Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
48
Երկրին բաժանումը ցեղերուն մէջ
1Եւ ցեղերուն անունները ասոնք են. Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպ ի Եմաթ երթալով՝ մինչև Ասար-ենան որ Դամասկոսի սահմանն է դէպ ի հիւսիս մինչև Եմաթի քով, ու արևելեան կողմէն մինչև արևմուտք Դանի մէկ բաժին ըլլայ. 2Եւ Դանի սահմանին քով. արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Ասերի մէկ բաժին ըլլայ. 3Ու Ասերի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Նեփթաղիմի մէկ բաժին ըլլայ. 4Ու Նեփթաղիմի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Մանասէի մէկ բաժին ըլլայ. 5Եւ Մանասէի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Եփրեմի մէկ բաժին ըլլայ. 6Ու Եփրեմի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Ռուբէնի մէկ բաժին ըլլայ. 7Եւ Ռուբէնի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Յուդայի մէկ բաժին ըլլայ: 8Եւ Յուդայի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան՝ զոր պիտի նուիրէք. ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն. և միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը. և սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ: 9Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար երկայնութիւն, ու տասը հազար լայնութիւն ունենայ: 10Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն. հիւսիսէն՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար, ու արևմուտքէն՝ լայնութիւնը տասը հազար, և արևելքէն՝ լայնութիւնը տասը հազար, ու հարաւէն՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար եղէգ, ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը ըլլայ: 11Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս պահեցին, ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան: 12Ու երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ Ղեւտացւոց սահմանին քով: 13Եւ քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացւոց բաժինը ըլլայ քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ. բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար, ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ: 14Եւ անկէ պիտի չծախեն ու չփոխեն, ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ չդարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է: 15Եւ քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար, և քաղաքը անոր մէջտեղը ըլլայ: 16Ու անոր չափերը ասոնք ըլլան. Հիւսիսային կողմը չորս հազար հինգ հարիւր, և հարաւային կողմը չորս հազար հինգ հարիւր, և արևելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր, ու արևմտեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր: 17Եւ քաղաքին արուարձանը դէպ ի հիւսիս երկու հարիւր յիսուն, ու դէպ ի հարաւ երկու հարիւր յիսուն, և դէպ ի արևելք երկու հարիւր յիսուն, և դէպ ի արևմուտք երկու հարիւր յիսուն ըլլայ: 18Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպ ի արևելք տասը հազարը, ու դէպ ի արևմուտք տասը հազարը, (որ սուրբ ընծային քով է,) անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւնը ընողներուն կերակուր ըլլայ: 19Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի ամէ ցեղերէն պիտի ըլլան: 20Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար ըլլայ, ու սուրբ ընծան քաղաքին կալուածքին հետ մէկտեղ քառակուսի մատուցանէք: 21Եւ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածքին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին համար ըլլայ. նուիրուած քսանըհինգ հազարին դիմաց մինչև արևելեան սահմանը ու դէպ ի արևմուտք քսանըհինգ հազարին դիմաց մինչև արևմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին համար ըլլայ: Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան, ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ: 22Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացւոց կալուածքէն ու քաղաքին կալուածքէն դուրս՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղ իշխանին պիտի ըլլայ:
Ուրիշ ցեղերու կալուածներ
23Եւ մնացած ցեղերուն՝ արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Բենիամինի մէկ բաժին ըլլայ. 24Ու Բենիամինի սահմանին քով, արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Շմաւոնի մէկ բաժին ըլլայ. 25Եւ Շմաւոնի սահմանին քով արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Իսաքարի մէկ բաժին ըլլայ. 26Ու Իսաքարի սահմանին քով արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Զաբուղոնի մէկ բաժին ըլլայ. 27Եւ Զաբուղոնի սահմանին քով արևելեան կողմէն մինչև արևմտեան կողմը, Գադի մէկ բաժին ըլլայ: 28Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպ ի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէ մինչև Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ, ու մինչև մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ: 29Այս է այն երկիրը զոր Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար. ու անոնց բաժինները ասոնք են, կ’ըսէ Տէր Եհովա:
Երուսաղէմին դռները
30Եւ քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, 31(Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան.) երեք դուռ դէպ ի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնի, մէկ դուռ Յուդայի ու մէկ դուռ Ղևիի. 32Եւ արևելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփի, մէկ դուռ Բենիամինի ու մէկ դուռ Դանի. 33Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնի, մէկ դուռ Իսաքարի ու մէկ դուռ Զաբուղոնի. 34Արևմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադի, մէկ դուռ Ասերի ու մէկ դուռ Նեփթաղիմի: 35Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ. ու այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա պիտի ըլլայ:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981