Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
44
Արևելեան դրան գործածութիւնը
1Եւ զիս սրբարանին դէպ ի արևելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց, ու անիկա գոց էր: 2Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Այս դուռը գոց պիտի մնայ, ու պիտի չբացուի, ու անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ: 3Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջև հաց ուտելու համար. անիկա դրանը սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ:
Տաճարի մուտքին կանոնները
4Եւ զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջև բերաւ. ու տեսայ որ ահա Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ու երեսիս վրայ ինկայ: 5Եւ Տէրը ինծի ըսաւ, Որդի մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ամէն ըսածս սրտիդ մէջ դիր, ու աչքերովդ նայէ և ականջներովդ լսէ, ու տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ. 6Եւ ապստամբներուն, Իսրայէլի տանը, ըսես, Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ալ հերիք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ով Իսրայէլի տունը, 7Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մտցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ ըլլան ու իմ տունս պըղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպը ու արիւնը կը մատուցանէիք. ու ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին: 8Եւ իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւնը չպահեցիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս իմ պահպանութեանս վրայ պահապաններ դրիք:
Ղեւտացիները քահանայութենէ կը հեռացուին
9Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթփլատ բնաւ օտարազգի մը իմ սրբարանս պիտի չմտնէ: 10Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինծմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետևէն գացին, իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն. 11Եւ իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ, ու տաճարին սպասաւորները պիտի ըլլան. ժողովուրդին համար ողջակէզները ու զոհերը անոնք պիտի մորթեն, ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջև անոնք պիտի կայնին: 12Որովհետև անոնց համար անոնց կուռքերուն առջև ծառայութիւն ըրին, ու Իսրայէլի տանը գայթակղութիւն ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայով իմ ձեռքս վերցուցի, կ’ըսէ Տէր Եհովա, որ իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն. 13Եւ ինծի պիտի չմօտենան ինծի քահանայութիւն ընելու՝ ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս և ամենասուրբ բաներուս մօտենալու, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց ըրած պղծութիւնները պիտի կրեն: 14Սակայն զանոնք տանը պահպանութեանը վրայ պահապան պիտի դնեմ՝ անոր ամէն ծառայութեանը համար, ու անոր մէջ ըլլալու ամէն գործին համար:
Քահանաները
15Բայց Ղեւտացի քահանաները, Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը պահեցին՝ երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, և ճարպը ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջևս պիտի կայնին, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 16Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն, ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար անոնք պիտի մօտենան իմ սեղանիս, և իմ պահպանութիւնս պիտի պահեն: 17Ու երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին, ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի չհագնին: 18Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշներ ըլլան, ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ ըլլան, ու քրտնցնող բան պիտի չհագնին: 19Ու երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտօնի զգեստները պիտի հանեն, ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն, և ուրիշ զգեստներ պիտի հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն: 20Եւ գլուխնին պիտի չածիլեն, ոչ ալ վարսքերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխնուն մազերը փոքրեն: 21Ու բնաւ քահանայ մը գինի չխմէ երբ ներքին գաւիթը կը մտնէ: 22Ու որբևարին կամ արձակուածը իրենց կին չառնեն, հապա Իսրայէլի տանը սերունդէն եղող կոյսը, կամ քահանայէ մը որբևարի մնացած կինը առնեն: 23Ու իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պիտի սորվեցնեն, և անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն: 24Ու դատերու վրայ անոնք պիտի կենան դատաստան ընելու համար, ու իմ իրաւունքներուս համեմատ զանոնք դատեն, և իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն, ու իմ շաբաթներս սրբեն: 25Եւ մարդու մեռելի քով չերթան՝ որ պղծուին. հապա միայն հօր համար, կամ մօր համար, կամ տղու համար, կամ աղջկան համար, եղբօր համար, կամ չամուսնացած քրոջ համար պղծուին: 26Ու մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի համրեն անոր: 27Եւ անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը սրբարանը մտած օրը՝ անիկա իր մեղքի պատարագը պիտի մատուցանէ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 28Եւ ասիկա անոնց ժառանգութիւն ըլլայ. անոնց ժառանգութիւնը ես եմ. ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուածք չտաք. անոնց կալուածքը ես եմ: 29Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը և յանցանքի պատարագը անոնք պիտի ուտեն. ու Իսրայէլի մէջ ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ: 30Եւ ամէն տեսակ բանին բոլոր երախայրիներուն առաջինը, ու ձեր բոլոր ընծաներէն ամէն բանի ընծային բոլորը քահանային պիտի ըլլայ. ու ձեր խմորներուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի քու տանդ վրայ օրհնութիւն բերես: 31Քահանաները բնաւ մեռած կամ գազանաբեկ անասունի մը միսը պիտի չուտեն, թէ՛ թռչուն ըլլայ ան և թէ՛ չորքոտանի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981