Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

41

1Եւ զիս տաճարը տարաւ, ու անոր դրանդիքները չափեց, մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։ 2Եւ դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր, ու դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն, ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին. և անոր երկայնութիւնը քառասուն կանգուն, ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։ 3Ու ներս մտաւ, և դրանը դրանդիքները երկու կանգուն, ու դուռը վեց կանգուն չափեց. ու դրանը լայնութիւնը եօթը կանգուն էր։ 4Եւ անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն, ու լայնութիւնը քսան կանգուն՝ տաճարին լայնութեանը համեմատ. ու ինծի ըսաւ, Ասիկա է սրբութիւն սրբութեանցը։

Տաճարին պատին դէմ շինուած սենեակներ

5Եւ տանը պատը վեց կանգուն, ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։ 6Ու սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով, ու թիւով երեսուն. և անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ որ սենեակներուն համար շինուած էր շուրջանակի․ որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին մէջ չէին կռթներ։ 7Ու սենեակները ելլելու համար՝ լայնցող ու շրջանակաւոր սանդուխ մը կար, որ տանը բոլորտիքը՝ վեր ելլելու համար տունը կը պտըտէր. անոր համար ելլելով տունը կը լայննար, և այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։ 8Ու շուրջանակի տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, վեց մեծ կանգուն էին։ 9Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր, ու մնացածը սենեակներուն ներսի միջոցն էր։ 10Եւ դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։ 11Ու սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը դէպ ի հիւսիս, և մուտքին մէկը դէպ ի հարաւ կը նայէր. ու մնացած տեղին լայնութիւնը շուրջանակի հինգ կանգուն էր։

Արևմտեան շէնքը

12Եւ զատուած տեղին առջև, դէպ ի արևմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը, եօթանասուն կանգուն էր. ու շէնքին պատը շուրջանակի հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը իննսուն կանգուն էր։

Տաճարին շէնքին ընդհանուր չափը

13Եւ տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց. ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։ 14Եւ տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպ ի արևելք հարիւր կանգուն լայն էր։

Տաճարին շէնքին մանրամասնութիւնները

15Ու տանը ետևի կողմէն՝ զատուած տեղին դիմաց եղող շէնքին երկայնութիւնը և անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։ 16Դրանը սեմերը ու վանդակապատ պատուհանները. և շուրջանակի այն երեք շէնքերուն սեմերուն դիմաց եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակամած շինուած էին գետնէն մինչև պատուհանները, ու պատուհանները ծածկուած էին. 17Նաև դրանը վրայ ու մինչև ներքին տունը, և դուրսէն ու բոլոր պատը շուրջանակի ներսէն ու դուրսէն իրենց չափերովը։ 18Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, ու երկու քերովբէներուն մէջտեղ մը, ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։ 19Այսինքն մէկ կողմէն դէպ ի արմաւենին մարդու երէս, ու միւս կողմէն դէպ ի արմաւենին առոյգ առիւծի երես. բոլոր տանը քանդակը շուրջանակի այսպէս էր։ 20Յատակէն մինչև դրանը վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ։ 21Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին, ու սրբարանին երեսը, մէկուն երևոյթը միւսին երևութին պէս էր։

Փայտէ սեղանը

22Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր, ու երկայնութիւնը երկու կանգուն էր, և անոր անկիւնները իրմէ էին, ու անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին. ու անիկա ինծի ըսաւ, Ասիկա է Տէրոջը առջև եղող սեղանը։

Դռները

23Եւ տաճարը ու սրբարանը երկու դուռ ունէին. 24Ու դռները երկերկու փեղկ ունէին, ու փեղկերը երկուքի կը ծալուէին. երկու փեղկ մէկը ունէր, ու երկու փեղկ միւսը։ 25Եւ անոնց վրայ, տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին. ու դուրսէն սրահին երեսը փայտէ սանդուխ մը կար։ 26Եւ սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ և սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981