Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
40
Ապագայ տաճարին տեսիլքը (40:-1-48:35)
Եզեկիէլ Երուսաղէմ կը տարուի
1Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարին, առաջին ամիսը* ամսուն տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն չորեքտասաներորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ, ու զիս հոն տարաւ. 2Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ, և զիս խիստ բարձր լեռան մը վրայ դրաւ. ու անոր վրայ հարաւային կողմը քաղաքի մը շինուածքի պէս երևոյթ մը կար։ 3Ու երբ զիս հոն տարաւ, ահա մարդ մը՝ որուն երևոյթը պղնձի երեւութի պէս էր, և անոր ձեռքը քթանէ լար ու չափի եղէգ կար, ու անիկա դուռը կայներ էր։ 4Եւ այն մարդը ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, աչքերովդ տես ու ականջներովդ լսէ, ու քեզի ամէն ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ. վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ. ամէն տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմէ։
Արևելեան դուռը
5Եւ ահա տանը դուրսէն շուրջանակի պարիսպ կար, ու այն մարդուն ձեռքը վեց կանգունի երկայնութեամբ չափի եղէգ մը կար, կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ ըլլալով. ու *պարիսպին լայնութիւնը եղէգ մը, ու բարձրութիւնը եղէգ մը չափեց։ 6Եւ անիկա դէպ ի արևելք նայող դուռը եկաւ, ու անոր աստիճաններուն վրայ ելաւ, ու դրանը մէկ սեամը եղէգ մը լայն. ու միւս սեամը եղէգ մը լայն չափեց։ 7Եւ ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր, ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր. և դրանը սրահին քով եղող դրանը սեամը ներսէն մէկ կանգուն էր։ 8Ու անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։ 9Եւ դրանը սրահը ութ կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր, ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։ 10Ու դէպ ի արևելք եղող դրանը խուցերը մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք էին, ու երեքին չափը մէկ էր. և դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մէկ էր։ 11Ու դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, ու դրանը երկայնութիւնը տասուիրեք կանգուն։ 12Եւ խուցերուն առջև մէկ կողմէն մէկ կանգունի սահման, ու միւս կողմէն մէկ կանգունի սահման մը կար ու խուցերը մէկ կողմէն վեց կանգուն, ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։ 13Եւ դուռը չափեց մէկ խուցին տանիքէն մինչև միւսին տանիքը. անոր լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր, ու մուտքերը դիմացէ դիմաց էին։ 14Եւ դրանդիքներուն զարդերը վաթսուն կանգուն ըրաւ, մինչև դրանը բոլորտիքը եղող գաւիթին դրանդիքը։ 15Եւ դուրսի դրանը երեսէն մինչև ներսի դրանը սրահին երեսը յիսուն կանգուն էր։ 16Ու խուցերուն և անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն շուրջանակի վանդակապատ պատուհաններ կային, սրահներն ալ այսպէս էին, ու ներսի կողմէն շուրջանակի պատուհաններ կային. և դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։
Դուրսի գաւիթը
17Ու զիս դուրսի գաւիթը բերաւ, և ահա հոն սենեակներ, ու գաւիթին համար շինուած շուրջանակի քարայատակ կար. ու քարայատակին վրայ երեսուն սենեակ կար։ 18Եւ դռներուն քովի քարայատակը դռներուն երկայնութեանը դիմաց եղող վարի քարայատակն էր։ 19Ու անիկա վարի դրանը առջևէն մինչև ներքին սրահին առջև դուրսէն՝ դէպ ի արևելք ու հիւսիս լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։
Հիւսիսային դուռը
20Եւ դուրսի գաւիթին դէպ ի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։ 21Ու անոր խուցերը երեք մէկ կողմէն էին, ու երեք միւս կողմէն, և անոր դրանդիքները ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին, անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 22Եւ պատուհանները ու սրահները ու արմաւենիները դէպ ի արևելք նայող դրանը չափովն էին, ու եօթը աստիճանով այն դուռը կ’ելլէին. և սրահները անոնց առջև էին։ 23Ու ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արևելեան դրանը դիմաց, ու մէկ դռնէն մինչև միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։
Հարաւային դուռը
24Եւ զիս հարաւային կողմը տարաւ, և ահա հարաւային կողմը դուռ մը կար. ու անոր դրանդիքները ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերուն համեմատ էին։ 25Եւ անիկա ու անոր սրահները նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին շուրջանակի. անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 26Եւ այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար, ու անոր սրահները անոնց առջև էին. ու անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։
Ներսի գաւիթը։ Հարաւային դուռը
27Ու ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր դէպ ի հարաւ, ու մէկ դռնէն մինչև միւս դուռը դէպ ի հարաւ հարիւր կանգուն չափեց։ 28Եւ զիս հարաւային դուռնէն ներսի գաւիթը բերաւ, ու հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր։ 29Եւ անոր խուցերը ու դրանդիքները ու սրահները նոյն չափերուն համեմատ էին. և անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 30Եւ սրահները շուրջանակի քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։ 31Եւ սրահները դէպ ի դուրսի գաւիթն էին, ու դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային. և այն դուռը ելլելու համար ութ աստիճան կար։
Ներսի գաւիթը։ Արևելեան դուռը
32Եւ զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպ ի արևելք, ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր։ 33Եւ անոր խուցերը ու դրանդիքները ու սրահները նոյն չափերուն համեմատ էին. և անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 34Եւ անոր սրահները դէպ ի դուրսի գաւիթն էին, ու անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին, և այն դուռը ելլելու համար ութ աստիճան կար։
Ներսի գաւիթը։ Հիւսիսային դուռը
35Ու զիս հիւսիսային դուռը բերաւ, ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց 36Խուցերը, դրանդիքները ու սրահները, և շուրջանակի պատուհաններ ունէր. անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ 37Եւ անոր դրանդիքները դէպ ի դուրսի գաւիթն էին, ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին. և այն դուռը ելլելու համար ութ աստիճան կար։
Շինութիւններ հիւսիսային դրան մօտ
38Ու սենեակ մը կար որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր. ողջակէզը հոն կը լուային։ 39Եւ դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն երկու սեղան, ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզը ու մեղքի պատարագը ու յանցանքի պատարագը մորթեն։ 40Եւ հիւսիսային դրանը մուտքը ելլելուն դուրսի կողմը երկու սեղան, ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։ 41Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան, ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, ութ սեղան էր, ու անոնց վրայ կը մորթէին։ 42Եւ չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն, ու մէկ կանգուն բարձր էին. և ողջակէզը ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։ 43Ու ներսէն շուրջանակի չորս մատնաչափ եզերք մը շինուած էր. ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր։ 44Եւ ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգեցողներուն սենեակները կային, ու անոնց երեսը դէպ ի հարաւ էր. մէկը արևելեան դրանը քով էր, ու երեսը դէպ ի հիւսիս էր։ 45Եւ ինծի ըսաւ, Այս սենեակը որ դէպ ի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է. 46Ու այն սենեակը որ դէպ ի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է. անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղևիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։
Ներսի գաւիթը և տաճարը
47Եւ գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը հարիւր կանգուն, ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր, անիկա քառակուսի էր. ու սեղանը տանը առջև էր։ 48Եւ զիս տանը սրահը տարաւ, ու սրահին դրանդիքները չափեց, հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն. և դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն, ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։ 49Սրահին երկայնութիւնը քսան կանգուն, ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր, և հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին. ու դրանդիքներուն քով սիւներ կային, մէկը մէկ կողմէն, միւսն ալ միւս կողմէն։
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981