Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
28
Մարգարէութիւն Տիւրոսի թագաւորին դէմ
1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, Տիւրոսի իշխանին ըսէ թէ Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև քու սիրտդ հպարտացաւ, ու ըսիր թէ Ես աստուած մըն եմ, ես ծովուն մէջտեղը Աստուծոյ աթոռը կը նստիմ. սակայն դուն մարդ ես ու ոչ թէ Աստուած, թէև քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր. 3Ահա դուն Դանիէլէ իմաստուն ես, բնաւ գաղտնիք մը քեզմէ չպահուեցաւ. 4Քու իմաստութիւնովդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն ստացար, և գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ ժողվեցիր: 5Շատ իմաստութիւնովդ ու վաճառականութիւնովդ քու հարստութիւնդ շատցուցիր, և քու հարստութեանդ պատճառաւ սիրտդ հպարտացաւ: 6Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև դուն քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր, 7Անոր համար ահա ես քու վրադ օտարներ, ազգաց բռնաւորները, պիտի բերեմ. և անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեանը վրայ սուրերնին պիտի քաշեն, ու քու վայելչութիւնդ պիտի ապականեն. 8Քեզ գուբը պիտի իջեցնեն, ու ծովուն մէջտեղը վիրաւորներուն մահովը պիտի մեռնիս: 9Միթէ քեզ սպաննողներուն առջև պիտի կրնա՞ս ըսել թէ Ես Աստուած եմ. դուն քեզ մեռցնողներուն ձեռքին մէջ մարդ պիտի ըլլաս ու ոչ թէ Աստուած: 10Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահովը պիտի մեռնիս, քանզի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա:
Տիւրոսի թագաւորին անկումը
11Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 12Որդի մարդոյ, Տիւրոսի թագաւորին վրայով ողբ ըրէ, ու անոր ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Դուն որ կատարելութեան կնիքն ես, իմաստութեամբ լեցուած՝ ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ ես, 13Դուն Աստուծոյ դրախտին, Եդեմի, մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամէն պատուական քարերն էին, սարդիոն, տպազիոն ու ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար և յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան և զմրուխտ ու ոսկի. քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ գործը քու ստեղծման օրդ քեզի պատրաստուեցաւ: 14Դուն տարածուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր, ու ես քեզ դրի. և դուն Աստուծոյ սուրբ լեռանը վրայ էիր, դուն հրեղէն քարերուն մէջտեղերը կը շրջէիր: 15Դուն քու ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծման օրէդ մինչև այն օրը՝ որ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ: 16Քու առուտուրիդ շատութեանը համար քու մէջդ զրկանքով լեցուցին, ու մեղք գործեցիր. ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն իբրև պիղծ վար նետեցի, և քեզ, ով ծածկող քերովբէ, հրեղէն քարերուն մէջէն բնաջինջ ըրի: 17Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ հպարտացաւ, քու վայելչութեանդ պատճառաւ քու իմաստութիւնդ աւրեցիր. ես ալ քեզ գետինը նետեցի, քեզ թագաւորներուն առջև դրի տեսարան ըլլալու համար: 18Քու խարդախ վաճառականութիւնովդ ըրած շատ անօրէնութիւններովդ քու սրբութիւններդ պղծեցիր. ես ալ քու մէջէդ կրակ հանեցի, անիկա քեզ կերաւ, ու ամէն քեզ տեսնողներուն աչքին առջև քեզ գետնի վրայ մոխիր ըրի: 19Ազգերուն մէջ ամէն քեզ ճանչցողները քու վրայովդ ապշեցան. դուն սոսկումի պատճառ եղար ու յաւիտեան ոչնչացար:
Մարգարէութիւն Սիդոնին դէմ
20Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 21Որդի մարդոյ, երեսդ Սիդոնի դարձուր, ու անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ, 22Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Սիդոն, և քու մէջդ պիտի փառաւորուիմ. ու երբ անոր մէջ դատաստաններ ընեմ, ու անոր մէջ սուրբ սեպուիմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 23Վասն զի անոր մէջ ժանտախտ ու անոր փողոցներուն մէջ արիւն պիտի ղրկեմ. և շուրջանակի անոր վրայ եղող սրովը անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան. ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 24Եւ Իսրայէլի տանը մէյմըն ալ խայթող տատասկ ու ցաւցնող փուշ պիտի չըլլայ՝ իրենց բոլորտիքը եղող զիրենք ամէն նախատողներէն. ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովա:
Իսրայէլ պիտի օրհնուի
25Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Երբ Իսրայէլի տունը ժողվեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուած են, այն ատեն անոնց մէջ ազգաց աչքերուն առջև սուրբ պիտի սեպուիմ. ու անոնք պիտի բնակին իրենց երկրին մէջ, զոր ես իմ Յակոբ ծառայիս տուի: 26Եւ անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու տուներ պիտի շինեն և այգիներ պիտի տնկեն. ու երբ դատաստաններ ի գործ դնեմ ամէն անոնց բոլորտիքը եղողներուն վրայ՝ որ զանոնք նախատեցին, անոնք ապահովութեամբ պիտի բնակին, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ իրենց Տէր Աստուածը:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981