Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

33

Աստուած Եզեկիէլը պահապան կը կարգէ

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ ու անոնց ըսէ, Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ, ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն, 3Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ, և փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ. 4Այն ատեն եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ, և սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ: 5Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին կ’ազատէ: 6Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ և փողը չհնչեցնէ, ու ժողովուրդը չզգուշանայ, և սուրը գայ ու անոնցմէ մը վերցնէ, անիկա իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ: 7Եւ դուն, որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, ու իմ բէրնէս լսես և իմ կողմանէս զանոնք զգուշացնես: 8Երբ ամբարշտին ըսեմ, Ով ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս, ու դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնելու համար չխօսիս, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի փնտռեմ: 9Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ, ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս:

Անհատական պատասխանատուութիւն

10Եւ դուն, որդի մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ, Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք, Մեր յանցանքները ու մեղքերը մեր վրայ են, ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք: 11Անոնց ըսէ, Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի. դարձէք, դարձէք ձեր չար ճամբաներէն, վասն զի ինչո՞ւ մեռնիք, ով Իսրայէլի տունը: 12Եւ դուն, որդի մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ, Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ. ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ոչ ալ արդարը գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ: 13Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի․ ու անիկա արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի: 14Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս, ու անիկա իր մեղքէն դառնայ ու ու արդարութիւն ընէ. 15Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ, ու յափշտակածը հատուցանէ, և անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի: 16Անոր գործած բոլոր մեղքերը իրեն դէմ պիտի չյիշուին. անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի: 17Եւ քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ: 18Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի: 19Ու երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ և իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի: 20Բայց դուք կ’ըսէք թէ Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ. ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ով Իսրայէլի տունը:

Երուսաղէմի անկումին լուրը

21Ու եղաւ որ մեր գերութեանը երկոտասաներորդ տարին, տասներորդ ամսուն հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէ ազատուածին մէկը ինծի եկաւ ու ըսաւ, Քաղաքը զարնուեցաւ: 22Եւ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ, ու իմ բերանս բացաւ մինչև որ առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ, ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ալ համր չէի:

Ժողովուրդին մեղքերը

23Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 24Որդի մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսէն, մէ՛կ մարդ էր, ու երկիրը ժառանգեց. մենք որ շատուոր ենք, երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ: 25Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Դուք միսը արիւնով կ’ուտեք, ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք, և արիւն կը թափէք. ու երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք: 26Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ու ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ. ու երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք: 27Անոնց այսպէս ըսես, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ես կենդանի եմ՝ որ աւերակներուն մէջ եղողները սրով պիտի իյնան, ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր ըլլալու պիտի տամ, և բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին: 28Ու երկիրը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ, և անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի. Իսրայէլի լեռներն ալ ամայի պիտի ըլլան, և անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ: 29Ու երբ երկիրը բոլորովին ամայի ընեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:

Մարգարէին պատգամին արդիւնքները

30Եւ դուն, որդի մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռները քու վրայովդ խօսակցութիւն կ’ընէն, և իրարու՝ ամէն մարդ իր եղբօրը կը զրուցէ ու կ’ըսէ, Հիմա եկէք ու լսեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջմէ ելած խօսքը: 31Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան, ու քու առջևդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին, և քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն ըներ. վասն զի անոնք իրենց բերնովը հաճութիւն կը ձևացնեն, բայց սիրտերնին իրենց ագահութեանը ետևէն կ’երթայ: 32Եւ ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես. որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք ի գործ չեն դներ: 33Սակայն երբ ասիկա ըլլայ, (ահա պիտի ըլլայ,) այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ կար:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)