Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
46
Իշխանը և տօները
1Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ներքին գաւիթին դէպ ի արևելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց ըլլայ. ու շաբաթ օրը բացուի, ու ամսագլխուն օրը բացուի. 2Եւ իշխանը այն դրանը սրահին ճամբայէն դուրսէն պիտի մտնէ, ու դրանը դրանդիքներուն քով կայնի. և քահանաները անոր ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն, ու անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ. և այն դուռը մինչև իրիկուն պիտի չգոցուի: 3Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջև այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն: 4Եւ իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլայ: 5Եւ խոյին համար հացի ընծայ մէկ արդու, ու գառներու համար հացի ընծայ ձեռքէն եկածը, և ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանէ: 6Ու ամսագլխուն օրը՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պիտի ըլլան: 7Եւ զուարակին համար մէկ արդու՝ և խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանէ, ու գառներու համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ, և ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլայ: 8Ու երբ իշխանը գայ՝ դրանը սրահին ճամբայէն մտնէ, և նոյն ճամբայէն ելլէ: 9Ու երկրին ժողովուրդը, հանդիսաւոր օրերուն մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջև եկած ատեննին, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն ելլէ, ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն ելլէ. մտած դրանը ճամբայէն չդառնայ, հապա անոր դիմացինէն ելլէ: 10Եւ իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ մտնէ, ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ ելլէ: 11Եւ տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը, և ամէն խոյի համար արդու մը ըլլայ, ու գառներու համար՝ ձեռքէն եկածը, ու ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլայ: 12Եւ եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը, կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպ ի արևելք նայող դուռը անոր բանան. ու անիկա իր ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհը մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ, ու ելլէ. և անոր ելլելէն ետքը դուռը գոցեն:
Ամենօրեայ ողջակէզ
13Ու ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանես, զանիկա ամէն առտու մատուցանես. 14Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանես, ու հիմէնին երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ ըլլայ: 15Եւ գառնուկը ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու մատուցանեն. ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզ ըլլայ:
Իշխանը և կալուածը
16Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգև տայ, անոր ժառանգութիւնը անոր որդիներուն ըլլայ. անիկա ժառանգութեան կալուածք մը ըլլայ անոնց: 17Իսկ երբ իր ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգև տայ, այն ատեն անիկա մինչև թողութեան տարին անոր պիտի ըլլայ, ետքը իշխանին պիտի դառնայ. վասն զի անոր ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ: 18Եւ իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն չառնէ՝ զանոնք իրենց կալուածքէն զրկելով. իր որդիներուն իր կալուածքէն ժառանգութիւն տայ, որպէս զի իմ ժողովուրդս՝ ամէն մէկը իր կալուածքէն չցրուի:
Տաճարին խոհանոցները
19Եւ զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպ ի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ, և ահա հոն ետևի կողմերը դէպ ի արևմուտք տեղ մը կար. 20Ու ինծի ըսաւ, Ասիկա այն տեղն է՝ ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն, ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն: 21Եւ զիս դուրսի գաւիթը հանեց, ու զիս գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց, և ահա գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէյմէկ գաւիթ կար: 22Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն լայնութեամբ շուրջանակի գոցուած* գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր անկիւններուն մէջ: 23Եւ անոնց բոլորտիքը, չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու կարգ մը կար, ու այն կարգերուն տակ շուրջանակի եփարաններ շինուած էին: 24Ու ինծի ըսաւ, Ասոնք եփողներուն տեղերն են, ուր տանը պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981