Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք

7

Իսրայէլի վախճանը մօտ է

1Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2Ու դուն, որդի մարդոյ, մտիկ ըրէ. Տէր Եհովա Իսրայէլի երկրին այսպէս կ’ըսէ. Վախճան, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է: 3Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ, Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ. Եւ քու ճամբաներուդ համեմատ քեզի պիտի ընեմ, Եւ քու բոլոր պղծութիւններդ քու վրադ պիտի բերեմ: 4Եւ իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ, ու պիտի չողորմիմ. Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ, Եւ քու պղծութիւններդ քու մէջդ պիտի ըլլան, Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը: 5Տէր Եհովա այսպէս կ’ըսէ. Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ: 6Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ. Քու վրադ արթնցաւ, ահա կու գայ: 7Ով երկրին բնակիչը, կարգը քեզի կու գայ, Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ, Եւ ոչ թէ լեռներուն ցնծութիւնը: 8Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ, Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի կատարեմ, Ու քու ճամբաներուդ համեմատ քեզի դատաստան պիտի ընեմ, Եւ քու բոլոր պղծութիւններդ քու վրադ պիտի բերեմ: 9Ու իմ աչքս պիտի չխնայէ, ու պիտի չողորմիմ. Քու ճամբաներուդ համեմատ քեզի հատուցում պիտի ընեմ, Եւ քու պղծութիւններդ քու մէջդ պիտի ըլլան, Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը՝ որ կը զարնեմ: 10Ահա օրը, ահա կու գայ. Կարգը քեզի հասաւ, Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ: 11Բռնաւորութիւնը ելաւ, ամբարշտութեան գաւազան եղաւ. Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ. Ու անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ, Եւ անոնց մէջ վայելչութիւն պիտի չըլլայ: 12Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ. Գնողը չուրախանայ ու ծախողը չողբայ, Քանզի անոր բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւն կու գայ: 13Վասն զի ծախողը ծախուածին պիտի չդառնայ, Թէև ողջ ըլլան. Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ, Ու մարդ մը իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ: 14Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին, Բայց պատերազմի գացող չկայ. Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է:

Իսրայէլի մեղքին համար պատիժ

15Դուրսէն սուր, ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ. Դաշտը եղողը սրով պիտի մեռնի, Ու քաղաքին մէջ եղողը սովը ու ժանտախտը պիտի ուտէ: 16Եւ անոնց ազատուածները որոնք պիտի ազատին, Լեռներուն վրայ ձորերու աղաւնիներուն պէս պիտի ըլլան. Ամէնը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար: 17Ամէն ձեռքերը պիտի թուլնան, Ու ամէն ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին: 18Եւ անոնք քուրձեր պիտի հագնին, Ու զանոնք սոսկումը պիտի ծածկէ. Ու ամէն երեսի վրայ ամոթ, Եւ անոնց ամէն գլխուն վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ: 19Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, Ու անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի. Անոնց արծաթը ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը Կարող պիտի չըլլայ զանոնք ազատել. Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կըշտացնել, Ոչ ալ իրենց փորը լեցնել. Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ: 20Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին, Եւ անով իրենց գարշութիւնները, իրենց պղծութիւններուն պատկերները, շինեցին. Այս պատճառաւ անոնց առջև անարգ բան մը կ’ընեմ զանիկա: 21Եւ զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն, Ու երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն, Ու զանիկա պիտի պղծեն: 22Եւ իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ, Ու իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն. Եւ հոն բռնաւորներ պիտի մտնեն, Ու զանիկա պիտի պղծեն: 23Շղթայ մը շինէ, Վասն զի երկիրը արեան դատաստանով լեցուեցաւ, Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ: 24Եւ ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ, Ու անոնց տուները պիտի ժառանգեն. Եւ բռնաւորներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ, Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին: 25Կործանումը կու գայ. Ու խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի: 26Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ, Եւ գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ. Ու մարգարէէն պիտի ուզեն, Եւ քահանայէն օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի: 27Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ, Ու իշխանը սոսկում պիտի հագնի, Ու երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան. Անոնց ճամբաներուն համեմատ անոնց հատուցում պիտի ընեմ, Եւ անոնց դատաստաններուն համեմատ զանոնք պիտի դատեմ, Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը:

Աստվածաշունչ «Արեւմտահայերեն» Թարգմանություն (1981)