Եզեկիէլ մարգարեյի գիրք
9
Երուսաղէմ կը պատժուի
1Եւ մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ, Քաղաքին վրայ որոշուածները մօտեցուցէք, ու ամէն մէկը իր ապականիչ գործիքը իր ձեռքը ունենայ: 2Եւ ահա դէպ ի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար, ու ամէն մէկուն կոտորիչ գործիքը իր ձեռքն էր. և անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր. և անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան: 3Ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը ելաւ: Եւ այն կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կանչեց. 4Եւ Տէրը անոր ըսաւ, Քաղաքին մէջէն, Երուսաղէմի մէջէն, անցիր, ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր: 5Եւ քանի որ ես կը լսէի, միւսներուն ըսաւ, Անոր ետևէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ չխնայէ ու մի ողորմիք. 6Ծերը, երիտասարդը ու կոյսը, պզտիկ տղաքը ու կիները սպաննեցէք ու կորսնցուցէք, բայց վրան նշան ունեցող մարդու մը ամենևին մի մօտենաք. ու իմ սրբարանէս սկսեցէք: Ուստի տանը առջև եղող ծեր մարդոցմէն սկսան: 7Եւ անոնց ըսաւ, Տունը պղծեցէք, ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէք ու ելէք: Եւ անոնք ելան ու քաղաքին մէջ զարկին: 8Ու երբ զանոնք զարկին, ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ և աղաղակելով ըսի, Ոհ, Տէր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես: 9Ու ինծի ըսաւ, Իսրայէլի և Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է, ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ և քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին, Տէրը երկիրը թողուց, ու Տէրը չտեսներ: 10Եւ հիմա իմ աչքս ալ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց ճամբաները իրենց գլուխը պիտի բերեմ: 11Եւ ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ՝ ու ըսաւ, Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի:
Արեւմտահայերեն, 1981 · HYWAB1981