Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
32
Եգիպտոսի թագաւորը կոկորդիլոսին հետ կը բաղդատուի
1Ու եղաւ որ երկոտասաներորդ տարին, երկոտասաներորդ ամիսը, ամսուն առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբ ըրէ ու անոր ըսէ, Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիս, Եւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես. Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիս, Ու ոտքերովդ ջուրերը կը խառնես, Եւ անոնց գետերը կը պղտորես: 3Տէր Եհովա այսպես կ’ըսէ. Ես շատ ազգերու ժողովուրդով Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ, Եւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեն: 4Ու քեզ գետինը պիտի նետեմ, Եւ քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ, Ու քու վրադ երկինքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ, Ու բոլոր երկրի գազանները քեզմէ պիտի կշտացնեմ. 5Եւ քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ, Ու քու դէզերովդ ձորերը պիտի լեցնեմ: 6Եւ քու լողացած երկիրդ մինչև լեռները Քու արիւնովդ պիտի ոռոգեմ, Ու հեղեղատները քեզմէ պիտի լեցուին: 7Ու երբ քեզ մարեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմ, Ու անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ. Արևը ամպով պիտի ծածկեմ, Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ: 8Քու վրադ երկինքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ, Եւ քու երկրիդ վրայ մթութիւն պիտի բերեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա: 9Ու երբ քու կործանումիդ լուրը Ազգերուն ու քու չգիտցած երկիրներուդ հասցնեմ, Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ: 10Եւ քու պատճառաւդ շատ ժողովուրդներ պիտի ապշեցնեմ, Ու քու պատճառաւդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին, Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջև երերցնեմ. Ու քու կործանումիդ օրը Ամէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի: 11Քանզի Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ: 12Քու բազմութիւնդ զօրաւորներուն սուրերովը վար պիտի ձգեմ, Անոնց ամէնը ազգերուն բռնաւորներն են. Ու անոնք Եգիպտոսի փառքը պիտի կողոպտեն, Ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի կորսուի: 13Եւ անոր բոլոր անասունները Շատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ. Ու մէյմըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ, Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն: 14Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմ, Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովա, 15Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ, Ու երկիրը բոլորովին ամայի մնայ, Ու երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը: 16Այս ողբն է զոր պիտի զրուցեն Զանիկա ազգերուն աղջիկները պիտի զրուցեն, Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր բազմութեանը վրայ զանիկա պիտի զրուցեն, Կ’ըսէ Տէր Եհովա:
Մահուան աշխարհը
17Ու եղաւ որ երկոտասաներորդ տարին, ամսուն տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 18Որդի մարդոյ, Եգիպտոսի բազմութեանը վրայ ողբա, Եւ զանիկա ու երևելի ազգերուն աղջիկները Գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցուր: 19Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես. Իջիր ու անթլփատներուն հետ պառկէ: 20Անոնք սրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան. Անիկա սուրի տրուեցաւ. Զանիկա ու անոր բոլոր բազմութիւնը քաշկռտեցէք: 21Գերեզմանին մէջէն զօրաւոր կտրիճները Անոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի զրուցեն. Անոնց սրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին: 22Ասուր ու իր բոլոր ժողովքը հոն են. Անոր գերեզմանները իր բոլորտիքն են. Ամէնը սպաննուած՝ սրով ինկած են. 23Որուն գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են, Ու անոր ժողովքը իր գերեզմանին բոլորտիքն է. Ամէնը սպաննուած՝ սրով ինկած են, Անոնք որ կենդանիներուն երկրին մէջ վախ կու տային: 24Եղամ ու իր բոլոր բազմութիւնը Հոն անոր գերեզմանին բոլորտիքն են. Ամէնը սպաննուած՝ սրով ինկած են, Ու գետնին տակերը անթլփատ իջան, Անոնք որ կենդանիներուն երկրին մէջ իրենց վախը կու տային, Սակայն գուբը իջնողներուն հետ իրենց ամօթը կը կրեն: 25Սպաննուածներուն մէջ անկողին դրին անոր ու իր բոլոր բազմութեանը. Անոր գերեզմանները իր բոլորտիքն են. Ամէնը սրով սպաննուած անթլփատներ են. Թէպէտև անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ իրենց վախը կու տային, Սակայն գուբը իջնողներուն հետ իրենց ամօթը կը կրեն. Անիկա սպաննուածներուն մէջ դրուած է: 26Մոսոք ու Թոբել և անոր բոլոր բազմութիւնը հոն են, Անոր գերեզմանները իր բոլորտիքն են. Ամէնը սրով սպաննուած անթլփատներ են, Թէպէտև անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ իրենց վախը կու տային: 27Եւ անոնք անթլփատներէն իյնող զօրաւորներուն հետ պիտի չպառկին, Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջան, Ու իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին. Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան, Թէև անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զօրաւորներուն ահարկութիւն էին: 28Եւ դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտրուիս, Ու սրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս: 29Եդովմ, անոր թագաւորները ու բոլոր իշխանները հոն են, Որոնք իրենց զօրութիւնովը սրով սպաննուածներուն հետ դրուած են. Անոնք անթլփատներուն հետ Ու գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին: 30Հիւսիսի բոլոր իշխանները և բոլոր Սիդոնացիք հոն են, Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան. Անոնք իրենց ահարկութիւնովը իրենց զօրութենէն կ’ամչնան, Եւ անոնք սրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին, Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց ամօթը կը կրեն: 31Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ Եւ իր բոլոր բազմութեանը համար պիտի մխիթարուի, Փարաւոն ու իր բոլոր զօրքը որոնք սրով սպաննուեցան, Կ’ըսէ Տէր Եհովա: 32Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի*, Եւ անիկա անթլփատներուն մէջ սրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկի, Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր բազմութիւնը, Կ’ըսէ Տէր Եհովա:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981