը համար Ասորիները քու վաճառականներդ էին. և քու վաճառանոցներուդ մէջ կարկեհանի, ծիրանեգոյնի, նկարագործ կերպասի, բեհեզի, բուստերու ու կարմիր յակինթի առուտուր կ’ընէին: 17Յուդա ու Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին. անոնք քեզի հետ Մեննիթի ցորենի, խմորեղէնի, մեղրի, իւղի ու բալասանի առուտուր կ’ընէին: 18Ձեռագործներուդ շատութենէն, ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար, Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ Քեղբոնի գինիով ու ճերմակ բուրդով: 19Վէդան ու Յաւան քու վաճառանոցներդ մանած կը բերէին. քու վաճառքներուդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա ու խունկեղէգն կար: 20Կառքերու համար պաստառակալներ բերող վաճառականդ Դեդան էր: 21Արաբացիք ու Կեդարի բոլոր իշխանները քու պատրաստ վաճառականներդ էին. անոնք քեզի հետ գառնուկներու, խոյերու ու նոխազներու առուտուր կ’ընէին: 22Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին, անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ ամէն տեսակ ընտիր խունկերու, և ամէն տեսակ պատուական քարերու ու ոսկիի առուտուր կ’ընէին: 23Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները, Ասորեստան ու Քաղմադ քու վաճառականներդ էին: 24Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ քեզի հետ շքեղ հանդերձներով, կապուտակ ու նկարագործ վերարկուներով ու երփնագեղ զգեստներով լեցուած ու չուաններով կապուած եղևնափայտէ սնտուկներու առուտուր կ’ընէին: 25Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը պտըտէին. ու դուն լեցուեցար ու խիստ փառաւոր եղար ծովուն մէջտեղը: 26Քու թիավարներդ քեզ շատ ջուրերուն բերին. արևելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը կոտրեց: 27Քու ապրանքներդ ու վաճառանոցներդ ու առուտուրդ, քու նաւաստիներդ ու նաւավարներդ, քու նաւերդ նորոգողները ու քեզի հետ առուտուր ընողները, և քու մէջդ եղող բոլոր պատերազմական մարդիկդ, ու քու մէջդ եղող բոլոր բազմութիւնդ քու կործանումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի իյնան: 28Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի սարսին: 29Եւ ամէն թի քաշող նաւաստիները, ամէն ծովու նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն ու ցամաքը պիտի կայնին. 30Եւ իրենց ձայնը քու վրայովդ լսել պիտի տան, ու դառնապէս պիտի աղաղակեն, և իրենց գլուխներուն վրայ հող պիտի դնեն, ու մոխիրի մէջ պիտի թաւալին. 31Ու քեզի համար մազերնին պիտի փետեն և քուրձ պիտի հագնին. ու քեզի համար սրտի ցաւով ու դառն ողբով պիտի լան: 32Եւ իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբալու ձայն պիտի վերցնեն, ու քու վրադ ողբան ըսելով, Ի՞նչ քաղաք կար Տիւրոսի նման՝ որ ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ: 33Քանի որ քու վաճառքներդ ծովէն կ’ելլէին, շատ ազգեր կը կշտացնէիր, շատ ապրանքներովդ ու առուտուրներովդ երկրի թագաւորները կը հարստացնէիր: 34Ջուրերուն խորութեանը մէջ ծովերէն կոտրուած ատենդ՝ քու վաճառականութիւնդ ու բոլոր բազմութիւնդ քու մէջդ ինկան: 35Կղզիներուն բոլոր բնակիչները քու վրայովդ ապշեցան, ու անոնց թագաւորները խիստ զարհուրեցան, իրենց երեսները դեղնեցան: 36Ազգերուն մէջ վաճառականները քու վրադ սուլեցին, դուն սոսկումի պատճառ եղար և յաւիտեան ոչնչացար: