Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

30

Տէրը Եգիպտոսը պիտի պատժէ

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ողբացէք ու ըսէք, Աւա՜ղ, ցաւալի օր. 3Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն ժամանակը պիտի ըլլայ: 4Ու Եգիպտոսի վրայ սուր պիտի գայ, ու Եթէովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ, երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան. և անոր բազմութիւնը պիտի առնեն, ու անոր հիմերը պիտի կործանին: 5Եթէովպացիք, Փուդացիք և Ղուդացիք ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը և Քուբացիք և ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սրով պիտի իյնան: 6Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան, ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէ մինչև Սուհէն սրով պիտի իյնան անոր մէջ, կ’ըսէ Տէր Եհովա. 7Ու ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան. և անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան: 8Ու երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ, ու անոր բոլոր օգնականները կոտրին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 9Այն օրը իմ առջևէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթէովպացիները վախցնեն, և անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա կու գայ: 10Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Եգիպտոսի բազմութիւնն ալ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքով բնաջինջ պիտի ընեմ: 11Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւրելու պիտի բերուին. անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն, ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն: 12Եւ ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ, ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ու երկիրը և բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսընցնեմ. ես Տէրս խօսեցայ: 13Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ, ու Մեմփիսէ չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ, ու մէյմըն ալ Եգիպտոսի երկրէն պիտի չըլլայ. ու Եգիպտոսի երկրին մէջ վախ պիտի դնեմ: 14Եւ Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ, ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ, ու Նովի մէջ դատաստաններ ի գործ պիտի դնեմ: 15Եւ Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ, ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտրեմ. 16Ու Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ. Սին սաստիկ պիտի տագնապի, ու Նովի պարսպին խրամատութիւն պիտի ըլլայ, և Մեմփիսի ցորեկով պիտի տիրեն թշնամիները: 17Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սրով պիտի իյնան, ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան: 18Նաև Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրեմ. ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչընչանայ. զանիկա պիտի ծածկէ, և անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան: 19Այսպէս Եգիպտոսի մէջ դատաստաններ ի գործ պիտի դնեմ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:

Եգիպտոսի թագաւորին կոտրած ոյժը

20Ու եղաւ որ մետասաներորդ տարին առաջին ամիսը, ամսուն եօթնին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 21Որդի մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի. և ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ոչ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու: 22Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ, ու անոր բազուկները պիտի կոտրեմ, թէ՛ զօրաւորը և թէ՛ կոտրածը, և սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ. 23Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ, և զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ: 24Ու Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ և իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնի բազուկները պիտի կոտրեմ, ու անիկա անոր առջև ի մահ վիրաւորուածին հեծութիւնովը պիտի հեծէ: 25Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, ու Փարաւոնի բազուկները պիտի իյնան. ու երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ, և ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 26Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ. և զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)