Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

6

Տէրը կը դատապարտէ կռապաշտութիւնը

1Ե Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով, 2Որդի մարդոյ, երեսդ Իսրայէլի լեռներուն դարձուր, ու անոնց մարգարէութիւն ըրէ, 3Ու ըսէ, Ով Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովայի խօսքը մտիկ ըրէք. Այսպէս կ’ըսէ Եհովա Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ, ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ. 4Եւ ձեր սեղանները աւերակ պիտի մնան, ու ձեր արեգական կուռքերը պիտի կոտրտին. և ձեր մէջէն սպաննուածները ձեր կուռքերուն առջև ինկած պիտի ձգեմ: 5Ու Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց կուռքերուն առջև պիտի դնեմ, և ձեր ոսկորները ձեր սեղաններուն բոլորտիքը պիտի ցրուեմ: 6Ձեր ամէն բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան. ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան, և ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին, և ձեր արեգական կուռքերը կործանին, ու ձեր գործերը ջնջուին: 7Ու ձեր մէջ սպաննուածները պիտի իյնան, և պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 8Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ սուրէն ազատուածները ազգերուն մէջ մնացորդ պիտի թողում: 9Եւ ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ ուր գերի պիտի քշուին, վասն զի իրենց շնացող ու ինծմէ խոտորած սրտովը ու իրենց կուռքերուն ետևէն պոռնկութիւն ընող աչքերովը տանջուեցայ*. և անոնք իրենց բոլոր պղծութիւններուն համեմատ ըրած չարութիւններնուն պատճառաւ իրենց անձերէն պիտի զզուին: 10Ու պիտի գիտնան թէ ես Տէրս պարապ տեղ չխօսեցայ՝ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ: 11Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Ձեռքերդ իրարու զարկ ու ոտքդ գետինը զարկ, ու ըսէ, Ափսո՛ս Իսրայէլի տանը բոլոր չար պղծութիւններուն, վասն զի սրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան: 12Հեռուն եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի. ու մօտ եղողը սրով պիտի իյնայ, և մնացածը ու պաշարման մէջ եղողը* սովով պիտի մեռնի. այսպէս իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի կատարեմ: 13Ու երբ անոնց սպաննուածները իրենց կուռքերուն մէջտեղ, իրենց սեղաններուն բոլորտիքը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, ամէն լեռներու գլուխ ու ամէն կանանչ ծառի տակ, և ամէն տերևախիտ բևեկնիի տակ փռուած ըլլան, ուր անոնք իրենց բոլոր կուռքերուն անոյշ հոտ կը մատուցանէին, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 14Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկնցնեմ. ու երկիրը, այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը, Դերզայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի ու աւերակ պիտի ընեմ. ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:

Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981