Եզրասի գիրք
10
Խառն ամուսնութիւնը վերջացնելու ծրագիր
1Ու երբ Եզրաս լալով, ու Աստուծոյ տանը առջև գետինը ինկած այս աղօթքը ու խոստովանութիւնը կ՚ընէր, Իսրայէլէ խիստ շատ բազմութիւն, այր և կին մարդիկ ու տղաքներ, անոր քով ժողվուեցան. և ժողովուրդը խիստ շատ լացաւ: 2Ու Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին Սեքենիա Եզրասի պատասխան տուաւ ու ըսաւ, Մենք մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք, ու երկրին ժողովուրդներէն օտար կիներ առինք. բայց հիմա այս բանին մէջ ալ Իսրայէլի համար յոյս կայ: 3Եւ հիմա մեր Աստուծոյն առջև ուխտ ընենք, որ բոլոր կիները ու անոնցմէ ծնածները իմ տէրոջս ու մեր Աստուծոյն հրամանէն վախցողներուն խրատովը հանենք, և այս գործը օրէնքին համեմատ թող ըլլայ: 4Ելիր, վասն զի այս գործը քեզի կ՚իյնայ. մենք ալ քեզի հետ կ’ըլլանք. զօրացիր ու ըրէ: 5Ու Եզրաս ելաւ, և քահանայից իշխաններուն, Ղեւտացիներուն ու բոլոր Իսրայէլի երդում ընել տուաւ որ այս խօսքին պէս ընեն. և անոնք երդում ըրին: 6Ու Եզրաս Աստուծոյ տանը առջևէն ելաւ, ու Եղիասիբի որդւոյն Յօհանանի սենեակը գնաց. և հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, վասն զի գերութենէ ելածներուն յանցանքին համար սուգ կը բռնէր: 7Եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ բոլոր գերութենէ ելածները Երուսաղէմ ժողվուին. 8Ու մինչև երեք օր ով որ չգար՝ իշխաններուն ու ծերերուն հրամանին համեմատ, անոր բոլոր ստացուածքը նզովուած պիտի ըլլար, ու ինք գերութենէ դարձողներուն ժողովքէն պիտի զատուէր: 9Եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այն երեք օրուան մէջ, այսինքն իններորդ ամսուն քսաներորդ օրը, Երուսաղէմի մէջ ժողվուեցան. և բոլոր ժողովուրդը այս գործին համար, ու սաստիկ անձրևներուն համար, դողալով նստան Աստուծոյ տանը հրապարակին մէջ: 10Ու Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ, Դուք մեղք գործեցիք, և օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք: 11Ու հիմա ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն առջև ձեր մեղքը խոստովանեցէք, և անոր հաճոյ եղածը ըրէք, ու երկրիս ժողովուրդներէն ու օտար կիներէն զատուեցէք: 12Այն ատեն բոլոր ժողովքը պատասխան տուին ու բարձր ձայնով ըսին, Մեր պարտքն է որ այնպէս քու ըսածիդ պէս ընենք. 13Բայց ժողովուրդը շատուոր ու ժամանակը անձրևոտ է, ու դուրս տեղ չենք կրնար կայնիլ. և ասիկա մէկ օրուան կամ երկու օրուան գործ չէ, քանզի շատերնիս այս բանին մէջ յանցաւոր ենք: 14Հիմա մեր իշխանները բոլոր ժողովքին համար կայնին, ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտար կին առնողները որոշուած ժամանակներու մէջ գան. և ամէն մէկ քաղաքին ծերերը ու դատաւորները անոնց հետ ըլլան, մինչև որ այս բանին համար մեր Աստուծոյն սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ դառնայ: 15Ուստի Ասայէլի որդին Յովնաթան, ու Թեկուայի որդին Յազիա այս գործին վրայ կայնեցան, ու Մեսուղամ ու Ղեւտացի Սաբեթա անոնց օգնութիւն ըրին: 16Եւ գերութենէ ելածները այնպէս ըրին. ու Եզրաս քահանան, ու քանի մը տոհմապետներ իրենց տոհմերուն համեմատ (ամէնն ալ իրենց անուններով) ընտրուեցան. ու տասներորդ ամսուն առաջին օրը այս գործը քննելու նստան. 17Եւ բոլոր օտար կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուն առաջին օրը լմնցուցին:
Օտար կին առնողները
18Ու քահանաներուն որդիներէն օտար կին առնողներ ասոնք գտնուեցան. Յովսեդեկեան Յեսուի որդիներէն ու եղբայրներէն Մաասիա, Եղիազար, Յարիբ ու Գոդողիա. 19Եւ իրենց կիները արձակելու խօսք տուին. ու յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէյ մէկ խոյ տուին: 20Ու Եմմերի որդիներէն Անանի ու Զաբադիա. 21Ու Հարիմի որդիներէն Մաասիա, Եղիա, Սեմայիա, Յեքիէլ ու Ոզիա. 22Եւ Փասուրի որդիներէն Եղիովէնայի, Մաասիա, Իսմայէլ, Նաթանայէլ, Յովզաբադ ու Եղեասա. 23Ու Ղեւտացիներէն Յովզաբադ, Սեմէի, Կովղիա, այսինքն Կովղիտա, Փեթայիա, Յուդա ու Եղիազար. 24Ու երգեցողներէն Եղիասիբ. ու դռնապաններէն Սեղղում, Տէլէմ և Ուրի. 25Ու Իսրայէլէ, Փարոսի որդիներէն, Ռամիա, Յեզիա, Մեղքիա, Միամին, Եղիազար, Մեղքիա ու Բանեա. 26Ու Եղամի որդիներէն Մաթանիա, Զաքարիա, Յեքիէլ, Աբդի, Յերիմովթ ու Եղիա. 27Եւ Զաթուի որդիներէն Եղիովէնայի, Եղիասիբ, Մաթանիա, Յերիմովթ, Զաբադ ու Ազիզա. 28Եւ Բեբայիի որդիներէն Յօհանան, Անանիա, Զաբբայ ու Աթաղի. 29Եւ Բանիի որդիներէն Մեսուղամ, Սալուք, Ադայիա, Յասուբ, Սաաղ ու Ռամովթ. 30Եւ Փաաթ-մովաբի որդիներէն Եդնա, Քաղէլ, Բանեա, Մաասիա, Մաթանիա, Բեսելիէլ, Բանուի ու Մանասէ. 31Ու Նարիմի որդիներէն Եղիազար, Յեսիա, Մեղքիա, 32Սեմայիա, Շմաւոն, Բենիամին, Մալուք ու Սամարիա. 33Հասումի որդիներէն Մաթանայ, Մատաթա, Զաբադ, Եղիփաղէտ, Յերեմի, Մանասէ ու Սեմէի. 34Բանիի որդիներէն Մաադայ, Ամրամ, 35Ուէլ, Բանեա, Բադայիա, Քեղուհայ, 36Ուանիա, Մերամօթ, Եղիասիբ, 37Մաթանիա, Մաթանայ, Յաասու, 38Բանի, Բանուի, Սեմէի, 39Սեղեմիա, Նաթան, Ադայիա, 40Մաքնադբայ, Սասայ, Սարայ, 41Ազարիէլ, Սեղեմիա, Սամարիա, 42Սեղղում, Ամարիա ու Յովսէփ. 43Նաբաւի որդիներէն Յէիէլ, Մատաթիա, Զաբադ, Զեբինա, Յադայի, Յովէլ ու Բանեա: 44Ասոնք ամէնը օտար կիներ առեր էին. ու անոնցմէ ոմանք զաւակ ծնած կիներ ունէին: