Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

45

Երկրէն Տէրոջը բաժինը

1Ու երբ երկիրը վիճակով ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանէք Տէրոջը. ասիկա շուրջանակի իր բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ: 2Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւրը սրբարանին համար ըլլայ, ու անիկա շուրջանակի յիսուն կանգուն արուարձան ունենայ: 3Եւ այս չափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար, ու լայնութիւնը տասը հազար չափես, ու անոր մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, ամենասուրբ տեղը: 4Ասիկա Տէրոջը ծառայութիւն ընելու մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն, համար սուրբ ըլլայ երկրէն, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը ու սըր- բարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ: 5Եւ տանը ծառայութիւնը ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուածք պիտի ունենան, նաև քսան սենեակ: 6Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածքը պիտի տաք սրբարանին ընծային քով. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը ըլլայ:

Իշխանին կալուածը

7Եւ իշխանին կալուածքը՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածքին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային և քաղաքին կալուածքին դիմաց արևմտեան ծայրէն դէպ ի արևմուտք, ու արևելեան ծայրէն դէպ ի արևելք ըլլայ. ու երկայնութիւնը արևմտեան սահմանէն մինչև արևելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար ըլլայ: 8Իսրայէլի մէջ երկրէն ասիկա անոր կալուածք ըլլայ, ու իմ իշխաններս մէյմըն ալ իմ ժողովուրդս չհարստահարեն. ու մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ:

Կանոններ իշխանին համար

9Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ալ հերիք է ձեզի, ով Իսրայէլի իշխաններ. զրկանքը ու յափշտակութիւնը վերցուցէք, և ու արդարութիւն ըրէք. իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջումները վերցուցէք, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 10Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն արդար ու ձեր մարը արդար ըլլայ. 11Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլան, որպէս զի մարը քոռին տասներորդը պարունակէ՝ ու արդուն ալ քոռին տասներորդը. քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը: 12Եւ սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ. ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ: 13Ձեր մատուցանելու ընծան ասիկա ըլլայ. ցորենի քոռէն արդուին վեցերորդ մասը՝ ու գարիի քոռէն արդուին վեցերորդ մասը. 14Ու իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ. իւղին մարէն՝ մարին տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է. 15Եւ Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար: Ասոնք պիտի մատուցանէն իբրև հացի ընծայ ու ողջակէզ և խաղաղութեան , որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ, կ’ըսէ Տէր Եհովա: 16Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի մէջ եղողին տալու պարտաւոր պիտի ըլլան: 17Եւ տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան և թափելու նուէրը իշխանին վրայ պիտի ըլլան. մեղքի պատարագը ու հացի ընծան ու ողջակէզը և խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար:

Տօներ

18Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Առաջին ամսուն առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առնես, ու սրբարանը մաքրես. 19Եւ քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ, և տանը դրանդիքներուն վրայ, ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ, և ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ դնէ: 20Ամսուն եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ընես, և տանը համար քաւութիւն պիտի ընէք: 21Առաջին ամսուն չորեքտասաներորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ. եօթը օր տօն պիտի պահուի ու ուտուի: 22Եւ այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրև մեղքի . 23Ու տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ, այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ, և ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ իբրև մեղքի պատարագ: 24Ու ամէն մէկ զուարակին համար՝ մէկ արդու, և ամէն մէկ խոյին համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ, ու ամէն մէկ արդուին համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանէ. 25Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուն հնգետասաններորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981