Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

39

Գոգի պարտութիւնը

1Եւ դուն, որդի մարդոյ, Գոգի վրայով մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես քեզի դէմ եմ, ով Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի . 2Ու ես քեզ պիտի դարձնեմ, քեզ պիտի տանիմ և հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ, ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։ 3Եւ քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ, ու քու նետերդ աջ ձեռքէդ վար պիտի նետեմ։ 4Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս. քեզ ամէն տեսակ թև ունեցող գիշատիչ թռչունին ու դաշտի գազաններուն կերակուր պիտի տամ: 5Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 6Եւ Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 7Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ. ու պիտի չթողում որ մէյմըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի. ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։ 8Ահա կու գայ, ու պիտի կատարուի, կ’ըսէ Տէր Եհովա. իմ ըսած օրս ասիկա է։ 9Եւ Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն, ու կրակ պիտի վառեն, ու զէնքերը պիտի այրեն. և ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։ 10Եւ դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ոչ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն. ու զիրենք թալլողները պիտի թալլեն, ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն, կ’ըսէ Տէր Եհովա։

Գոգի թաղումը

11Ու պիտի ըլլայ որ այն օրը հոն Իսրայէլի մէջ Գոգի գերեզմանի տեղ պիտի տամ անցաւորաց ձորը՝ ծովուն արևելեան կողմէն. և անիկա անցաւորները պիտի արգիլէ, ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն, և զանիկա Գոգի բազմութեան ձորը պիտի կոչեն։ 12Ու Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։ 13Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն. և ասիկա անոնց մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովա։ 14Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին, ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիսէն ետքը պիտի փնտռեն։ 15Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի կանգնեն մինչև թաղողները զանիկա Գոգի բազմութեան ձորը թաղեն։ 16Ու քաղաքին անունն ալ Համոնա պիտի ըլլայ. այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։ 17Եւ դուն, որդի մարդոյ, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ամէն տեսակ թևաւոր թռչունին ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ, Ժողվուեցէք ու եկէք. իմ ձեզի համար զոհած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին. ամէն կողմէն մօտեցէք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք. 18Զօրաւորներուն միսը ուտէք, ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք, խոյերու, գառներու, նոխազներու և զուարակներու՝ որոնց ամէնը Բասանի գէր անասուններ են։ 19Եւ ձեզի համար զոհած զոհէս՝ մինչև կշտանալնիդ ճարպ ուտէք, ու մինչև գինովնալնիդ արիւն խմէք։ 20Եւ իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն կշտանաք, կ’ըսէ Տէր Եհովա։

Իսրայէլին վերահաստատումը

21Եւ ազգերուն մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ, ու ամէն ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։ 22Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն ետև ա՛լ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։ 23Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը իրենց անօրէնութեանը համար, ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար, գերի եղան, ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի, և զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի, ու ամէնը սրով ինկան։ 24Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի, ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի։ 25Անոր համար Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Հիմա Յակոբի գերութիւնը պիտի դարձնեմ, ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ, և իմ սուրբ անուանս համար նախանձաւոր պիտի ըլլամ։ 26Ու երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին, ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։ 27Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ, ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն ժողվեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգաց աչքերուն առջև պիտի սրբուիմ։ 28Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետև զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի, ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը ժողվեցի, և ա՛լ անոնցմէ հոն մարդ մը չթողուցի։ 29Ու մէյմըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ. քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի, կ’ըսէ Տէր Եհովա։

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)