Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

36

Աստուծոյ օրհնութիւնը Իսրայէլին

1Եւ դուն, որդի մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ, Ով Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. 2Որովհետև թշնամին ձեզի համար ըսաւ, Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան, 3Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև ձեզ աւրեցին, ու ամէն կողմէն կլլեցին, այնպէս որ մնացած ազգերուն ժառանգութիւն ըլլաք, ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքը ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք: 4Անոր համար, ով Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովայի խօսքը մտիկ ըրէք, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն, և ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն՝ որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափըշտակութիւն ու նախատինք եղած են։ 5Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Մնացած ազգերուն համար ու բոլոր Եդովմի համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք բոլոր սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց ժառանգութիւն ըլլալու որոշեցին, որպէս զի զանիկա աւարի պէս յափշտակեն։ 6Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ, և լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Դուք ազգերէն նախատինք կրելնուդ համար՝ ահա ես իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ։ 7Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Ես իմ ձեռքս վերցուցի՝ որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը իրենք պիտի կրեն։ 8Բայց դուք, ով Իսրայէլի լեռներ, ձեր ոստերը պիտի երկնցնէք, ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։ 9Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ, և դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք: 10Ու ձեր վրայ մարդիկ, բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնը պիտի շատցնեմ. ու քաղաքները պիտի բնակուին և աւերակները պիտի շինուին։ 11Ու ձեր վրայ մարդը ու անասունը պիտի շատցնեմ, և անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան. և ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեզ պիտի բնակեցնեմ, ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզի․ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ 12Եւ ձեր վրայ մարդիկ, իմ ժողովուրդս Իսրայէլը, պիտի պտըտցնեմ, ու անոնք քեզ պիտի ժառանգեն, և դուն անոնց ժառանգութիւնը պիտի ըլլաս, ու մէյմըն ալ զանոնք պիտի չսպառես*։ 13Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Որովհետև ձեզի համար կ’ըսեն թէ Դուն մարդակեր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր. 14Անոր համար մէյմըն ալ մարդ պիտի չուտես, ու մէյմըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 15Եւ քու մէջդ մէյմըն ալ ազգերուն նախատինքը լսել պիտի չտամ, ու մէյմըն ալ ժողովուրդներուն անարգանքը պիտի չկրես, և քու ազգերդ մէյմըն ալ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովա։

Իսրայէլին նոր կեանքը

16Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, Որդի մարդոյ, 17Իսրայէլի տունը իրենց երկրին մէջ բնակեցան, և զանիկա իրենց ճամբայովը ու գործերովը պղծեցին. անոնց ճամբան իմ առջևս դաշտանաւոր կնոջ անմաքրութեանը պէս եղաւ։ 18Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ զոր իրենք թափեցին երկրին վրայ, ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին. 19Եւ զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի. ու երկիրներուն մէջ ցիրուցան եղան. զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի։ 20Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ Ասոնք Եհովայի ժողովուրդն են, ու անոր երկրէն ելան։ 21Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, զոր Իսրայէլի տունը իրենց մտած ազգերուն մէջ պղծեցին։ 22Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ որ Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ոչ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ով Իսրայէլի տունը, հապա իմ սուրբ անուանս համար զոր դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։ 23Եւ սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, զոր դուք անոնց մէջ պղծեցիք. ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովա, երբ անոնց աչքերուն առջև ձեր մէջ սրբուիմ։ 24Եւ ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու ամէն երկիրներէն ձեզ պիտի ժողվեմ, ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ, 25Եւ ձեր վրայ մաքուր պիտի սրսկեմ, ու պիտի մաքրուիք. ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ. 26Եւ ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ, ու ձեր ներսիդին նոր պիտի դնեմ, և ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ, ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ. 27Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ, ու ձեզի իմ օրէնքներուս մէջ քալել պիտի տամ, ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու ի գործ դնէք: 28Եւ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ պիտի բնակիք, ու դուք ինծի պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի պիտի ըլլամ։ 29Եւ ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ, ու ցորենը պիտի կանչեմ և զանիկա պիտի շատցնեմ, ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։ 30Եւ ծառերուն պտուղը ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի մէյմըն ալ ազգերուն մէջ սովի նախատինք չկրէք։ 31Ու ձեր գէշ ճամբաները և անբարի գործերը պիտի յիշէք, ու ձեր անօրէնութիւններուն համար և ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք, 32Ոչ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովա, ձեզի յայտնի ըլլայ. ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու պատկառեցէք, ով Իսրայէլի տունը։ 33Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Այն օրը որ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքները մարդաբնակ պիտի ընեմ, ու աւերակները պիտի շինուին: 34Եւ այն ամայացած երկիրը, ամէն անցնողին աչքերուն առջև ամայի ըլլալուն տեղ, պիտի մշակուի։ 35Ու պիտի ըսեն, Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ. և աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպաւոր ու մարդաբնակ եղան։ 36Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես Տէրս փլածները կը շինեմ, ու ամայացած երկիրը կը տնկեմ. ես Տէրս խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։ 37Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլի տանը խնդրուածքը ա՛լ պիտի ընդունիմ, որպէս զի անոնց ասիկա ընեմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցընեմ։ 38Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւրուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս լեցուն պիտի ըլլան. ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)