Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
38
Գոգը որպէս գործիք Աստուծոյ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխանին Գոդի դարձուր, և անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ, 3Ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ, Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան. 4Ու քեզ պիտի դարձնեմ, և քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցնեմ, ու քեզ ու քու բոլոր զօրքդ պիտի հանեմ, ձիերը ու ձիաւորները, ամէնն ալ կատարելապէս հագուած, և վահանաւորներուն ու ասպարաւորներուն մեծ ժողովքը՝ ամէնն ալ սուր բռնող. 5Անոնց հետ Պարսիկները, Եթէովպացիները ու Փուդացիները, ամէնն ալ ասպարաւոր ու սաղաւարտաւոր. 6Նաև Գոմեր ու անոր բոլոր գունդերը, Թորգոմայի տունը հիւսիսի ծայրերէն, ու անոր բոլոր գունդերը, շատ ժողովուրդներ, քեզի հետ պիտի հանեմ։ 7Պատրաստ եղիր, և քեզ ու քու քովդ ժողվուած բոլոր ժողովներդ պատրաստէ, ու դուն անոնց պահապան եղիր։ 8Շատ օրերէն ետքը քու զօրքերդ պիտի համրես*. ետքի տարիները պիտի գաս այն երկրին վրայ որ սուրէն ազատուած է, և այն ժողովուրդին վրայ որ շատ ազգերէն ժողվուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ, որոնք մշտնջենաւոր աւերակ էին. բայց անիկա ազգերէն ելած ըլլալով, ամէնը ապահովութեամբ պիտի բնակին։ 9Իսկ դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս, ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաս, դուն և քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ։ 10Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Այն օրը պիտի ըլլայ որ քու միտքդ բաներ պիտի գան, ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես։ 11Ու պիտի ըսես, Անպարիսպ գեղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն, վրայ երթամ. անոնց ամէնը անպարիսպ տեղեր կը բնակին, և նիգեր ու դռներ չունին. 12Որպէս զի աւար յափշտակես և կողոպուտ կողոպտես, և քու ձեռքդ՝ բնակուած աւերակներուն վրայ ու ազգերէն ժողվուած և խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակած ժողովուրդին վրայ դարձնես։ 13Սաբա ու Դեդան և Թարսիսի վաճառականները ու անոր բոլոր առոյգ առիւծները քեզի պիտի ըսեն. Միթէ աւա՞ր յափշտակելու եկար. կողոպո՞ւտ կողոպտելու համար քու ժողովքդ ժողվեցիր, որպէս զի արծաթ ու ոսկի վերցնես, խաշինք ու ապրանք առնես, մեծ աւար յափշտակես։ 14Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ, որդի մարդոյ, ու Գոգի ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Այն օրը որ իմ ժողովուրդս Իսրայէլ ապահովութեամբ բնակի՝ ահա դուն պիտի գիտնաս, 15Ու քու տեղէդ, հիւսիսի ծայրերէն, պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով. 16Եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ ամպի պէս երկիրը ծածկելու պիտի ելլես. ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ, ու քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան երբ ես անոնց աչքերուն առջև քու վրադ փառաւորուիմ, ով Գոգ։
Աստուծոյ պատիժը Գոգին
17Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Դուն անիկա՞ ես, որ քեզի համար առաջուան օրերը, այն օրերը ու տարիները մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն, իմ ծառաներուս, միջոցով ըսի թէ քեզ անոնց վրայ պիտի բերեմ։ 18Եւ այն օրը, Գոգի Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովա, իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։ 19Եւ իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը, խօսեցայ, որ այն ատեն անշուշտ Իսրայէլի երկրին վրայ մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ. 20Եւ ծովու ձուկերը ու երկինքի թռչունները և դաշտի գազանները ու գետնի վրայ սողացող բոլոր սողունները ու երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ երեսէս պիտի խռովին. և լեռները պիտի փլչին, ու գահավէժ ժայռերը պիտի իյնան, ու բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։ 21Եւ անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուր պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա. մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ։ 22Եւ անոր հետ ժանտախտով ու արիւնով պիտի վիճիմ, և անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող շատ ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրև ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղամ։ 23Եւ շատ ազգերու առջև պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ և ճանչցուիմ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։