Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

35

Աստուծոյ պատիժը Եդովմին

1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ Սէիր լեռանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ, 3Եւ անոր ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Սէիր լեռ, ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, ու քեզ բոլորովին ամայի պիտի ընեմ: 4Քու քաղաքներդ աւերակ պիտի ընեմ, և դուն ամայի պիտի ըլլաս, ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը։ 5Որովհետև դուն հինաւուրց ատելութիւն ունեցար, ու Իսրայէլի որդիները, անոնց պատուհասին ժամանակին, անօրէնութեան ժամանակին լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր, 6Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ, և արիւնը քեզ պիտի հալածէ, դուն արիւնը չատելուդ համար՝ արիւնը քեզ պիտի հալածէ։ 7Ու Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ, և անկէ անցնողը ու դարձողը պիտի կտրեմ. 8Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ. քու բլուրներուդ վրայ, քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սրով սպաննուածներ պիտի իյնան։ 9Քեզ մշտնջենաւոր ամայութիւն պիտի ընեմ, և քու քաղաքներդ մէյմըն ալ պիտի չբնակուին. ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 10Որովհետև դուն ըսիր թէ Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան, ու անոնց պիտի տիրենք. (ու Տէրը հոն էր.) 11Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ ի գործ դրած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ, և քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնց մէջ պիտի ճանչցուիմ։ 12Ու պիտի գիտնաս որ ես Տէրս լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, զորոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ խօսեցար՝ ըսելով, Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան: 13Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք, ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք, ու ես զանոնք լսեցի։ 14Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ ամայի պիտի ընեմ։ 15Ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար՝ որ ամայի եղաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ, դուն, ով Սէիր լեռ ու բոլոր Եդովմ, բոլորովին ամայի պիտի ըլլաս, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981